Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հալէպի Օրակարգ

$
0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Անցնող շաբթուան ընթացքին արձանագրուեցան երկու ուշագրաւ երեւոյթներ, որոնք Հալէպի օրակարգի հարցով վերջնական լուծումի մը լոյս կը ներշնչեն:

Առաջինը` շաբաթասկիզբին Իրանի մէջ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարներու ժողովն էր, եւ` այդ ժողովէն բխած եզրայանգումները, ուր յստակօրէն շեշտը կը դրուի Հալէպի հարցի լուծման անյետաձգելիութեան վրայ: Երկրորդ` Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ նախագահ Պաշշար Ասատի խիզախ եւ յստակ յայտարարութիւնը, որ Հալէպը Էրտողանի երազներու թաղման վայր պիտի ըլլայ:

Ըստ երեւոյթին, յառաջիկայ շաբաթներուն ռուսական, իրանեան, սուրիական եւ Լիբանանի Դիմադրութեան համատեղ կազմակերպութեամբ զինուորական գործողութիւններ տեղի պիտի ունենան, որպէսզի այս քաոսային եւ անապահով վիճակը միանգամընդմիշտ վերջ գտնէ:

Այս բոլորին մէջ յոյսով ենք, որ հալէպահայութիւնը նուազագոյն վնասով դուրս կու գայ:

Անցնող մէկ տարուան ընթացքին, ինչպէս գիտենք, հալէպահայութիւնը ֆիզիքական եւ նիւթական մեծ վնասներ կրեց, սակայն, հակառակ այս բոլորին, տակաւին տեղւոյն պատասխանատուներուն եւ կազմակերպութիւններուն ճիգերով գաղութը կը մնայ շնչող եւ կազմակերպ:

Յոյսով ենք, որ այս անգամ ալ կարճ տեւէ փոթորիկը, եւ Հալէպը գտնէ իր խաղաղութիւնը:

Հալէպը սփիւռքահայութեան կարեւոր բերդերէն մէկն է եւ պէտք է դիտուի իբրեւ այդպիսին, այս իմաստով ալ մնայուն, հետեւողական եւ բուռն գուրգուրանքի կարիքը ունի ան: Պարբերաբար կոչեր ուղղելով, մերթ ընդ մերթ յօդուած գրելով կամ բեմերէն յայտարարութիւն ընելով չէ, որ հալէպահայութեան կողքին կ՛ըլլանք:

Ամէն օր մեր կեանքին մէջ հալէպահայութեան համար պէտք է մտահոգուինք, որպէսզի առանձին չզգան:

Հալէպէն հայութեան հոսքը մտահոգիչ  երեւոյթ դարձած է, եւ բոլորս ալ պատասխանատու ենք այս կացութեան:

Յոյսով ենք, որ խաղաղութիւն հաստատուելէ ետք Հալէպը պիտի դառնայ մեր բոլորին «Երազային Հալէպը»:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>