ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Գաղափարներն ու միտքերը կը տողանցեն գլխուս մէջ: Քեսապի ազատագրութեան երկրորդ տարեդարձն է (14 յունիս 2014 – 14 յունիս 2016): Այս «փոքր» թուականը յիշելով` բարձր պէտք է աղաղակել:
Սակայն աղմուկը շատ բարձր է Սուրիոյ զանազան ոստաններուն մէջ, խլացուցիչ, հրազէններու, հրասանդներու, հրասայլերու, թնդանօթներու, հրթիռներու, օդանաւերու աղմուկ ու աղմուկ… նահատակներ:
Արցախի մէջ տակաւ ինկող նահատակներուն վրայ արձակուած մահաբեր պայթուցիկ նիւթերու – սարքերու աղմուկը, հարիւրաւոր մղոններ կտրելով, կը հասնի մեր մօտ` նոյնքան հնչեղ, նոյնքան ազդեցիկ եւ արմատախիլ ընող:
Երկու տարիէ ի վեր կ՛ուզենք հանրային ծաւալուն ձեռնարկով մը` ժողովրդային համախմբում, երգ ու պարով տօնախմբել Քեսապի ազատագրումը: Սակայն… սակայն Սուրիոյ հնգամեայ տագնապի կոհակներուն ելեւէջը թոյլ չի տար, որ կարենանք պարել:
Այո՛… արգիլուած է պարել:
Արգիլուած է պարել քոչարին, կերմեր ֆըստանը, եարխուշտան…
Մեծ պետութիւններ արգիլած են ո՛չ միայն քեսապցիներուն, այլեւ համայն սուրիացիներուն պարել, ուրախանալ… կամ ապրիլ: Մէկ խօսքով, արգիլուած է ապրիլ:
Ինչպէ՞ս պարենք, ուրախանանք, երբ ամէնուրեք` կրակ ու բոց, քանդում. մահ-նահատակ:
Ինչպէ՞ս պարենք, երբ դաւադիր հրասանդի մը պայթած արկով Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի (Նոր Գիւղ) կից կը նահատակուէր համայն հալէպահայութեան ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան կոչուած պահակներու գլխաւորը, առաջնորդը, գաղափարական, ազգային, հայրենասիրական մտքերն ու ապրումները, պարզ ու խորունկ լռութեամբ իր մէջ ամփոփած, ամէնուն սիրելի, մարդկային ամէնէն տարրական արժանիքներու թարգմանը հանդիսացող, անմահ ընկեր Րաֆֆի Պչաքճեանը:
Տակաւին մէկուկէս տարիներ առաջ սուրիական հայրենիքի պաշտպանութեան ճամբուն վրայ կը նահատակուէր անոր երէց եղբայրը` Յովսէփը: Հազիւ թէ կը յիշեմ անոնց հայրը, արդեօք Մովսէ՞ս էր անունը: Ի՛նչ կարեւոր է: Կարեւորը այն է, որ զօր. Դրօ Կանայեանէն վաստկած շունչով ապրած ու դաստիարակած էր իր զաւակները:
Եւ անոնք (Ռուբէն Տէր Մինասեանի բառերով) որպէս «պարարտ խոյեր», մատաղ դարձան Սուրիոյ, անոր ժողովուրդին, հալէպահայութեան մերօրեայ բագինին վրայ:
Րաֆֆիին մասին թող գրեն իր զինակիցները: Շատ բան գիտեն այդ լուռ ու մունջ տղուն մասին:
Մէկ խօսքով, Րաֆֆին կրնայ մերօրեայ սերունդին որպէս ներկայացուցիչ օրինակ դառնալ գալիք սերունդներուն:
Սիմոն Սիմոնեան իր «Լեռ եւ ճակատագիրը» գիրքին մէջ ունի սքանչելի պատմուածք մը (բոլոր պատմուածքները այդ հատորին սքանչելի են), վերնագիրը չեմ յիշեր. մօտս գտնուած հատորը «զոհ» գացած էր Քեսապի 2014-ի ներխուժումի բռնարարքներուն, ուստի չեմ կրնար ստուգել խորագիրը, սակայն մէջը ծեր սասունցի մը իր ցուպը վեր բարձրացնելով` սպառնացած էր երիտասարդ Սիմոնին (Հալէպի մէջ) ըսելով.
– Մենք արիւն տեսած մարդիկ ենք, մեր մասին ինչպէ՞ս կը համարձակիս գրել:
Այո՛, արեամբ թաթախուած անմահներուն մասին յետմահու գրելը, դաշնակցականին պարտաւորութիւնն է, իսկ անոնց հոգին, անոնց, որոնք կեանքի մէջ վարձք ու փառք չփնտռեցին, այլ միայն անսակարկ տուին, զոհաբերեցին, անոնց հոգին այդ գիրերը կը ստանայ որպէս խունկ ու մոմ… անոնց անմահութիւնը կը յայտնաբերեն այդ գրութիւնները:
Գրեցէ՛ք…
Կ՛ուզէի Քեսապի ազատագրութեան 2-րդ տարեդարձին առիթով ուրախ բաներ գրել: Ես չեմ կրնար պարել, բայց կ՛ուզէի, որ գրիչս պարէ, թէկուզ` ծուռ ու մուռ:
Դուք ի՛նչ կ՛ուզէք` ըսէք.
«Ես պարել գիտեմ, բայց գետինը ծուռ է» Արամ Հայկազ, իմ նախասիրած հեղինակս, որ գրած է հայոց գողգոթային մասին եւ ներկայացուցած է այլազան միջավայրերէ, իսկական կեանքէ առնուած պատկերներ, պատմուածքներ Մեծ եղեռնի ամենասահմռկելի տեսարանին: Նկարագրութեան ընթացքին միշտ կը յաջողի ժպիտ մը խլել մեր շրթներէն. փոխարէնն ալ, ամենագեղեցիկ պատկերի նկարագրութեան պահուն միշտ կը յաջողի արցունքի կաթիլ մը խլել մեր աչքերէն. միայն մէկ ժպիտ, միայն մէկ կաթիլ արցունք:
Հայու կեանք ու ճակատագիր:
Սուրիոյ այս դժնդակ իրավիճակին մէջ մարդոց շրթներէն ժպիտ խլելու համար Արամ Հայկազ պէտք է ըլլալ:
Սակայն ա՛յս է կեանքը… Անիկա պիտի շարունակուի Րաֆֆիներու օրինակով:
Րաֆֆի՛, դուն լուռ գործովդ, օրինակովդ սերունդներու ճամբան լուսաւորող ջահն ես:
Դուն անմահ ես, ընկե՛ր:
Քեսապ, 11 յունիս 2016