Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գէորգ Չաւուշ» Պատանեկան Միութեան` «Մայիսեան Յաղթանակներով» Հրապարակային Ձեռնարկ

$
0
0

badani-(3)_61116badani-(4)_61116«Մայիս 28-ը կը նշանակէ ամէն ինչ ստորադասել
ազգին ու հայրենիքին համար»

ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գէորգ Չաւուշ» պատանեկան միութեան, շաբաթ, 11 յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ կայացաւ «Մայիսեան յաղթանակներով» ձեռնարկը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու երաժշտական կատարողութենէն ետք, մարմիններու ներկայացուցիչներու, ծնողներու, բարեկամներու եւ պատանիներու ներկայութեամբ, բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ «Գէորգ Չաւուշ» պատանեկան միութենէն Սէրուժ Խանճիհանեան, որ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի մղած գոյութենական պայքարի արժէքին` շեշտելով այդ պայքարը շարունակելու մարտահրաւէրին անհրաժեշտութիւնը, նաեւ` այսօր: «Հայ ժողովուրդին նպատակը մէկ է` տեսնել ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան: Այո՛, այսօր մենք ունինք մեր ազատ ու անկախ հայրենիքը, բայց միշտ կը ձգտինք աւելիին: Մենք կ՛ուզենք այն, ինչ որ մեզի կը պատկանի, այն, ինչ որ մեր իրաւունքն է, եւ ո՛չ ուրիշին», եզրափակեց ան:

Ոգեւորիչ եւ ուշագրաւ ասմունքով հանդէս եկան պատանեկան միութեան անդամներ` Նաթալի Մարգարեանն ու Հրակ Մամիկոնեանը` Ժաք Ս. Յակոբեանի «Մեզի հայ կ՛ըսեն» կտորով: Ապա Ներսէս Ներսէսեան մեներգեց «Զինուորի մօր երգը»` կիթառի ընկերակցութեամբ Սէրուժ Խանճիհանեանի ու Գէորգ Պուտագեանի:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Աշոտ Բագրատունի, որ անդրադարձաւ Հայաստանի անկախութիւնը կերտած հերոսամարտերուն եւ քաջարի դիմադրութիւն ցուցաբերած եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան դրօշին տակ իրենց արիւնն ու քրտինքը թափած բազում կամաւորներուն: «1918 մայիսէն մինչեւ Լիզպոն, մինչեւ Արցախ, պատերազմի դաշտերէն մինչեւ դպրոցներ, ակումբներ ու ժողովասրահներ, Դաշնակցութեան պատգամը նոյնն է` ծառայել ու զոհուիլ», շեշտեց ան: Անդրադառնալով պատմութեան ժամանակաշրջանին հայրենիքի գոյութեան պայքարի ճամբուն վրայ ինկած նահատակներուն` Ա. Բագրատունի վեր առաւ զոհողութեան առաքինի արժէքը` թէ՛ մարտադաշտին մէջ եւ թէ՛ ալ մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ, որպէս մեր պայքարի շարունակականութեան երաշխիք: «Մենք մեր անձերուն մէջ պէտք է ամփոփենք թէ՛ դաշոյնը, թէ՛ գրիչը եւ թէ՛ բահը: Ինչպէս որ անոնք մեր զինանշանին վրայ կը հանդիպին, այնպէս ալ պէտք է մեր մէջ միանան», եզրափակեց ան:

badani-(2)_61116badani-(1)_61116ՀՅԴ քարոզչական մարմինին պատրաստած «Երբ միասին ենք, մայիս 28-ը կը կերտենք» տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք Գէորգ Եագուպեան ասմունքեց Անդրանիկ Ծառուկեանի «Հայ դրօշին» կտորը, որմէ ետք Սագօ Եագուպեան մեներգեց «Զինուորի երգը»` կիթառի ընկերակցութեամբ Սէրուժ Խանճիհանեանի:

«Մայիսեան յաղթանակներով» ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>