Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Պատմութեան Համար Վկայութիւն

$
0
0

ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

16 մայիս 2016-ին, երկուշաբթի երեկոյեան ժամը 7:00-ի շուրջ անցայ Մազլումեան հիւանդանոցին կողքով, ուր քիչ առաջ հրթիռ մը մարդկային զոհեր խլած էր, եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ քովէն կարաժներու փողոցը կտրելով` հասայ «Հաճ Հապիպ» փողոցին սկիզբը: Անկիւնը երկու հայ տղաք կեցած` կը խօսէին չպայթած կազի թիւպի մասին:

– Ո՞ւր ինկաւ,- հարցուցի:

– Հո՛ն,- մատով ցոյց տուին դէպի «Թեթթեն» պենզինի կայան:

Տեսայ մեզմէ 60-70 մեթր հեռաւորութեան գետնին վրայ պառկած շիշը:

– Աստուած փրկած է,- մտածեցի եւ մտայ «Հաճ Հապիպ»: Տասը քայլ չհեռացած` շրջուեցայ տղոց կողմ.

– Հայ տղոցմէ մէկուն թիւը ունի՞ք,- հարցուցի:

– Թերեւս եղբայրս ունի, հիմա կը հեռաձայնեմ,- ըսաւ մէկը:

– Փորձեցէք գտնել,- ըսի,- ես ալ Արտոյին խանութը կը հանդիպիմ,- կ՛ըսեմ, թէեւ շատ յոյս չունիմ, որ բաց ըլլայ:

Ըսի եւ… Զօրաւոր, շատ զօրաւոր պայթիւն մը լսուեցաւ. մեզմէ ամենաշատը 15 մեթր անդին քարերու տարափ կը տեղար եւ քառասուն-յիսուն մեթր տարածութեամբ փոշիի ծածկոյթ մը պատեց մեզ. իսկ մեր քիթերը կը լեցուէին պայթուցիկ նիւթի շատ անախորժ հոտով:

Երեքէս երկուքը վազեցինք դէպի պայթիւնի վայր: Շատ շուտով պատշգամէ մը կնոջ մը սարսափած եւ լացակումած ձայնէն գիտցանք, թէ քանդուած տան մէջ բնակիչներ չկան…

Այս ամէնը պէտք է պատմէի, որպէսզի կարենամ վկայութիւն ընել.

Կը վկայեմ.

Պայթիւնէն ՀԻՆԳ վայրկեան ետք ՀԱՅ ՏՂԱՔԸ իրենց հին «Վոկըզվակըն միքրօ»-ով պայթիւնին վայրն էին արդէն: Անոնց մէջ էր նաեւ Արտոն, որուն խանութը երթալ որոշած էի քիչ առաջ: Տղաքը երկուական հոգիով ուղղուեցան տարբեր շէնքեր:

– Արտօ՛,- ըսի,- չպայթած կազի շիշ մը կայ,- եւ ցոյց տուի շիշը:

Արտոն կեցաւ դէպի կազի շիշ տանող ճամբուն մէջտեղ եւ արգիլեց ինքնաշարժներուն այդ ուղղութեամբ երթալ: Նոյն ատեն ան հեռաձայնեց եւ արաբերէնով մասնագէտներու խումբ մը պահանջեց` վտանգազերծելու պայթուցիկով լեցուն շիշը:

– Երբեմն այսպիսի շիշերը 30-40 վայրկեան ետք ալ կրնան պայթիլ,- ըսաւ ան:

Արտոյին մօտեցան երկու պատանիներ.- Քեռի՛, արտօնէ, որ մենք կենանք քու տեղդ,- ըսին անոնք:

Արտոն արտօնեց: Պատանիները կարաժներու քովէն հին անիւ մը բերին, նաեւ երկու մեծ քարակտորներ եւ փակեցին ճամբան:

– Քանի՞երորդ էք,- հարցուցի պատանիներուն:

– Քանի մը օր առաջ տասներորդը վերջացուցինք,-պատասխանեցին:

Քառորդ ժամ չէր անցած, տղաքը արդէն ստուգած էին` դրացի շէնքերուն մէջ զոհեր չկային, վնասները միայն նիւթական էին:

Արտոն դարձեալ հեռաձայնեց, արաբերէն խօսեցաւ: Չլսեցի խօսակցութիւնը, բայց նկատեցի, որ ջղայնացած կ՛երեւէր:

Կրկին հեռաձայնեց. հայերէնով խօսեցաւ: Շատ չանցած` ինքնաշարժ մը կանգ առաւ չպայթած կազի թիւպին քով, երկու երիտասարդներ իջան, շիշը վերցուցին, դրին ինքնաշարժին մէջ եւ սուրալով հեռացան:

Արտոյին դէմքին նայեցայ.

– Ասո՞նք…. ,- ըսի:

– Ասոնք մեր տղաքն են,- ըսաւ տխուր ժպիտով:

Այս մանրապատումը իր աւարտին չի հասնիր, եթէ չըսեմ, որ պատանիներն ալ իրենց բերած ծանր քարերն ու անիւները տարին հոն, ուրկէ բերած էին: Ճամբան բաց էր հիմա:

Կէս ժամէն աւելի անցած էր: Պետական կամ զինուորական ոեւէ մէկը չհասաւ դէպքի վայր:

Այս քանիերո՞րդ անգամն է, որ ես մօտիկ կը գտնուիմ պայթիւններու վայրերուն եւ ամէն անգամ միայն հայ տղոց հանրածանօթ «Վոկըզվակըն»-ը կը տեսնեմ օգնութեան հասնող:

Որպէս վկայ` ես գրի առի ճշմարտութիւնը, միայն ճշմարտութիւնը եւ իմ ականատես եղած ամբողջ ճշմարտութիւնը:

Հալէպ, 17 մայիս 2016


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>