Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն . Մխիթարեան Միաբանութեան Ժամանակաւոր Նոր Վարչութիւնը

$
0
0

0604zekian

Վերջին տասնամեակներուն ընթացքին Մխիթարեան միաբանութեան դիմագրաւած տնտեսական եւ այլ կարգ մը հարցերու առնչութեամբ, իբրեւ նեցուկ եւ օժանդակ նման հարցերու լուծման համար, Վատիկանի կողմէ կարգուած էին, հերթաբար, մասնաւոր խորհրդականներ եւ գործակատարներ` տարբեր իրաւասութիւններով օժտուած:

Նկատի առած այն, որ այս հերթական «այցելութիւն»-ներէն ցարդ չէին քաղուած ակնկալուած վերջնական արդիւնքները, 30 ապրիլ 2016 թուակիր վճռագիրով Ֆրանչիսկոս պապը Մխիթարեան միաբանութեան համար պապական պատուիրակ նշանակեց, լիազօր իրաւասութեամբ, Պոլսոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Լեւոն արք. Զէքիեանը: Պատուիրակի իրաւասութիւնները լրիւ ի զօրու կը դառնան ստորագրութեան իրաւունքով նաեւ քաղաքական ատեաններու առջեւ, 1 յունիս 2016 թուականէն սկսեալ:

Նորակոչ պաշտօնավար սրբազանը միաբանութեան առօրեայ ընթացիկ գործերուն տնտեսման համար, իբրեւ իր ներկայացուցիչները նշանակած է Ս. Ղազարու մայրավանքին, եւ առ հասարակ միաբանութեան համար, նախկին ընդհ. աբբայ Եղիա վրդ. Քիլաղպեանը, իսկ Վիեննայի մենաստանին համար` նախկին տեղական աբբայ Պօղոս վրդ. Գոճանեանը:

Լեւոն արք. կ՛օգտուի հաղորդագրութեան ընծայած այս առիթէն` խնդրելու համար բովանդակ հայ ժողովուրդին եւ, յատկապէս, Հայաստանեայց սուրբ եկեղեցւոյ բոլոր ուխտի մանկանց աղօթքը եւ հոգեւոր սրտակցութիւնը` իրեն եւ հայ ժողովուրդի հոգեւոր ու մտաւոր անդաստանին մէջ երախտաշատ Մխիթարեան միաբանութեան համար:

ԴԻՒԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
Վենետիկ, Ս. Ղազարու Մայրավանք

31 մայիս 2016


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>