Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Բակօ Սահակեան Բարերարներուն Հետ
Քննարկած Է Արցախի Մէջ Գործադրուող
Բարեսիրական Ծրագիրները
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունած է Միացեալ Նահանգներէն եւ Հայաստանէն Արցախ գտնուող խումբ մը բարերարներ: Անոնք քննարկած են Արցախի մէջ շարք մը բարեսիրական ծրագիրներու իրականացման վերաբերող հարցեր: Յատուկ ուշադրութեամբ անդրադարձած են ստեղծուած ընկերային հարցերուն:
Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է բարերարներուն` Արցախի զարգացման մասնակցելու համար` զայն նկատելով կարեւոր եւ պահանջուած:
Հանդիպման մասնակցած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Սամուէլ Աւանէսեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
Հայկական Արտադրութեամբ «Արմֆոն»-ը
Միջազգային Շուկայ Կը Ներկայանայ
Հայկական արտադրութեամբ «Արմֆոն» հեռախօսերը արդէն հասանելի են հայաստանցի գնորդին: Հայկական արտադրութեամբ առաջին սմարթֆոները, ըստ զայն ստեղծող ընկերութեան հիմնադիրին, որակեալ են եւ ոչինչով կը զիջին շուկային մէջ առկայ տարբերակներուն:
«Ես հասկցած եմ մէկ բան. շուկայի մէջ ամէն ապրանքի համար կայ իր գնորդը: Այսօր ցած չինական կամ բարձր ամերիկեան արժէքի, քորէական կամ ճափոնական ապրանքի դէմ պայքարիլը անիմաստ է: Կարեւորը` մեր ապրանքը որակեալ է, մենք պատասխանատու ենք անոր որակին եւ մեր գնորդին կողքին ենք»: Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է «Թեքնոլոճի էնտ սայընս տայնամիքս» ընկերութեան հիմնադիր նախագահ Վահան Շաքարեանը:
Ան նշած է, որ հեռախօսերը հայ երիտասարդ մասնագէտներու, գիտնականներու երկու տարուան աշխատանքի արդիւնքն են: Վահան Շաքարեան յոյս յայտնած է, որ «Արմֆոն»-ը եւ «Արմթաբ»-ը պիտի նպաստեն Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման` նոր անուն աւելցնելով «Պատրաստուած է Հայաստանի մէջ» խորագրին տակ:
Վահան Շաքարեան տեղեկացուցած է, որ հայկական բջիջայինները մօտ ապագային պիտի յայտնուին Ռուսիոյ, Ղազախստանի, Խըրխըզիստանի, Պիելառուսիոյ, այլ խօսքով` Եւրասիական տնտեսական միութեան շուկայ` հասանելիութիւն ունենալով աւելի քան 160 միլիոննոց շուկային: Այնուհետեւ ընկերութիւնը պիտի ձգտի նաեւ ամերիկեան եւ եւրոպական շուկաներ մուտքի:
Հեռախօսերը ունին 5 տարբերակ եւ ըստ իրենց ճարտարագիտական բնութագրիչներուն` մրցունակ են. անոնք ունին աժան գին` համեմատաբար շուկայի մէջ առկայ հանրայայտ մակնիշներուն, բարձր են չինական ո՛չ շատ ծանօթ ապրանքանիշերէն:
«Արմֆոն»-ը կը տատանի 50-151 հազար դրամի սահմաններուն մէջ: Հեռախօսերուն զանգերը ներկայացուած են Կոմիտասի, Սայաթ Նովայի, Նիկողայոս Տիգրանեանի, Ստեփան Էլմասի շարք մը ստեղծագործութիւններով:
«Ժամանակն է, որ մենք փոխենք մեր մտածելակերպը: Մենք ունինք այն տպաւորութիւնը, թէ Աստուած ստեղծած է աշխարհը, իսկ չինացիները կը ստեղծեն ամէն ինչ: Իրականութեան մէջ, Աստուած ստեղծած է աշխարհը, մենք ալ կը ստեղծենք մերը», ընդգծած է Վահան Շաքարեանը:
Հայաստանի տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Էմիլ Տարասեանը իր կարգին նշած է, որ պիւտճէի դասի սմարթֆօներու ցանկին մէջ «Արմֆոն»-ը մրցունակ է: «Շուկան ինքնակարգաւորիչ դեր ունի եւ կը ստիպէ, որ այս ապրանքատեսակին որակական յատկանիշերը զարգացում ունենան», ըսած է փոխնախարարը:
Ան հպարտութեամբ ընդգծած է, որ «Թեքնոլոճի էնտ սայընս տայնամիքս» ընկերութիւնը քանի մը տարի է` յաջողութեամբ գործունէութիւն կը ծաւալէ ազատ տնտեսական գօտիի մէջ եւ բարձր ճարտարագիտութիւններու մշակումով արդէն հանդէս կու գայ իր սեփական ապրանքանիշով:
Շնորհահանդէսի ժամանակ ցուցադրուած է նաեւ հայկական արտադրութեամբ ռոպոթը, որ կ՛աշխատի «Արմֆոն»-ով: Անիկա ներկաները զարմացուցած է իր «հեզաճկուն» պարով:
Յարութիւն Պօղոսեան Պարգեւատրուեցաւ
Սփիւռքի Նախարարութեան Պատուոյ Գիրով
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան յունիս 9-ին ընդունեց Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքին մէջ տեղադրուած «Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշահամալիր» կառոյցի պատասխանատու Յարութիւն Պօղոսեանը: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մամուլի գրասենեակը:
Ողջունելով հիւրը` նախարար Հրանուշ Յակոբեան արժեւորեց Հոլանտայի, յատկապէս Ալմելօ քաղաքի հայկական համայնքի կազմակերպուածութիւնը, համախմբուածութիւնը: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Ուրախ եմ, որ ձեր համայնքը միասնական է, եւ շատ ազգանպաստ գործեր կը կատարէք: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Ալմելօ քաղաքին մէջ տեղադրուած է «Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշահամալիր», նաեւ 2015 թուականի, ապրիլին, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ ցուցադրուած է «Վանայ ծովուն արշալոյսը» գեղարուեստական ժապաւէնը: Ինչպէս նաեւ աշխուժութեամբ մասնակցած էք սփիւռքի նախարարութեան` հայապահպանութեան ուղղուած ծրագիրներուն: Կը շեշտեմ, որ անհրաժեշտ է ձեր բնակութեան երկրի լաւ քաղաքացիներ ըլլալը, բայց եւ այնպէս պահպանէք ձեր ազգային ինքնութիւնը, աւանդութիւնները եւ մանաւանդ հայերէնը չմոռնաք»:
Նկատի առնելով Յարութիւն Պօղոսեանի ներդրումը Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման գործին մէջ` նախարար Հրանուշ Յակոբեան զայն պարգեւատրած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան պատուոյ գիրով:
Աւարտին, Յարութիւն Պօղոսեան շնորհակալութիւն յայտնած է պարգեւին համար եւ` հաղորդած, որ բարձր գնահատականը ոգեւորող է եւ յատկապէս պարտաւորեցնող:
Ձեռներէց Աշակերտներու Ջանքերով
Վերանորոգուած Է Փամբակ-Դարանակի
Միջնակարգ Դպրոցի Դահլիճը
Գեղարքունիքի մարզի Փամբակ-Դարանակ գիւղի միջնակարգ դպրոցին մէջ կայացած է աշակերտներու իրագործութեամբ համայնքային ծրագրի շրջանակներուն մէջ վերանորոգուած դահլիճի բացման արարողութիւնը: Աշակերտական հասարակական կազմակերպութիւնը ստեղծուած է «Հայաստանի պատանեկան նուաճումներ» կազմակերպութեան «Ձեռնարկատիրական եւ քաղաքացիական կրթութիւն» ծրագիրի ծիրին մէջ` իբրեւ առաջնահերթ լուծում պահանջող համայնքային հիմնական հարց ընտրելով դպրոցի ձեռնարկներու դահլիճին վերանորոգումը: Հիմնական հարցին լուծման նպատակով «Հայաստանի պատանեկան նուաճումները» տակաւին մարտ ամսուն Փամբակ-Դարանակի պատանի հասարակական գործիչներուն տրամադրած էր 150 հազար դրամի չափով դրամաշնորհ: Դրամաշնորհային մրցանակը աշակերտներուն յանձնուած էր «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանի կողմէ: Նոյն այդ գումարով ալ Աշակերտական հասարակական կազմակերպութեան անդամները ձեռնարկեցին վերանորոգման աշխատանքներու` ներկեցին դահլիճին պատերը, գնեցին վարագոյրեր եւ նորոգեցին յատակը:
Մարտ 15-ին Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի մէջ կայացած «Ձեռնարկատիրական եւ քաղաքացիական կրթութիւն» ծրագրի` Աշակերտական հասարակական կազմակերպութեան դրամաշնորհներու տրամադրման ձեռնարկի ընթացքին, կազմակերպիչներու հրաւէրով ձեռնարկին ներկայ գտնուող «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան յայտարարեց, որ ծրագրի իրականացման նպատակով «Հայաստանի պատանեկան նուաճումներ» կազմակերպութեան դրամաշնորհ ստացած Աշակերտական հասարակական կազմակերպութենէն 12 անդամներէն իւրաքանչիւրին պիտի տրամադրուի 100 հազար դրամ:
Վերանորոգուած դահլիճի բացման հանդիսութեան ընթացքին «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը նշած է, թէ` «Ձեռնարկատիրութիւնը կը պահանջէ գիտելիքներ եւ փորձառութիւն: Անոնք ձեռք կը բերուին յամառ աշխատանքի ճամբով` քայլ առ քայլ: Երիտասարդ տարիքի մէջ, թէկուզ եւ փոքր դրամագլուխով, առեւտուր ծաւալելը մեծ հիմեր կ՛ունենայ հետագային, աւելի մեծ ծաւալի գործարարութեամբ զբաղելու համար: Առաւել գնահատելի է այն, որ աշակերտները, գումարը վաստկելով, իրենց առջեւ դրած եւ իրագործած են չափազանց կարեւոր նպատակ` դպրոցի դահլիճին վերանորոգումը», ըսած է Ռալֆ Երիկեան:
«Ձեռնարկատիրական եւ քաղաքացիական կրթութիւն» ծրագիրի առաջին հատուածին մէջ աշակերտները կարելիութիւն ունեցան ծանօթանալու ձեռներէցութեան հիմունքներուն, գործարար ընկերութիւն հիմնելու եւ զբաղելու ձեռներէցութեամբ: Այդ ընթացքին անոնք կատարած են շուկայի հետազօտութիւն ու պահանջարկի ուսումնասիրման եւ ատոնց շնորհիւ որոշած են արտադրել մեծ պահանջարկ վայելող «Գաւառի թերթանուշ» անուշեղէնը: Իբրեւ շուկայադրման գործիք` պատանի ձեռներէցները սպառողներուն անվճար տրամադրած են յայտնի թերթանուշին բաղադրատոմսը, իսկ տանտիրուհիներուն առաջարկած են գնել թերթանուշ պատրաստելու «լրացնող արտադրանքը»` խոհանոցային սրբիչ եւ գոգնոց:
Գործարարութեան հիմունքները ուսումնասիրելով` աշակերտները ո՛չ միայն կարելիութիւն կ՛ունենան ձեռք ձգելու տնտեսագիտական եւ ֆինանսական կայուն գիտելիքներ, այլեւ միաժամանակ կը ծանօթանան ընկերային պատասխանատուութեան հայեցակարգին եւ կը մշակեն իրենց աշակերտական գործարար ընկերութեան ռազմավարութիւնը: Այդ կապակցութեամբ ալ պատանի ձեռներէցները իրենց գործարար շահոյթէն 10 հազար դրամ յատկացուցած են իրենց նախաձեռնած` ընկերային պատասխանատուութեան ծրագրի իրականացման եւ այդ գումարը աւելցուցած են այն միջոցներուն համար, որոնք պէտք էր դահլիճի վերանորոգման:
Ծրագրի երկրորդ մասին մէջ աշակերտները իրենց գործարար ընկերութիւնը վերափոխած են հասարակական կազմակերպութեան եւ ձեռնամուխ եղած են համայնքային վերոյիշեալ հարցին լուծման: Բազմաթիւ համայնքային հարցերէն պատանի հասարակական գործիչները ընտրած են լուծել յատկապէս դահլիճի հարցը: Աշակերտական հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Արմինէ Դաշեան այդ առնչութեամբ ըսած է. «Դահլիճը կը գտնուէր այնպիսի անմխիթար վիճակի մէջ, որ միջոցառումներ կազմակերպելը դարձած էր գրեթէ անկարելի: Այդ պատճառով բաւականին երկար ժամանակ դպրոցին մէջ ո՛չ մէկ ձեռնարկ չէր կազմակերպուեր: Աշակերտները անհամբերութեամբ կը սպասէին բացման արարողութեան եւ արդէն մշակած են ձեռնարկներու իրականացման խճողուած ժամանակացոյց: Մեր ունեցած միջոցները ուղղած ենք գեղագիտական նորոգման աշխատանքներու իրականացման համար»:
«Հայաստանի պատանեկան նուաճումներ» կազմակերպութեան կողմէ ներկայիս հանրապետութեան աւելի քան 150 դպրոցի մէջ իրականացուող «Ձեռնարկատիրական եւ քաղաքացիական կրթութիւն» ծրագրի առաքելութիւնն է` Հայաստանի խոցելի համայնքներու երիտասարդներու շրջանին մէջ հաւատ սերմանել սեփական ուժերու եւ վաղուան հանդէպ: «Ձեռնարկատիրական եւ քաղաքացիական կրթութեան» նպատակը ո՛չ միայն այդ համայնքներու երիտասարդներուն տնտեսագիտական հիմնարար գիտելիքներ հաղորդելն է, այլեւ` շուկայական տնտեսութեան սկզբունքներուն ծանօթացնելը, անհրաժեշտ ձեռնարկատիրական եւ ֆինանսական հմտութիւններով եւ կարողութիւններով զինելը: Ծրագիրը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ նաեւ մասնակիցներու շրջանակին մէջ նորարարական եւ ստեղծագործական մտածելակերպի զարգացումը, ինչպէս նաեւ` ընկերային պատասխանատուութեան հիմունքներու դասաւանդմանը: Ծրագրին շնորհիւ` մասնակիցները լաւագոյնս կը հասկնան, թէ ի՛նչ է քաղաքացիական հասարակութիւնը եւ ինչպէ՛ս կարելի է դառնալ այդ հասարակութեան լիարժէք անդամ:
Յայտնենք, որ հասարակական կազմակերպութիւններու գործունէութեան եւ անոնց հիմնադրման գործընթացին ծանօթանալը յաւելեալ խթան է մասնակիցներուն համար` դպրոցական եւ համայնքային հարցերու լուծման գործին մէջ ընդգրկուելու եւ կամաւորական աշխատանքներու հանդէպ դրական վերաբերմունք ձեւաւորելու հարցին մէջ:
Շատ Արագ Հայերէն Սորվինք Հայաստանի Մէջ.
«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոց 2016
Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ Երեւանի պետական համալսարանի համագործակցութեամբ, յուլիս 3-30 Հայաստանի մէջ «Սփիւռք ամառնային դպրոց- 2016» ծրագիրին ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենան մայրենի լեզուի (արեւելահայերէն-արեւմտահայերէն) արագացուած դասընթացքներ:
Ծրագրին նպատակն է հայապահպանութեան խթանումը հայոց լեզուի ուսուցման միջոցով:
Ուսումնական ծրագիրը պիտի ուղեկցուի Հայաստանի պատմական մշակութային եւ տեսարժան վայրեր շրջագայութիւններով, թանգարաններ, արուեստանոցներ, կրթական մշակութային հաստատութիւններ, նորարարական կեդրոններ այցելութիւններով:
Մասնակիցներուն պիտի տրուի հաւաստագիր, եթէ անոնք կատարեն իրենց կողմէն ընտրած գործնական աշխատանքը` ստանալով յանձնախումբի դրական գնահատականը, ինչպէս նաեւ` դասընթացքի ժամանակ չունենալով երեքէ աւելի բացակայութիւն:
Ծրագրին կրնան մասնակցիլ միայն սփիւռքահայերը, որոնք Հայաստանի քաղաքացի չեն (բացառութեամբ երկքաղաքացիութիւն ունեցող Հայաստանի քաղաքացիներուն) կամ վերջին 10 տարուան ընթացքին մնայուն բնակութիւն չեն ունեցած Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Առաջին անգամ մասնակցող սփիւռքահայերը կ’ապահովուին գիշերելու վայրով (3-6 մարդու համար նախատեսուած հիւրանոցային համարներով):
Բնակութեան երկրէն Երեւան եւ հակառակ ուղղութեամբ երթեւեկութեան ծախսերը կը հոգան մասնակիցները:
Ելեկտրոնային արձանագրման համար անհրաժեշտ է մուտք գործել ծրագրի պաշտօնական կայք` www.dss.am «Դպրոց» ենթաբաժին, սորվինք հայերէն բաժինին մէջ գտնուող «գրանցուիլ» մասը:
Ռազմական Արդիւնաբերութեան
Աջակցող Ծրագրին Միացած Են
Մօտաւորապէս 300 Մասնագէտներ
Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ ձեռնարկութիւններու միութեան նախաձեռնած ռազմական արդիւնաբերութեան աջակցող զօրաշարժի ծրագրին միացած են մօտաւորապէս 300 մասնագէտներ, որոնք մասնակցած են «Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութեան» նախաձեռնած Տեղեկատուական եւ հաղորդակցման արհեստագիտութիւններու եւ Բարձր արհեստագիտութիւններու ոլորտի զօրաշարժի ծրագրին աջակցիլ ուզողներու առաջին հանդիպումին: Այս նախաձեռնութեան նպատակն է համախմբել գիտական ներուժը, մարդկային պաշարները եւ միաւորել առկայ ռազմական արդիւնաբերական համակարգը:
Ստեղծուած են աշխատանքային խումբեր, որոնց մէջ ընդգրկուած են կամաւոր ծրագրողներ, ճարտարագէտներ, բնագէտներ, քիմիագէտներ, բժիշկներ եւ այլ մասնագէտներ, որոնց թիւը հասած է 300-ի:
Հանդիպման ընթացքին ներկայացուած են միութեան կողմէ արդէն իսկ կատարուած աշխատանքները, կազմուած են նախաձեռնութիւններու ծրագիրներ` կամաւորներուն կողմէ իրականացուող աշխատանքներու հետագայ կարգաւորման նպատակով:
«Տեղեկատուական արհեստագիտութեան ձեռնարկութիւններու միութենէն» կը տեղեկացնեն, որ զօրաշարժի ծրագիրը կ՛իրականացուի պաշտպանութեան նախարարին հրամանով, համաձայն որուն, համապատասխան աշխատանքներ կը տարուին զինատեսակներու արդիականացման ուղղութեամբ:
Ստեղծուած է դրամատնային հաշիւ, որուն փոխանցուած գումարը պիտի յատկացուի հայոց բանակի մարտունակութեան վերաբերող կարեւորագոյն հարցերու լուծման:
Մանկական Մահացութեան
Ցուցանիշները Հայաստանի Մէջ
Հայաստանի մէջ մանկական մահացութեան ցուցանիշը 2015-ին կազմած է 8,8` 1000 կենդանի ծնունդներու հաշուոյն: Մանկական մահացութեան ցուցանիշը կը բնութագրուի մինչեւ 1 տարեկան փոքրիկներու մահացութեամբ: 2014-ին Հայաստանի մէջ արձանագրուած է մանկական մահացութեան 376 դէպք, գերակշիռ մասը` 46 տոկոսի շուրջ ծնական շրջանին յառաջացած առանձին վիճակներէ, 87-ը` բնածին անկանոնութիւններէ եւ ձեւախախտումային խանգարումներէ, 38-ը` շնչառական օրկաններու հիւանդութիւններէ, 36-ը` վարակային եւ մակաբուծային հիւանդութիւններէ:
Ամէնէն Բարձր Վարձատրուող
Մասնագէտները
Հայաստանի պետական վիճակագիրը հաշուած է քաղաքացիներուն ունեցած գումարները` բացայայտելով, որ ամէնէն բարձր ամսականները ունեցող մասնագէտները ելեւմուտքի, դրամատուներու եւ ապահովագրութեան ոլորտի աշխատողներն են:
Ըստ պաշտօնական վիճակագրական վերջին տուեալներուն, Հայաստանի ելեւմտական ոլորտին մէջ միջին ամսական աշխատավարձը կը հանդիսանայ 431 հազար դրամ:
Բարձր աշխատավարձ ստացողներու երկրորդ պատուաւոր հորիզոնականին վրայ են տեղեկատուութեան եւ կապի ոլորտի մասնագէտները` 369 հազար դրամ աշխատավարձով:
343 հազարով ալ երրորդ դիրքի վրայ են հանքագործական արդիւնաբերութեան եւ բացհանքերու շահագործման ոլորտի աշխատակիցները:
«Հայաստան-Արցախ» Հիմնադրամը
5 Միլիոն Տոլարի Մարդասիրական
Օգնութիւն Հաւաքած Է
«Հայաստան-Արցախ» հիմնադրամը ապրիլ-մայիսին 5 միլիոն տոլարի մարդասիրական օգնութիւն հաւաքած է:
Հայաստանին եւ Արցախին օժանդակելու նպատակով հիմնադրամը հաւաքած է 4 միլիոն տոլար արժողութեամբ դեղորայք եւ այլ մարդասիրական ապրանքներ, իսկ 1 միլիոն տոլարի չափով` արժէքաւոր իրեր: Այս մասին կը տեղեկացնեն «Հայաստան-Արցախ» հիմնադրամէն:
Հիմնադրամի նախագահ Յարութ Սասունեան տեղեկացուցած է, որ ապրիլին եւ մայիսին «Հայաստան-Արցախ» հիմնադրամին տեղ հասցուցած օժանդակութիւնը կը ներառէ անհրաժեշտ դեղորայք` քաղցկեղի, սրտի, աղիքային եւ մտային հիւանդութիւններու բուժման համար, ինչպէս նաեւ դեղեր եւ բժշկական պարագաներ` պատերազմի պատճառով ստացուած վէրքերու բուժման համար:
2015 թուականէն «Հայաստան-Արցախ» հիմնադրամը 14,1 միլիոն տոլարի մարդասիրական օժանդակութիւն հաւաքած է Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութեան համար: «Հիմնադրամին կանոնաւոր կերպով կ՛առաջարկուին միլիոնաւոր տոլար արժողութեամբ կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պարագաներ` Հայաստանին եւ Արցախին օժանդակելու համար: Կը քաջալերենք հայ անհատներն ու կազմակերպութիւնները իրրենց առատաձեռնութեան համար, որպէսզի կարենանք շարունակել մեր առաքելութիւնը` անյետաձգելի նպաստ տրամադրելով Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր բժշկական կեդրոններուն», ըսած է Յարութ Սասունեան: