ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չորեքշաբթի օր Միացեալ Նահանգներ մեկնելէ առաջ Անգարայի «Էսենպողա» օդակայանին մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ եթէ Գերմանիան Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու «սխալ»-ը չսրբագրէ, իրենք որոշ քայլերու պիտի դիմեն:
Թուրք յօդուածագիր Մեհմեթ Եըլմազ անդրադառնալով Էրտողանի` «Էսենպողա»-ի մէջ կատարած յայտարարութիւններուն, կը նշէ, որ այդ տողերուն ոճը աչքէ անցընելով կարելի է տեսնել, որ «նախագահը իսկութեան մէջ ոչինչ ունի Գերմանիոյ դէմ կատարելիք»: Վերջերս թրքական լրատուամիջոցներու կողմէ հաղորդուած երկու լուրեր կու գան առաւել եւս ընդգծելու այդ իրականութիւնը:
Առաջին` «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» հաղորդեց, որ «հակառակ Պունտեսթակի մէջ որդեգրուած Հայոց «ցեղասպանութեան» որոշումին հարցով Պերլինի եւ Անգարայի միջեւ վերջերս յառաջացած լարուածութեան»` Գերմանիա եւ Թուրքիա համաձայնութիւն գոյացուցած են Ինճիրլիքի ռազմակայանին մէջ գերմանական անձնակազմին համար կեցութեան վայրի մը կառուցման շուրջ: Երկրորդ` 2 յունիսին Պունտեսթակի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք, Թուրքիա տուն կանչեց Գերմանիոյ մէջ իր դեսպան Հիւսէյն Աւնի Քարսլըօղլուն, սակայն թրքական «Ուըրլտպուլեթին»-ը կիրակի օր հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարի տեղակալ Ալի Քեմալ Այտըն նշանակուած է Գերմանիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպան: Իրողութիւն մը, որ անարժէք կը դարձնէ դեսպանը տուն կանչելու «բողոքի քայլ»-ը, որ լաւագոյն պարագային կարելի է նկատել ձեւական քայլ մը:
Յստակ է, որ թրքական իշխանութիւնները աւելի Պունտեսթակի անդամ 11 թուրք երեսփոխաններէն զայրացած են, քան Պերլինէն: Ատիկա որքան ալ հասկնալի, սակայն նաեւ Եւրոպական Միութեան գլխաւոր երկրին` Գերմանիոյ նկատմամբ անզօրութեան յաւելեալ ցուցանիշ մըն է: Թուրք երեսփոխանները յաչս Անգարայի դաւաճաններ են, սակայն անոնք թուրք ըլլալու կողքին նաեւ գերմանացի են, գերմանական ընկերութեան անդամները: Ծագումով թուրք այդ երեսփոխաններուն երեւոյթը ուսանելի է, եւ մտածել կու տայ, թէ Թուրքիոյ մէջ իրապէս ազատ, ժողովրդավար եւ յառաջադէմ կարգերու հաստատման պարագային, ցեղասպանութեան ճանաչումը պիտի դադրի թուրք այլախոհներու մենաշնորհը ըլլալէ, եւ մէկ դարէ ի վեր պետութեան կողմէ մատուցուած սուտերով սնանած թուրք քաղաքագէտներն ու հասարակութիւնը եւս պիտի որդեգրեն Ճեմ Էօզտեմիրներու կեցուածքը: