Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հատուած` Գլաձորի Նոր Թիւի Խմբագրականէն

$
0
0

SCAN_20160609_200945851«Գլաձոր»-ը հայելին է դպրեվանքին: Այդ հայելիին ընդմէջէն պէտք է տեսնել կրթական, աստուածաբանական այս դարբնոցին մէջ կատարուած աշխատանքին արդիւնքը եւ այն մթնոլորտը, որուն մէջ կը կազմաւորուին հայ եկեղեցւոյ ապագայ սպասաւորները:

Այս ընդհանուր շրջագիծին մէջ պէտք է արժեւորել «Գլաձոր»-ի ներկայ հրատարակութիւնը, որ «Սիսէն Անթիլիաս» բնաբանով կ՛անդրադառնայ կիլիկեան Ս. աթոռին դարաւոր գործունէութեան, Ցեղասպանութեան տուած ահաւոր տուրքին, ու ապա` սփիւռքեան իր կայքին մէջ ունեցած ազգային, հոգեւոր եւ մշակութային բեղուն ծառայութեան:

«Գլաձոր»-ի վերջին հրատարակութիւնը կը կրէր 2012 թուականը: Հետեւաբար, ընթերցողի սեղանին ներկայացող այս հատորը կոչուած է իրարու շաղկապելու դպրեվանքի վերջին չորս տարիներու գործունէութիւնը: (Յայտնենք, որ «Գլաձոր»-ի նոր թիւը լոյս տեսաւ յունիս 2016-ի առաջին շաբթուան ընթացքին):


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>