Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Տեսուչ Հայր Սուրբը` Դպրեվանքին Մասին

$
0
0

ԹՈՐԳՈՄ Ծ. ՎՐԴ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ

Desouch-Hayr_61316

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսական դարաւոր ու պատմական աթոռը իր դպրեվանքով կը մնայ հոգեւոր ճառագայթումի այնպիսի մեկնակէտ մը, ուրկէ լոյս է որ կը ցայտէ, որուն ցոլքը կը հասնի մինչեւ ասիական, եւրոպական եւ ամերիկեան ափերուն վրայ հաստատուած մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն` լուսաւորելով անոնց հոգեւոր ու ազգային կեանքը:

Կիլիկիոյ հայրապետական Ս. աթոռը իր «Հրաշագործ դարբնոց»-ով, կը շարունակէ մնալ ազգային յոյզերու անկորնչելի վկայարան եւ հոգեւոր ու մշակութային հարուստ ժառանգութեան անապական գանձարան, ուրկէ յոյս է որ կը ծնի, այն բարի յոյսը, որ մեր աշխարհացրիւ ժողովուրդի զաւակները կը զինէ ազգին ու եկեղեցւոյ ապագան փայլուն տեսնելու խորհուրդով:

Հայ եկեղեցւոյ կիլիկեան փառապանծ աթոռը իր յաղթական դպրեվանքով, կը յարատեւէ հանդիսանալ հոգեկերտումի եւ հայակերտումի կեդրոնական օճախ, որ հաւատք կը սերմանէ ամէն կողմ, գործնականացած հաւատք, ծառայութեան ճամբով սիրոյ ու կեանքի թարգմանուած հաւատք:

Անթիլիասի դպրեվանքէն զուլալ ջուր է որ կը բխի, որ կը վերածուի աղբիւրներու, երթալ ոռոգելու համար կիլիկեան թեմերը եւ հայ սփիւռքը: Դպրեվանքի ոսկիացնող ձուլարանէն, դպրեվանեցին այս որակով դուրս կու գայ:

Նոյն ոգիով մենք պիտի շարունակենք քալել: Եկէ՛ք, միասին քալենք®

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>