Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Գետաշէնի Եւ Մարտունաշէնի Անկումը

$
0
0

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայկական Գիւղերէ Բռնի
Տեղահանութիւն

Գետաշէն

Գետաշէն

Արցախի հայկական բնակավայրերուն վրայ ազերիներու յարձակումները սաստկացած էին: 1991-ի յունուարին Բերդաձորի հայկական չորս գիւղերը բախումներու թատերաբեմ հանդիսացան: Իր կարգին խորհրդային բանակը խուզարկութիւններ կատարեց շրջանին մէջ. ձերբակալուեցան քանի մը հայեր. որոշ թիւով անհատներ ալ կարճ ժամանակամիջոցի մը համար արգելափակուեցան:

Խուզարկութիւններ եւ ձերբակալութիւններ տեղի կ՛ունենային նաեւ Արցախի այլ շրջաններու մէջ:

***

«Ազդակ», 24 ապրիլ 1991-ի թիւով եւ «Պատմութեան մարտահրաւէրին դէմ միացեալ բռունցք» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ Արցախէն մինչեւ Հայաստան եւ Արտերկրի մօտակայ ու հեռաւոր գաղութներուն մէջ, հայ քաղաքական ու հաւաքական կեանքերը ենթակայ են նորագոյն աշխարհի ու անոնց վարիչներու ստեղծած մեծ ու փոքր փոթորիկներուն ազդեցութեան ճնշումներուն.  այդ փոթորիկները սկսած են ստեղծել մեր դատին համար աննպաստ հովեր, որոնք խորքին մէջ ծայր տուին աւելի՛ խաղաղ, կայուն եւ արդար աշխարհի մը ստեղծման մեծապետական նշանախօսքերով, սակայն կենսագործման փորձերը եկան անգամ մը եւս ցոյց տալու, թէ խաղին ձեւը փոխուած է միայն, մինչդեռ օրէնքները կը մնան նոյնը:

Բռնագաղթուած գետաշէնցիներ Ծաղկաձորի մէջ

Բռնագաղթուած գետաշէնցիներ Ծաղկաձորի մէջ

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ 1915-ի ահեղ փոթորիկէն կարճ ատեն ետք, իրեն համար բացարձակապէս աննպաստ պայմաններուն մէջ, հայ ժողովուրդը իր գոյատեւումն ու նուազագոյն իրաւունքները ապահովեց ա՛յդ օրը իր ընտրած համեստ բայց միակ զէնքով` Սարդարապատի հերոսական աքթով:

«Ազդակ» կը նշէր ըսելով, որ այնուհետեւ այդ զէնքը մնաց ու այսօր ալ կը մնայ մէկ անխուսափելի խարիսխը` մեր պայքարին դիտանկիւնէն, սակայն անիկա միակը չէ: Աշխարհի ճակատագիրը վարող ուժերը ստեղծած են յաւիտենական խաղին իրաւական, ռազմական, քաղաքական, տնտեսական ու դիւանագիտական օրէնքները, որոնց իրազեկ պէտք է ըլլայ իր արդար իրաւունքները հետապնդող իւրաքանչիւր ժողովուրդը: Այդ օրէնքները կրնան պարտադրել որոշ խաղեր, սակայն երբեք չեն կրնար պարտադրել հիմնական պահանջներէ զիջում:

«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով, որ ամբողջական ու անքակտելի Հայ դատի հետապնդումը արդիւնաւոր կ՛ըլլայ միայն ու միայն ամբողջական ու միացեալ հայութեան ճիգերուն բոլորանուէր լարումով, ծրագրուած ու համակարգուած աշխատանքներով, մեր ընտրելիք զանազան զէնքերուն դերերուն արդիւնաբեր բաշխումով: Կրնան ստեղծուիլ աննպաստ պայմաններ ու նորանոր փոթորիկներու ահեղ ազդեցութիւնները, բայց ե՞րբ էր որ «փոքր ածուները» յաջողած են գոյութեան իրաւունք խլել ձեռնածալութեամբ, աղաչանքով կամ սարդարապատեան սկզբունքներէ զիջումով:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով որ ժողովուրդներն ու խաղին օրէնքները կը մնան նոյնը: Հայ դատի վախճանական նպատակներուն կենսագործման` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի վերակերտումին համար, անսակարկ ու անշահախնդիր պայքար ու զոհողութիւն է պէտք: Այդ հրամայականները անծանօթ չեն հայ ժողովուրդին. ան այսօ՛ր ալ բռունցքներու միացումով կ՛ընդառաջէ պատմութեան մարտահրաւէրին:

***

Ազրպէյճանի Գերագոյն խորհուրդը Շահումեանը իբրեւ առանձին շրջան լուծարքի ենթարկած եւ Քազիմ-Իզմայիլովի շրջանին միացուցած էր: Այնուհետեւ Շահումեանի եւ շրջակայքի հայկական գիւղերը շրջափակման օղակի մէջ առնուեցան:

Խորհրդային բանակայիններ

Խորհրդային բանակայիններ

Գետաշէն 1991-ի ապրիլի սկիզբը ամբողջական պաշարման մէջ առնուեցաւ եւ խորհրդային բանակն ու ազերի ՕՄՈՆականները մեծ ուժեր կեդրոնացուցին գիւղին շուրջ: Բանակային ուժեր կեդրոնացան նաեւ Սարիսու – Մարտունաշէն ճամբուն վրայ:

Երկուշաբթի, 22 ապրիլի գիշերը Գետաշէնի ենթաշրջանին ելեկտրական հոսանքը խզուեցաւ: Խորհրդային զօրքեր իրենց զրահամեքենաներուն զօրաւոր լոյսերը դարձուցին գիւղին ուղղութեամբ եւ սաստկօրէն ռմբակոծեցին զայն:

Խորհրդային բանակն ու ներքին գործոց նախարարութեան ուժերը, բացայայտ գործակցութեամբ Պաքուի պաշտօնական ուժերուն, եւ իրենց կողքին ունենալով ազերի խուժանը, «պատժական» լայնածաւալ գործողութիւններու ձեռնարկեցին Գետաշէնի դէմ:

Խորհրդային բանակին եւ ազերի ՕՄՈՆականներու համակարգուած ճնշումներուն տակ, ապրիլ 30-ին Մարտունաշէն ինկաւ: Մինչ Գետաշէն սաստկօրէն կը ռմբակոծուէր, իսկ գիւղացիք ուժեղ դիմադրութիւն կը ցուցաբերէին:

Ուշ գիշերին բանակն ու ՕՄՈՆականներ մուտք գործեցին Գետաշէն. անոնց ընկերացաւ ազերի խուժանը: Կռիւը կը շարունակուէր տուն առ տուն: Այդ օր ինկան 36 զոհեր, աւելի քան հարիւր վիրաւորներ, իսկ բազմատասնեակ հայեր գերի բռնուեցան: Երեխաներ, կիներ եւ ծերունիներ պատանդ վերցուեցան եւ խոշտանգուեցան: Գետաշէնի պաշտպանութեան ընթացքին նահատակուեցան Թաթուլ Կրպէեան, Սիմոն Աչըգկէօզեան, Արթիւր Կարապետեան, Վալերի Նազարեան եւ Զարզանդ Դանիէլեան:

Յաջորդող օրերուն ազերիներ սկսան գործադրութեան դնել Գետաշէնի եւ Մարտունաշէնի բնակչութեան բռնագաղթը: Անոնց պարտադրուեցաւ իրենց պապենական տունն ու գիւղը «կամովին» լքելու բովանդակութեամբ թղթիկներ ստորագրել: Ապա անոնք քանի մը  օթոպիւսներով փոխադրուեցան սահման եւ հոնկէ ուղղուեցան Իջեւան եւ Տաւուշ: Ժողովուրդին մէկ մասն ալ Ստեփանակերտի վրայով, օդանաւով Երեւան փոխադրուեցաւ:

***

«Ազդակ», 6 մայիս 1991-ի թիւով եւ «Հին դաւն ու ոճը` նոր դերակատարներով» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր ըսելով, որ ինչպէ՞ս կարելի է չընդվզիլ եւ բողոքի ձայն չբարձրացնել, երբ Պաքու-Մոսկուա դաւադիր զինակցութիւնը կը փորձէ զոհը իբրեւ յանցաւոր-ոճրագործ ներկայացնել ամբողջ աշխարհին: Աշխարհը ինչպէ՞ս կրնայ լռութիւն պահել եւ չդատապարտել ոճրային այն ռմբակոծումներն ու յարձակումները, որոնց ենթակայ դարձան Մարտունաշէնն ու Գետաշէնը: Մոսկուան եւ անոր հետ ամբողջ աշխարհը որքա՞ն շիլ կրնան ըլլալ, չտեսնելու համար որ ինչպիսի՛ բռնադատութիւններու զոհ կ՛երթան հայկական շրջանները, որպէսզի անոնց զլանան մինչեւ իսկ… արդար ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը` մարդ անհատին եւ ժողովուրդներու ամէնէն տարրական իրաւունքը:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով որ Խորհրդային Միութեան ներքին եւ պաշտպանութեան նախարարութեանց միացեալ հաղորդագրութիւնը հայ ղեկավարութեան ուսերուն կը բեռցնէ Գետաշէնի եւ շրջակայ գօտիին մէջ տեղի ունեցող ոճրային դէպքերու եւ անոնցմէ բխելիք «ողբերգական որեւէ հետեւանք»-ի պատասխանատուութիւնը:

«Ազդակ» կը նշէր ըսելով, որ Գետաշէնի, Շահումեանի եւ Արցախի հայութեան վրայ ի գործ դրուած ճնշումները տասնամեակներու պատմութիւն ունին. Արցախեան շարժումը հետեւանքն էր այդ ճնշումներուն եւ բռնադատութեանց. անիկա չպայթեցաւ աշխարհակալական նպատակներով. այլ` ճամբայ ելաւ արդարութեան պահանջով:

«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով, որ Գետաշէնի եւ շրջակայ գօտիին վրայ ազերիական յարձակումները եւ շրջանի հայ բնակութեան դէմ ի գործ դրուած բռնադատութիւնները կը հետապնդէին մէկ գլխաւոր նպատակ. այդ շրջանները պարպել հայութենէ, ի՛նչ միջոցով ալ որ ըլլար այդ զարգացումը` ջարդով, առօրեայ կողոպուտով թէ զինեալ ճնշումներով, որպէսզի հայը լքէ պապենական հողն ու տունը եւ հեռանայ «ազրպէյճանական» այդ հողերէն: Իսկ Պաքու եւ Մոսկուա բուռ մը քաջարի ժողովուրդ ու անոր պաշտպանութեան համար կենաց-մահու մէջ մտած հերոսական մարտիկներ կ՛ամբաստանէին, որովհետեւ անոնք գործած էին ինքնապաշտպանութեան «յանցանքը», որովհետեւ մերժած էին ենթարկուիլ բռնադատողի կամայականութեանց եւ վճռած էին տէր կանգնիլ իրենց հողին ու ճակատագիրին:

Հայ ազատամարտիկներ

Հայ ազատամարտիկներ

«Ազդակ» կը հաստատէր ըսելով, որ Գետաշէնի ու Արցախի դէմ նիւթուած դաւերը աննախընթաց երեւոյթ չէին մեր պատմութեան մէջ: 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան օրերուն, թուրք պետութիւնը, Արեւմտեան Հայաստանը պարպելու եւ շրջանի հայութիւնը կոտորելու համար պատրուակ բռնեց հայուն ինքնապաշտպանութեան արդար պայքարը: Թուրք պետութիւնը Հայաստանը քարտէսէն ջնջելու իր ծրագիրը գործադրութեան պիտի դնէր ամէն գնով, մինչեւ իսկ եթէ գոյութիւն չունենար որեւէ պատրուակ: Իսկ այդ ծրագիրը պիտի յաջողէր, եթէ չըլլային Սարդարապատն ու հայ ֆետային, չծառանար գոյատեւելու հայ ժողովուրդին, ամբողջ հայ ժողովուրդին կամքը:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ Գետաշէնն ու Արցախը նոր դերակատարներով գործադրութեան դրուող հին դաւին դէմ ընտրած են սարդարապատեան ճանապարհը: Գետաշէնի կամ Արցախի մէջ որեւէ նահանջ` պարզապէս պիտի հարթէ մեզի նորանոր զիջումներու պարտադրումին առջեւ: Եւ ինչպէս որ հայ ժողովուրդը Սարդարապատը կերտեց միացեալ շարքերով եւ միահամուռ պայքարով, Արցախի դատն ալ պիտի հետապնդուի նոյն ոգիով ու միեւնոյն վճռակամութեամբ:

***

Ազրպէյճանի տարածքին տեղաբաշխուած  խորհրդային զինեալ ուժերու չորրորդ բանակի ստորաբաժանումները 7 մայիս 1991-ին ուղղաթիռներով յարձակումներ գործեցին Նոյեմբերեանի շրջանի սահմանային գիւղերուն վրայ եւ աւերեցին Ոսկեպար գիւղը: Ինկան տասնեակ մը զոհեր:

Երկու օր ետք խորհրդային բանակը գործի լծեց իր ծանր հրետանին եւ Շահումեանի շրջանի Մանաշիթ գիւղը սաստկօրէն ռմբակոծուեցաւ:

Մայիս 10-ին խորհրդային ուղղաթիռներ յարձակման անցան Հայաստանի Բարաւաքար գիւղին վրայ:

***

Խորհրդային եւ ազերի պաշտօնական ուժեր մայիս 16-ին բազմաթիւ առանցքներու վրայ, համակարգուած ժամանակացոյցով մը, սկսան Արցախը զէնքի ուժով նուաճելու եւ հայկական գիւղերը պարպելու դաւադիր ծրագիրի մը գործադրութեան:

Արդարեւ, Ազրպէյճանի անվտանգութեան մարմիններու եւ ներքին գործոց նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, պաշարման տակ առնուեցաւ Բերդաձորի ենթաշրջանը եւ Ասկերանի շրջանի Պատարա եւ Տաշպուլաղ գիւղերը, անցագրային դրութեան ստուգման պատրուակով: Տասնվեց տարիքը բոլորած տղամարդիկը օթոպիւսներով հանուեցան իրենց գիւղերէն եւ տեղափոխուեցան Լաչին:

Նոյն ժամերուն Ստեփանակերտի Խնձորի Այգի թաղամասէն 27 երիտասարդներ անյայտ ուղղութեամբ տարուեցան:

Միաժամանակ, Ճապրայէլի շրջանէն ներխուժելով դէպի Հատրութ, ազրպէյճանական ՕՄՈՆականները տոլանլարցիներէն եւ արագիւլցիներէն պահանջեցին լքել իրենց բնակավայրերը, տալով ստորագրութիւն, թէ իրենք կամովին կը ձգեն գիւղերը եւ կը տեղափոխուին Հայաստան:

Յաջորդ օր Քա.Կէ.Պէ.ի պետ Վլատիմիր Քրիուչքով խոստովանեցաւ, ըսելով որ հայերու դէմ «ահաւոր արարքներ» գործուած են Արցախի, շրջակայ գօտիին եւ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ:

***

Հայ ազատամարտիկներ Շահումեանի մէջ

Հայ ազատամարտիկներ Շահումեանի մէջ

«Ազդակ», 18 մայիս 1991-ի թիւով եւ «Ոճիրին խոստովանութիւնը բաւարար չէ» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր ըսելով, որ պէ՞տք է գոհունակութիւն զգալ եւ բաւարարուիլ Քա.Կէ.Պէ.ի պետ Վլատիմիր Քրիուչքովի այն խոստովանութենէն, թէ Արցախի եւ Հայաստանի սահմանային գիւղերու բնակիչներու դէմ «ահաւոր արարքներ» գործուած են խորհրդային ուժերուն եւ ՕՄՈՆականներուն կողմէ:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ յանցանք մը ընդունիլ անշուշտ որ առաքինութիւն է, իսկ անոր դադրեցման խոստումը` նուազագոյնը: Սակայն ինչ որ տեղի ունեցաւ Գետաշէնի, Մարտունաշէնի եւ Արցախի մէջ, չեն կրնար դարմանուիլ խոստովանութիւններով եւ խոստումներով:

Սակայն յստակ ակնարկութիւն չէր կատարուեր Արցախը իր սեփականատէրերէն` հայ ժողովուրդի զաւակներէն պարպելու քայլերուն մասին, որոնք ծայր առած էին Արցախի սահմանային գիւղերուն մէջ, զուգահեռաբար եւ համակարգուած կերպով: Արցախի սահմանային գիւղերուն դէմ շղթայազերծուած զինուորական գործողութիւնները «խռովարարները զինաթափ ընելու» չէին ծառայեր, այլ` վերջնականապէս կը քողազերծէին տարիներու այն դաւը, որուն նպատակն էր Արցախը պարպել հայերէ:

«Ազդակ» կը նշէր, որ արցախեան գիւղերը տղամարդոցմէ պարպելու եւ «կամովին Հայաստան կ՛ուզենք փոխադրուիլ» բովանդակութեամբ «դիմումնագիրներ» այդ գիւղերու անպաշտպան բնակիչներուն պարտադրելու իրողութիւնները ամենայն մերկութեամբ աշխարհի աչքերուն առջեւ կը պարզէին բուն դաւը: Իրականութիւն մը` որուն հակառակին հաւաստիքներն ու երաշխիքները կու տային Մոսկուայի պաշտօնական իշխանութիւնները:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ ահա թէ ինչպիսի՛ դաւի մը դէմ կուրծք պարզած է Արցախը եւ անոր հետ` ամբողջ հայ ժողովուրդը: Ահա թէ ինչո՛ւ իր բոլոր ուժերը զօրաշարժի ենթարկած է հայը,  Արցախէն մինչեւ Հայաստան եւ Արտերկիր:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>