Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի աւարտական դասարաններու վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 7 մայիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, վարժարանի հանդիսասրահին մէջ:
Աւարտական դասարաններու 17 սաները յատուկ հանդիսութեամբ եկան իրենց դպրոցական օրերու էջը դարձնելու իրենց իւրայատուկ ոճով, որ այս պարագային կը ներկայացուի յուզումնախառն արտայայտութիւններով եւ գնահատումներով, որոնք ապրեր ու հիւսեր էին Հռիփսիմեանցի կամարներուն ներքեւ լրիւ 15 դպրոցական տարեշրջաններ, իսկ այժմ անոնք իրենց ետին ձգելով մանկական ու պատանեկան ջերմ յիշատակներ` իրենց տենչերուն եւ ձգտումներուն ի խնդիր կը նային դէպի նոր հորիզոններ:
Անոնք բեմ բարձրացան դպրոցական համազգեստէն դուրս այլ համազգեստով ու գլխարկով, սակայն` դպրոցական համազգեստին պարտադրած կարգապահութեամբ, լրջութեամբ եւ ոգիով:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք ուսանողներու կողմէ արտասանուեցան բարիգալստեան խօսքեր` հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով, ուր անոնք միախառնեցին իրենց ապրումները արցախեան ազատապայքարին եւ հանդէսը նուիրեցին ապրիլ ամսուան ընթացքին զոհուած մարտիկներու յիշատակին: Շրջանաւարտները հերթաբար հանդէս եկան ուղերձներով, որոնք արտասանուեցան հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով, ուր ընդհանրապէս գնահատեցին ու արժեւորեցին իրենց ստացած անվերապահ խնամատարութիւնն ու հոգատարութիւնը, ինչպէս նաեւ` ուսման անսպառ կրթական ծրագիրներու բծախնդիր հետապնդումը: Խօսքերը մերթ ընդ մերթ երանգ ստացան` երգերով, նուագներով եւ պարով, որոնք ջերմօրէն գնահատուեցան ներկաներուն կողմէ, եւ որպէս ուսանողներ` իրենց բազմաշնորհ տաղանդներով հարստացուցին օրուան խորհուրդը:
Ներկայացումներու աւարտին, ընկալեալ սովորութեան համաձայն, իրենց կարգին յատուկ յանձնարարութեամբ, քրիստոնէական հաւատքով եւ միշտ հայ մնալու եւ հայկական արժէքները գերադասելու թելադրականով մը, իրենց կարգին դպրոցի վահանը յանձնեցին այժմու 11-րդ դասարանի աշակերտներուն:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանի տնօրէնուհի քոյր Արմինէ Մակարոսեան, որ սրտի խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն` որպէս յանձնառու սերունդի, գիտակցօրէն պայքարելու կեանքի մարտահրաւէրներուն դիմաց եւ միակ կեանքի լոյսը եւ ամրակուռ զէնքը համարել քրիստոսաւանդ հաւատքն ու ուսումը: Ան կոչ ուղղեց չընկրկելու կեանքի դժուարութիւններուն դիմաց, այլ` խիզախօրէն պայքարելու հայկական ինքնութեան եւ անոր վտանգներուն դէմ: «Տէր պիտի կանգնինք մեր դարաւոր ազգի նուիրական սրբութիւններուն, մշակոյթին, լեզուին, պատմութեան եւ աւանդութիւններուն», յայտնեց տնօրէնը: Ան իր խօսքին մէջ վեր առաւ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան ընձեռած ծառայութիւնները հայ սերունդներու դաստիարակութեան համար, դիտել տալով, որ 94 տարիներ շարունակ Հռիփսիմեանցի յարկին տակ հասակ նետած, լոյս եւ գիտութիւն ստացած են բազմաթիւ սերունդներ, որոնք կերտուած են իբրեւ մարդ, քրիստոնեայ, հայ, ապագայի պատասխանատու: Ան կարեւոր նկատեց հայ ծնողքին դերը եւ առաքելութիւնը:
Ապա տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում, որմէ ետք երկրորդականի դասարաններու պատասխանատուն դրուատիքով գնահատեց շրջանաւարտ սերունդը ու բեմ հրաւիրեց Գէորգ եպս. Ասատուրեանը, որ յատուկ պատուանշանակներ յանձնեց գերազանց յիշատակութեան արժանացած Ռոտրիկ Սեփեթճեանին եւ Սառա Հազարապետեանին, իսկ շատ լաւ գնահատումով` Վանայ Մարտիրոսեանին ու Բալիկ Մաճարեանին:
Սրբազանը օրհնութեան խօսքով եզրափակեց հանդիսութիւնը:
Շրջանաւարտները խրոխտ ձայնով երգեցին վարժարանի քայլերգը, ապա դպրոցական վերջին զանգին բառերով դուրս եկան հանդիսասրահէն: