Վեհափառ Հայրապետը
Եւ Դպրեվանքը
Սրբազա՛ն տուն է դպրեվանքը: Այստեղ մտնողները տարբե՛ր պիտի ըլլան. մեր ժողովուրդի ընտրեալ զաւակները պիտի գան հոս աստուածատուր առաքելութեան մը համար պատրաստուելու յանձնարարութեամբ: Իսկ դպրեվանքէն դուրս եկողները առաքելութեան մը համար կոչեցեալներ պիտի ըլլան: Վա՜յ անոր, որ դաւաճան է իր կոչումին, իր խոստումին, իր ուխտին: Մեր ժողովուրդի զաւակները միշտ խստապահանջ ու հաշուեառ պէտք է ըլլան դպրեվանքին նկատմամբ, որովհետեւ հաւատքի սրբազան գործ է որ կը կատարուի հոս: Մեր ժողովուրդի զաւակները նաեւ խստապահանջ ու հաշուեառ պէտք է ըլլան դպրեվանքէն ներս պատրաստուող հոգեւոր թէ կրթական մշակներուն նկատմամբ:
Դպրեվանքը հայ ժողովուրդին կը պատկանի: Ան մեզի կտակուած է որպէս սրբազան աւանդ` հզօրացնելու ու ծաղկեցնելու զայն իր նուիրական առաքելութեան ճամբուն վրայ: Դպրեվանքը, ինչպէս միշտ շեշտած ենք, սովորական հասկացողութեամբ դպրոց մը չէ, այլ առաքելութիւն է իր էութեամբ ու նպատակով: Ինչ որ դպրեվանքը կը կատարէ, զայն պէտք է դիտել առաքելութեան մը շրջագիծին մէջ: Այդ առաքելութիւնը հայ եկեղեցւոյ, մշակոյթի ու դպրոցի սպասաւորներու պատրաստութիւնն է:
Սոսկ կրօնական կառոյց մը չէ՛ դպրեվանքը, բառին նեղ առումով: Աւելի լայն շրջագիծի մէջ պէտք է դիտել անոր դերակատարութիւնը: Ճիշդ է, հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր մշակներու պատրաստութիւնը առանցքը կը կազմէ դպրեվանքի կոչումին: Այս յանձնարարութեամբ դպրեվանքը գործած է անցնող տասնամեակներուն ու վերանորոգ տեսիլքով պիտի շարունակէ իր իւրայատուկ առաքելութիւնը:
Սիրելի՛ դպրեվանքի ուսանողներ. ծառայութի՛ւնը դարձուցէք ձեր կեանքի նշանաբանը: Ծառայութիւն հանդէպ մեր ազգին ու հայրենիքին, ծառայութիւն` մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին: Հետեւաբար.-
Աղօթեցէ՛ք` ծառայելով,
Սիրեցէ՛ք` ծառայելով,
Գործեցէ՛ք` ծառայելով,
Պայքարեցէ՛ք` ծառայելով:
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Ի՞նչ Է Դպրեվանքը
Մինչեւ 1915 թուական դպրեվանքը կը գտնուէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կեդրոն Սիսի մէջ (Կիլիկիա): 1930 թուականին ան վերաբացուեցաւ ու հաստատուեցաւ Անթիլիասի մէջ (Լիբանան) եւ 1978-ին փոխադրուեցաւ Պիքֆայա: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կեանքին մէջ կեդրոնական տեղ գրաւող դպրեվանքին առաքելութիւնը ամբողջական հայ մարդ պատրաստելն է: Անցնող տարիներու ընթացքին, Զարեհ Ա., Խորէն Ա., Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետներուն կողքին դպրեվանքէն դուրս ելան սրբազաններ, վարդապետներ, քահանաներ, մտաւորականներ, ազգային գործիչներ, ուսուցիչներ, երաժիշտներ… որոնք ծառայութեան ճամբով ստանձնեցին մեր ազգի զաւակներուն հոգեւոր, ազգային ու մշակութային առաջնորդութիւնը:
Այսօր եւս, ութ տարիներու վրայ տարածուած իր կրթական մակարդակով եւ հայերէն, անգլերէն, արաբերէն ու ֆրանսերէն լեզուներու ուսուցումով դպրեվանքը մեծապէս կը նպաստէ հայ պատանիին մտաւոր կազմաւորման եւ հայեցի դաստիարակութեան: Դպրեվանքէն շրջանաւարտ եղող ուսանողներ` հոգեւորական թէ աշխարհական, բարձրագոյն ուսման կը հետեւին Եւրոպայի եւ Ամերիկայի համալսարաններուն մէջ: Այս իրողութեան լաւագոյն օրինակը վեհափառ հայրապետն է, որ դպրեվանքէն ստացած իր վկայականով, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն սկսեալ բարձրագոյն ուսման հետեւած է Զուիցերիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Դպրեվանք կ՛ընդունուին նախակրթարանի 6¬րդ դասարանը աւարտած աշակերտներ, կամ աւելի բարձր դասարաններէ դիմում կատարող թեկնածուներ:
ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՈՒՑ