Հինգշաբթի, 27 մայիս 2016-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու տարեկան նիստը, գլխաւորութեամբ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի: Ժողովին նաեւ ներկայ էր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան: Երկու վեհափառ հայրապետները, որոնք անդամ են այս յանձնաժողովին ուղարկած էին իրենց ներկայացուցիչները:
Յանուն Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, ժողովի աշխատանքներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ փոխանցեց վեհափառ հայրապետին ողջոյնները, ինչպէս նաեւ աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը հայրենաշինութեան բոլոր ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն: Ժողովականներ լսեցին ներկայացուած զեկոյցները, կատարեցին քննարկումներ եւ իրազեկ դարձան յառաջիկայի ծրագիրներուն: