ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Նախորդ նամակով գրած էի պոլսահայ Սեւակ Պալըքճիի սպանութեան, թրքական զինուորական ատեանի անարդար որոշումին եւ Սեւակի քրոջ Երեւան տեղափոխութեան մասին: Սեւակին քոյրը` Լեռնան, տեղափոխուած էր Երեւան եւ իր ամուսինին, Շանթի հետ` Քասքատ թաղամասին մէջ բացած էր սրճարան¬ճաշարան մը` «Քոզի է լա վիթա» (կեանքը սա՛ է) անունով:
Լոս Անճելըսէն ժամանած ընկերներուս հետ պատահաբար այցելեցինք այս նորաբաց սրճարանը եւ ծանօթացանք Լեռնային: Իսկ երբ իմացանք, որ ան 24 ապրիլ 2011¬ին դաւադրաբար սպաննուած Սեւակի քոյրն է եւ այս նոր գործը սկսած է նաեւ Սեւակի յիշատակը վառ պահելու նպատակով, ուզեցինք անպայման իմանալ, թէ ի՞նչ դրդապատճառով անոնք հեռացած են Պոլիսէն եւ որոշած են Երեւան տեղափոխուիլ:
Լեռնան եւ Շանթը պատմեցին, որ Սեւակին սպանութենէն եւ երեք տարի տեւած դատական քաշքշուքներէ ետք, իրենք անդրադարձած են, որ այլեւս չեն կրնար ապրիլ Թուրքիոյ մէջ, թէեւ իրենց պապերը կու գան Արեւմտեան Հայաստանէն եւ Պոլիսը, ինչպէս միւս բոլոր պոլսահայերուն համար, եղած է իրենց դարաւոր տունը: Փաստերու եւ վկայութիւններու զեղծումներով զինուորական ատեանը մարդասպանին արարքը «արկած» համարած էր, ու թէեւ իրենք դիմած էին վերադաս դատարան, այսուհանդերձ, կեանքը արդէն դարձած էր անհամ ու տխուր: Գիտէին նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ շատ շատեր խորթ աչքով կը դիտէին իրենց քայլերը, եւ կրնային նոր, անտանելի բարդութիւններու առջեւ յայտնուիլ` չարակամ մարդոց անսպասելի արարքներուն պատճառով:
¬ Մեր զաւակը` Օտինը, պիտի մեծնայ եւ Թուրքիոյ օրէնքին համաձայն, պէտք է կատարէ զինուորական ծառայութիւն թրքական բանակին մէջ: Եղբօրս հետ պատահածէն ետք ինչպէ՞ս կրնամ զաւակս բանակ ուղարկել: Սեւակին հետ պատահածը կրնայ պատահիլ բանակին մէջ ծառայող ոեւէ հայու հետ, քանի դեռ արդար դատավճիռ չէ տրուած, ըսաւ Լեռնա:
Միջին Արեւելքի եւ Թուրքիոյ բազմահազար այլ հայերու նման`
Սեւակի քոյրն ու անոր ամուսինը, կ՛որոշեն արտագաղթել դէպի Արեւմուտք:
«Հռոմը շատ սիրեցինք, հարազատ էր մեզի եւ մտածեցինք, որ կրնանք նոր բոյն մը հիմնել հոն: Բայց ամէն ինչ փոխուեցաւ, երբ ամիսներ առաջ գործի մը պատճառով Երեւան այցելեցինք: Մեր առաջին այցելութիւնն էր: Տեսանք, թէ որքան խաղաղ, ապահով եւ հանգիստ քաղաք է Երեւանը: Ու մանաւանդ` հայկական է, Հայաստան է: Հաճելի անակնկալ էր մեզի համար եւ լաւ տպաւորութիւններով վերադարձանք Պոլիս ու որոշեցինք մոռնալ Հռոմն ու Ամերիկան եւ տեղափոխուիլ Հայաստան», պատմեց Շանթը:
Իսկ երբ հարց տուինք, թէ ինչո՞ւ ճաշարանի այս գործը սկսան, Լեռնա պատմեց հետեւեալը.
¬ Սեւակի զինուորական ծառայութեան աւարտին 17 օր մնացած էր: Ամէն անգամ երբ կը խօսէր մեզի հետ, միշտ կ՛ըսէր, որ բանակէն վերադարձին ճաշարան մը պիտի բանայ Պոլսոյ մէջ: Շատ կը սիրէր այս գործը, որ իրեն համար նաեւ արուեստ էր: Ազնիւ, մաքուր, բարի եւ զգայուն սիրտ ունէր եւ կ՛ուզէր նոր ճաշատեսակներ պատրաստել, բայց երազը կիսատ մնաց: Երբ Երեւան տեղափոխուիլ որոշեցինք, ամուսինս ու ես գործի տարբեր հնարաւորութիւններ ուսումնասիրեցինք, բայց մտքիս մէջ միշտ կար ճաշարան ունենալու Սեւակի երազը, եւ որոշեցինք այդ երազը իրականացնել, որպէսզի այս ձեւով շարունակած ըլլանք իր նպատակը, սակայն ոչ թէ Պոլսոյ, այլ` հայրենիքի, Հայաստանի մէջ:
Գրեցէ՛ք ինծի: