Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Անընդունելիօրէն Ծուռ Բաներ (Որոնք Կը Տկարացնեն Հայկական Ներքին Ճակատը)

$
0
0

VATCHE-PROUDIAN1-fՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Գերմանիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան եւ իր մեղսակցութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունումը մեծ խորագիրներ «ստեղծեց» ոչ միայն հայկական, այլ նաեւ գերմանական ու (անխուսափելիօրէն) թրքական մամուլին մէջ:

Աւելորդ է ըսելը, որ այս զարգացումը ջղագրգիռ վիճակ ստեղծեց Թուրքիոյ կառավարական շրջանակներէն ներս: Ոչ միայն անոր համար, որ երկիր մը եւս պաշտօնապէս ճանչցաւ այն, ինչ որ Թուրքիա մինչեւ հիմա կ՛ուրանայ, այլ անոր համար, որ ճանչցող երկիրը կ՛ընդունէր նաեւ իր մեղսակցութիւնը: Կը ստեղծուէր կացութիւն մը, երբ բուն յանցագործը կը յամառի ուրանալ իր ոճիրը, մինչդեռ իր մեղսակիցը կ՛ընդունի նոյն այդ արարքը:

Փախուստի ծակ մը եւս փակուեցաւ Թուրքիոյ համար:

Բայց «ո՜վ հրաշք», յանկարծ թրքական կողմին «օգնութեան» հասաւ Պոլսոյ պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանին տխրահռչակ նամակը` ուղղուած Էրտողանին, ուր ան կը դատապարտէր Պունտեսթակի բանաձեւը:

Հակազդեցութիւնը չուշացաւ հայկական մամուլին եւ ընկերային ցանցերուն մէջ: Եւ բնական էր: Ոչինչ կ՛արդարացնէ Պոլսոյ պատրիարքական փոխանորդին այս կեցուածքը: Եթէ ան չի կրնար իր նպաստը բերել հայանպաստ զարգացումներուն, առնուազն պէտք չէ նաեւ քար դնէ հայկական խոփին դիմաց:

Կայ մօտեցում մը, ըստ որուն, Արամ արք. Աթէշեան ճնշումի տակ է, հետեւաբար® Այս պնդումը բնաւ ջուր չի վերցներ, որովհետեւ նոյն այդ աթոռին գահակալ իր նախորդները տրամագծօրէն հակառակ կեցուածքները որդեգրած էին: Պատմական նախընթացներուն համար անհրաժեշտ չէ մինչեւ Խրիմեան Հայրիկ երթալ: Արդարեւ, պատրիարքական փոխանորդին անմիջական նախորդներէն Շնորհք արք. Գալուստեան գործեց նոյնքան, երբեմն աւելի փոթորկոտ տարիներու ընթացքին: 1970-ական եւ 80-ական տարիները յատկանշուած էին հայ-թրքական կնճիռի ու պայքարի իրապէ՛ս փոթորկալից զարգացումներով: Այս իրադրութեան մէջ Շնորհք պատրիարք չվարանեցաւ երբեք: Ոչ միայն այդ, այլ նաեւ ամէն օրինական միջոցներու դիմեց, որպէսզի Թուրքիոյ հայութեան իրաւունքներուն տիրութիւն ընէ: Չվարանեցաւ ամէն առիթով Պոլսոյ կուսակալութեան դիմելու, որպէսզի հայ համայնքին իրաւունքներուն դէմ թրքական պետութեան կողմէ պարտադրուած ապօրինի տնօրինումներուն դէմ պայքարի: Հարցը չլուծուեցա՞ւ կուսակալին մօտ, մեկնեցաւ Անգարա:

Ոչ մէկ ատեն ընկրկեցաւ ան: Մնաց անտեղիտալի: Սպառնալիքներ չեղա՞ն իր դէմ, ճնշում չկա՞ր իր վրայ: Անշո՛ւշտ կար: Բայց իր մարտավարութիւնը անխոցելի էր` նոյնինքն թրքական օրէնքներով պայքարիլ Անգարայի ապօրինի տնօրինումներուն դէմ:

Այդ տասնամեակներուն, Շնորհք պատրիարք իր այս պայքարունակ ոգիով եւ օրէնքի ճամբով, շարունակ Անգարայի իշխանութիւնները ճնշումի տակ պահելով, անուղղակիօրէն նպաստեց հայկական ճակատի ամրապնդումին:

Եւ հիմնականը այս է` հայկական ներքին ճակատը ամուր պահել:

Դժբախտաբար այս առաջնահերթութիւնը` ճակատի ամրապնդման գաղափարը, կը վրիպի շատերու քաղաքական տեսադաշտէն: Պետական ղեկավարման դիրքեր գրաւողները ամէն բանէ առաջ իրե՛նք պէտք է հետամուտ ըլլան իրենց պատասխանատուութեան:

Ճակատի ամրապնդումը կը նշանակէ նաեւ պետական կառոյցներու ամուր եւ ազդու աշխատանք: Հռետորական պիտի չըլլայ, եթէ հաստատենք, որ Պռօշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի օր ցերեկով սպանութեան չբացայայտուիլը հարուած է հայկական պետականութեան, անոր կառոյցներուն եւ հետեւաբար նաեւ` մեր ներքին ճակատի ամրապնդումին:

Հայկական ներքին ճակատը թուլացնելու կը միտի այն դէպքը, երբ Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ Հայկ Խանումեան կը խոշտանգուի:

Այս զոյգ դէպքերը, մանաւանդ իրենց հնչեղութեամբ, օրէնքի եւ օրինականութեան ուղղուած հարուած են` ամէն բանէ առաջ: Բացայայտ անարդարութիւններով կարելի չէ ներքին ճակատը ամուր պահել, ճակատ մը, զոր խախտելու միտող բազմատեսակ արտաքին ճիգերը չեն ալ պակսիր…

Մեծ պատկերին մէջ, մէկ կողմէ Պոլսոյ պատրիարքական փոխանորդն է իր դատապարտելի եւ անընդունելի կեցուածքով, իսկ միւս կողմէ ՀՀ իշխանութիւնները` իրենց նոյնքան անընդունելի կեցուածքով: Աթէշեան սրբազանին առած կամ առնելիք քայլին վրայ հայկական կողմը (ընդհանուր հաշուով) հակակշիռ չունի: Այդ մէկը «մեր» կամքէն կախեալ չէ: Սակայն Հայաստանի մէջ կատարուած իւրաքանչիւր ապօրինութիւն ունի իր «հակակշռելի» հեղինակը: Կը պակսի քաղաքական կամքը ոչ միայն կանխարգիլելու, այլ նաեւ հաշուետուութեան կանչելու: Չկարծենք, կամ չմտածենք, որ պատրիարքական փոխանորդին պախարակելի քայլը եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած նոյնքան պախարակելի դէպքերը իրարու հետ կապ չունին: Երկուքն ալ կը սպառնան հայկական ներքին ճակատի ամրութեան:

Այս յօդուածագիրը կը մնայ իր խոր համոզումին վրայ, որ անհրաժեշտ է ոչ միայն վերոնշեալ երկու դէպքերուն կապակցութեամբ օրինական լուծումներ տալը, այլեւ (կրկնութեան գնով ըսենք) քառօրեայ պատերազմին առնչուող շատ աւելի լուրջ թերացումներու կապակցութեամբ մասնագիտական քննիչ մարմին կազմելը:

Այս ուղղութեամբ ալ մեր պահանջը յստակ է Հայաստանի իշխանութիւններէն` ցուցաբերել համապատասխան քաղաքական կամք, ի խնդիր հայկական ներքին ճակատի ամրապնդումին:

vproodian@gmail.com

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>