Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Սուլթան Սարսափա՜ծ…

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին Գերմանիոյ խորհրդարանի 2 յունիսի պատմական որոշումին, արձագանգին եւ հետեւանքին մասին միջազգային մամուլը, կայքերն ու պատկերասփիւռի կայաններ նոյն եւ յաջորդ օրը անմիջապէս անդրադարձան, ոմանք խմբագրականներով, ոմանք հեղինակաւոր մեկնաբաններու յօդուածներով, իսկ ուրիշներ իբրեւ լուր հաղորդեցին` իրերը իրենց իսկական անուններով կոչելով: Յաճախ արծարծուեցան թուրք-գերմանական, թուրք-եւրոպական ներկայի խնդիրները (ներգաղթեալներ, մուտքի արտօնագիր, ահաբեկչութիւն), սակայն Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ բացայայտ է, որ լացի եւ լռութեան պատերու ճեղքերը սկսած են խորանալ եւ ընդարձակուիլ աւելի արագ կշռոյթով: Մինչ Թուրքիոյ այժմու նախագահին մարմաջները անշուշտ ծանօթ են, հետաքրքրական է, որ արեւմտեան քանի մը թերթեր եւ կայքեր, կարծես խօսք մէկ ըրած, նոյն պահու եւ օրուան իրենց հրապարակումներուն մէջ Ռ. Թ. Էրտողանը անուանեցին… սուլթան:

Ն.

«ԵՆԻԱՔԻԹ» (Թուրքիա, ազգայնական լրատու կայք)

«Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ թրքական ծագումով 11 երեսփոխաններէն առնուազն 7-ն կողմ քուէարկած են բանաձեւին: Պատգամաւորներէն Կիւլիստան Եուքսել եւ  Մահմութ Օզտեմիր քուէարկութեան չեն մասնակցած: Հայկական բանաձեւի ընդունման աջակցած է գերմանական կառավարութեան մէջ պաշտօնավարող միակ թուրք նախարար Այտան Օզողուզ:»

«ԻՀԱ» (Թուրքիա, լրատու կայք)

Գերմանիա միացաւ այն երկիրներուն, որոնք 1915-ի դէպքերը կ՛անուանեն իբրեւ ցեղասպանութիւն: Այսպիսով, աւելի քան 20 երկիր ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ խօսք արտասանած Կանաչներու կուսակցութեան ղեկավար Ճեմ Օզտեմիր կրած է Ցեղասպանութեան 100-ամեակի  խորհրդանիշը` անմոռուկ կրծքանշանը: Խորհրդարանին մէջ Օզտեմիր  յայտարարած է. «Թուրքիոյ մէջ տակաւին իբրեւ վիրաւորանք կ՛օգտագործուի «հայ» բառը»:

«ԷՅ.ԱՐ.ՏԻ.» (Գերմանիա, տեղեկատուական ընկերութիւն)

Գերմանացիներուն  մեծամասնութիւնը կ՛աջակցի Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման: Ըստ Էյ.Ար.Տի. տեղեկատուական ընկերութեան կայացուցած հարցախոյզի արդիւնքներուն, բանաձեւին կողմ արտայայտուած է հարցախոյզին մասնակցածներուն 74 առ հարիւրը, եւ միայն 18 առ հարիւրը կարծիք յայտնած է, որ ատոր ընդունումը սխալ քայլ էր: Միաժամանակ 57 առ հարիւրը համոզուած է, որ բանաձեւի ընդունումը ժխտական հետեւանքներ կ՛ունենայ թուրք-գերմանական յարաբերութիւններու վրայ:

Հարցախոյզին մասնակցած գերմանացիներուն 91 առ հարիւրը կը խորհի, որ Թուրքիոյ` իբրեւ գործընկերոջ, կարելի չէ վստահիլ, իսկ Թուրքիան վստահելի գործընկեր համարած է միայն 7 առ հարիւրը:

«ՏԱԿԵՇՓԻԿԸԼ» (Գերմանիա)

Գերմանիոյ խորհրդարանի նիստին վարչապետ Անկելա Մերքելի բացակայութիւնը անոր անկարողութեան ապացոյցն էր: Վարչապետ Անկելա Մերքել, արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր եւ փոխ վարչապետ Սիկմար Կապրիէլ,  ներկայ չէին քուէարկութեան: Անոնք աւելի հաճելի ծրագիրներ ունին, քան` 100 տարի առաջ հայոց ջարդերու վրայ գլուխ ջարդելը: Անշուշտ Մերքել ատոր  փոխարէն Քոնկրեսին մէջ խօսք պիտի  արտասանէր, Շթայնմայեր պիտի մեկնէր լատինական Ամերիկա: Քուէարկութիւնը առանց անոնց ալ կայացաւ, սակայն արդեօ՞ք պարզ չէ, որ ժամանակացոյցը կարելի է փոփոխել, պայմանաւորուածութիւնը` առկախել, եթէ աւելի կարեւոր բանի մասին է խօսքը:

Քաղաքական տեսակէտէն անոնց բացակայութիւնը անկարողութեան ապացոյց է: Ցաւալի է, որ քուէարկութեան ժամանակ խօսքը միայն հայերու եւ անոնց պատմութեան մասին է, այլ ոչ թէ որոշապէս`  Էրտողանի դէմ: Բայց ատոր համար պէտք է դուք ձեզ կարենաք պահել իբրեւ վարչապետ, կուսակցութեան ղեկավար եւ արտաքին գործոց նախարար:

germany-parliament-vote_61016

«ՏԵՐ ՇՓԻԿԸԼ» (Գերմանիա)

Գերմանիա կը վախնայ, որ 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունումը խորհրդարանին մէջ կրնայ վերջ տալ Թուրքիոյ հետ երկկողմանի համագործակցութեան: Խօսքը նախ ռազմական մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան մասին է, մասնաւորապէս Թուրքիոյ մէջ գերմանական «Թոռնէյտօ» հետախուզական օդանաւերու տեղակայման եւ ներգաղթեալները  Եգէական ծովուն մէջ ապօրինի փոխադրողներու դէմ միացեալ առաքելութեան մասին: Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը մտավախութիւններ ունի, որ բարկացած Թուրքիա կրնայ սկսիլ խոչընդոտել կամ նոյնիսկ դադրեցնել միացեալ ծրագիրներու իրականացումը:

Նախքան 2 յունիսի քուէարկութիւնը` Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ուրսուլա վոն տեր Լեայէն բարձրաստիճան զինուորականներու հետ քննարկած է Թուրքիոյ հնարաւոր արձագանգը: Անոնք յանգած են այն եզրակացութեան, որ նկատի առնելով Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Թայիփ Էրտողանի քմահաճութիւնն ու անկանխատեսելիութիւնը` անհրաժեշտ է նկատի առնել միացեալ գործողութիւններու համար հնարաւոր հետեւանքները:

Թուրքիա Գերմանիոյ ռազմավարական գործընկերն է «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարին մէջ: Գերմանական հետախուզական օդանաւերը, որոնք Սուրիոյ եւ Իրաքի տարածքներու վերեւ կը շրջագային եւ կը լուսանկարեն, արդէն քանի մը ամիս է օդ կը բարձրանան թրքական Ինճիրլիքի օդուժի խարիսխէն, հակառակ անոր որ ատոնց տեղակայման մասին համաձայնագիրի վերաբերեալ պաշտօնական բանակցութիւնները տակաւին կը  շարունակուին: Քննարկումները առանց ատոր ալ կ՛ընթանան լարուած իրավիճակի մէջ, իսկ հերթական տարակարծութիւնը կրնայ աւելի բարդացնել ատոնք: Բացի ատկէ, բանաձեւը կրնայ խանգարել Թուրքիայէն Յունաստան ներգաղթեալներու ապօրինի տեղափոխութեան «պիզնես»-ին դէմ պայքարի վերաբերեալ ՕԹԱՆ-ի առաքելութեան իրականացումը: Այդ առաքելութիւնը կը ղեկավարէ Գերմանիա: Այս հանգամանքը հաւանաբար կը բարդացնէ բանակցութիւնները Անգարայի հետ` հսկողութեան գօտիի ընդարձակման հարցին մէջ: Աւելի՛ն. այդ առաքելութիւնը կրնայ ընդհանրապէս ձախողիլ:

«ԻԼ ՄԱՆԻՖԵՍՏՕ» (Իտալիա)

Թուրքիա հարիւր տարի չէր լռեր, եթէ չըլլային անոր դաշնակիցները, որոնց շարքին` Միացեալ Նահանգներ: Թուրքիոյ պատասխանատուութիւնը կարելի է համեմատել նացիներու պատասխանատուութեան հետ:

Քրեմլինի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով իր կարգին, պէտք է ըսել` ոչ առանց բաւականութեան, Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի ընդունումը անուանած է Պերլինի գործը: Հերթական ապտակը Թուրքիոյ` Փութինէն, որ օգտուելով իրավիճակէն` կը վերահաստատէ Հայաստանի հօր եւ հովանաւորի իր դերը: Միջազգային քաղաքականութեան այս չարագուշակ պարին մէջ անցեալը մոռնալու ցանկութիւնը միայն Թուրքիոյ մէջ չէ: Հարիւր տարուան լռութիւնը չէր ըլլար, եթէ Անգարա չգտնէր իրեն համար լաւագոյն դաշնակիցներ, որոնց շարքին` Միացեալ Նահանգները: Նախագահ Օպամայի նախընտրական խոստումը` արտասանել «ցեղասպանութիւն» բառը, այդպէս ալ անկատար մնաց: Միացեալ Նահանգներու ոչ մէկ  նախագահ համարձակութիւն ունեցաւ ըսելու այդ բառը: Եւ Իսրայէլ, հակառակ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած բազմաթիւ հրեաներու ջանքերուն, այդպէս ալ պաշտօնապէս չէ ճանչցած ատիկա: Պատճառը քաղաքական եւ ռազմական մտերմութիւնն է` սկիզբը Թուրքիոյ, իսկ հիմա ալ Ազրպէյճանի հետ (որուն ան զէնք կը մատակարարէ):

Հայաստանի խորհրդանշական յաղթանակը կրնայ  բարդացնել իրավիճակը: Երեւան առանձին մնացած է` շրջապատուած աւելի ուժեղ հակառակորդներով:

«ՔՈՐԻԷՐ ՏԵԼԼԱ ՍԵՐԱ» (Իտալիա)

Թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ հայկական արմատներով իտալացի գրող, «Արտոյտներու ագարակը» գիրքի հեղինակ Անտոնիա Արսլան ըսած է. «Թուրքերու զայրացած արձագանգը ցոյց կու տայ, որ  նոյնիսկ 101 տարի անց որքան կարեւոր է Գերմանիոյ  կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը: Եւրոպական խորհրդարանը արդէն երեք անգամ խոստովանած է, որ Թուրքիա պէտք չէ Եւրոպական Միութեան անդամ դառնայ` առանց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու: Սակայն մեծ կշիռ կրնան ունենալ Եւրոպական յանձնաժողովի կամ ազգային խորհրդարաններու որոշումները: Յատկապէս` Պերլինի: Որովհետեւ 120 տարի Գերմանիա, նախ Օսմանեան կայսրութեան, ապա ժամանակակից Թուրքիոյ դաշնակիցն է: 1914 թուականին պատերազմի մէջ մտնելով` գերմանական Ռայխը զօրք ուղարկեց Օսմանեան կայսրութիւնը վերակազմաւորելու համար, առեւտրական համաձայնագիրներ կնքեց: Գերմանացի աշխատաւորները սկսան Պերլին-Պաղտատ ճամբան կառուցել, եւ այդ աշխատաւորները, սարսափած իրենց տեսածէն, սկսան փրկել հայերը` զանոնք ներկայացնելով իբրեւ իրենց ընկերներ:

Այս ճանաչումը միայն ձեւական է, բայց թուրքերու  զայրացած արձագանգը ցոյց կու տայ, թէ որքան կարեւոր է ճանաչումը: Ատիկա ուժեղ ազդանշան է: Պատմաբաններուն 98 առ հարիւրը համակարծիք է ասոր` 1913-16 թուականներուն Կ. Պոլսոյ մէջ  ամերիկեան դեսպան Հենրի Մորկնթաուի օրագիրներու, հրեաներու վկայութիւններու հիման վրայ, որոնք անհանգստութեամբ կը հետեւէին կատարուածին` մտավախութիւն ունենալով, որ նոյնը նաեւ իրենց հետ տեղի պիտի ունենայ:

ngar-3_61016

«ՏԷՕՉԷ ՈՒԵԼԼ» (Գերմանիա)

Գերմանիոյ խորհրդարանը կը յիշեցնէ 100-ամեայ Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Եւ ատիկա ճիշդ է: Անցեալի մասին յիշողութեամբ միայն կարելի է միացեալ ապագայ կառուցել: Բ. Համաշխարհային պատերազմի աւարտին 40-ամեակին առիթով Գերմանիոյ նախագահ Ռիխարտ վոն Վայցզեկըր 8 մայիս 1985-ին արտասանած իր անմոռանալի ճառին մէջ մանրամասնօրէն կանգ առաւ հետեւեալ իմաստութեան վրայ. «Մոռնալու ցանկութիւնը կ՛երկարէ տարագրութիւնը, իսկ մեղքը քաւելու գաղտնիքը յիշողութեան մէջն է»:

Կենսական է առերեսուիլ սեփական պատմութեան հետ: Բոլորովին վերջերս ատիկա ցուցադրեցին Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելն ու Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտը, որոնք այցելեցին Վերտէօնի ճակատամարտին մէջ զոհուածներու գերեզմանները: Այդ հաւաստումը, անկեղծ յիշողութեան այդ կոչը անհրաժեշտ է կիրարկել նաեւ ճակատագրի պարագային 1,5 միլիոն հայերու, որոնք 100 տարի առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ սպաննուեցան, ոչնչացուեցան: Ատիկա ցեղասպանութիւն էր, որուն պատճառով, 1915 թուականի ապրիլէն սկսեալ, հարիւր հազարաւոր մարդիկ սպաննուեցան, հիմնականին մէջ ուղղափառ քրիստոնեաներ` հայեր, ասորիներ, պոնտացիներ: «Անոնց ճակատագիրները զանգուածային կոտորածներու, ցեղային զտումներու, տեղահանման, ցեղասպանութեան օրինակներ են, որոնց սարսափելի կնիքը մնացած է 20-րդ դարու  վրայ», ըսուած է Գերմանիոյ խորհրդարանի Քրիստոնեայ ժողովրդավարական միութիւն եւ Գերմանիոյ Սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութիւններու միացեալ ուղերձին մէջ:

Այսպիսով, նշուած քաղաքական ուժերու, ինչպէս նաեւ գերմանական Կանաչներու կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ, Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ կը խօսին Ցեղասպանութեան մասին: Եւ ատիկա ճիշդ է: Արդէն բազմաթիւ տարիներէ ի վեր գերմանական խորհրդարանը կը զբաղի 1915-16 թուականներու  իրադարձութիւններով: 2015-ի ապրիլին այդ հարցով քուէարկութիւնը յետաձգուեցաւ աւելի քան 12 ամիս` մինչեւ 2 յունիս: Եւ «ցեղասպանութիւն» եզրը առկայ է գերմանական խորհրդարանի կուսակցութիւններու այժմեան ուղերձի վերնագիրին մէջ: Բացի ատկէ, փաստաթուղթին մէջ յստակ (շատ աւելի, քան նախկինին մէջ) անդրադարձ կայ նաեւ Գերմանիոյ դերին: «Գերմանիոյ խորհրդարանը կը ցաւի կայսերական Գերմանիոյ անփառունակ դերակատարութեան առիթով, որ իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան գլխաւոր ռազմական դաշնակից, հակառակ վկայութիւններուն, չփորձեց կանխել մարդկութեան դէմ իրագործուող յանցագործութիւնը», ըսուած է փաստաթուղթին մէջ:

Ինչո՞ւ այդ բնաբանը կրկին կ՛արծարծուի: Քանի որ պատմութեան հիմնական իրադարձութիւնները անժամանցելի են: Ատիկա կը վերաբերի նաեւ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ արիւնալի հակամարտութիւններուն: Գերմանիոյ խորհրդարանին որոշումը տրուեցաւ արտաքին քաղաքական անյարմար ժամանակաշրջանի մէջ: Խօսքը ե՛ւ պատկերասփիւռի հաղորդավար Եան Պիոմերմանի մասնակցութեամբ դէպքին, ե՛ւ Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած ներգաղթեալներու հարցով համաձայնագիրի եւ, իբրեւ այդ համաձայնութեան մաս, Թուրքիոյ քաղաքացիներու համար Եւրոպա մուտքի արտօնագիրը չեղեալ նկատելու մասին է: Բայց այն հարցին մէջ, որ այդ «անյարմար» ժամանակը յաճախ կու գայ, նաեւ թրքական կողմին մեղքը կայ: Միաժամանակ, սպառնալիքներու լեզուն, որով կը փորձեն խօսիլ որոշ պատգամաւորներու հետ, չ՛օգներ: Խօսքը ոչ թէ սերունդներու մեղքի մասին է, այլ` անոնց պատասխանատուութեան, որոնք պէտք է յիշեն ոչ միայն իրենց պատմութեան լուսաւոր, այլ նաեւ մութ էջերը: Յիշողութիւնները ազատութիւն կը շնորհեն: Լաւ է, որ Պունտեսթակը կը յիշեցնէ այդ մասին: Գերմանացիներո՛ւն: Նաեւ` թուրքերո՛ւն:

«ՌՈՅԹԸՐԶ» (Բրիտանիա)

«Գերմանիա Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւով ջղայնացուցած է Թուրքիան:Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա  Մերքել ի վիճակի չեղաւ կասեցնել փաստաթուղթի ընդունումը»:

ngar-1_61016

«ՊԻ.ՊԻ.ՍԻ.» (Բրիտանիա)

Բանաձեւի բովանդակութեան վերնագիրին մէջ կը  յիշատակուի «ցեղասպանութիւն» բառը, ինչպէս նաեւ կը նշուի, որ Գերմանիա (Օսմանեան կայսրութեան այն ժամանակուան դաշնակիցը) որոշ պատասխանատուութիւն կը կրէ անոր համար, որ ոչինչ ըրած է հայերու սպանութիւնը կանխելու համար:

«ՏԻ ԻՔՈՆՈՄԻՍԹ» (Բրիտանիա)

Թուրքիա բանաձեւին կը պատասխանէ սովորական ջղային եղանակով: Քուէարկութիւնը անբարենպաստ պահու կ՛ընթանայ Անկելա Մերքելի համար, որ Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ ներգաղթեալներու վերաբերեալ գործարքի ճարտարապետն է:

«ՖԱՅՆԵՆՇԸԼ ԹԱՅՄԶ» (Միացեալ Նահանգներ)

«Ո՛չ Գերմանիոյ վարչապետը, ո՛չ արտաքին գործոց նախարարը ներկայ եղան քուէարկութեան: Վարչապետի տեղակալ Զիկմար Կապրիէլ հրապարակաւ աջակցեցաւ քուէարկութեան, մինչ արտաքին գործոց նախարար Շթայնմայեր չըրաւ ատիկա»:

«ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ» (Միացեալ Նահանգներ)

Գերմանիոյ Թուրքիոյ օգնութիւնը անհրաժեշտ է ներգաղթեալներու ճգնաժամի լուծման համար, սակայն ինքը` Մերքել ճնշման ենթարկուած է, բայց Գերմանիոյ վարչապետը չէր ուզեր այնպիսի տեսք ունենալ, թէ կրնայ նահանջել ճնշման պատճառով:

«ՖՈՐԷՅՆ ՓՈԼԻՍԻ» (Միացեալ Նահանգներ)

Տարին բարդ էր գրեթէ բոլորին հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու համար: Թուրքիոյ կառավարութիւնը զայրացած է ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ սուրիացի քիւրտերու կողմը անցնելու` Ուաշինկթընի որոշման առիթով, մինչ Անգարա անոնք Թուրքիոյ դէմ ահաբեկչական յարձակումներու մասնակից կը նկատէ: Իսկ Մոսկուայի հետ Անգարայի յարաբերութիւնները լարուեցան, երբ անցեալ տարուան նոյեմբերին թրքական ուժերը վար առին ռուսական օդանաւը: Բացի ատկէ, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան այնքան զայրացած է գերմանական պատկերասփիւռի կայանէն զինք ծաղրելու դէպքին առիթով, որ դատական հայց ներկայացուցած է երգիծաբան Եան Պիոմերմանի դէմ:

Այս բոլոր խնդիրներուն վրայ աւելցաւ նաեւ գերմանական խորհրդարանի որոշումը. քայլ, որուն Էրտողանի կառավարութիւնը ամէն ձեւով կը դիմակայէ եւ կը ձգտի կանխել իրադարձութիւններու զարգացումը, որուն շարքին` Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ըստ Ուաշինկթընի Ռազմավարական եւ միջազգային հետազօտութիւններու կեդրոնի թրքական ծրագիրներու  հիմնադիր եւ ղեկավար Պիւլենթ Ալիռեզայի, դեռ կանուխ է խօսիլ այն մասին, թէ որքանով կրնայ այս քուէարկութիւնը ազդել երկու երկիրներու  երկարաժամկէտ յարաբերութիւններուն վրայ:

ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ (Միացեալ Նահանգներ)

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Թուրքիա կրկին ինկած է հերթական ջղագարութեան մէջ, որ դարձած է գրեթէ տարեկան վարժանք` իր մութ անցեալի մասին ճշմարտութիւնը լսելու պատճառով: Այս անգամ երկիրը ետ կանչած է Պերլինի մէջ իր դեսպանը եւ սպառնացած է, որ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ բացարձակ մեծամասնութեամբ ընդունուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ: Թուրքիա ասիկա կ՛ընէ ամէն անգամ, երբ որեւէ օտար երկիր կը համարձակի չհամաձայնիլ իր վարկաբեկուած պնդումներուն հետ, թէ` հայերը զոհուած են Ա. Համաշխարհային պատերազմի դաժան հանգամանքներուն պատճառով եւ ոչ ժողովուրդը վերացնելու կանխամտածուած փորձի պատճառով:

Ո՛չ, ատիկա ցեղասպանութիւն էր, 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Պատմաբանները հիմնաւոր կասկածէ դուրս հաստատած են, որ 1,5 միլիոն հայ միտումնաւոր սպաննուած կամ ուղարկուած է մահուան երթի 1915-1916 թուականներուն փլուզուող Օսմանեան կայսրութեան կողմէ, վախնալով, որ անոնք եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններ կրնան պատերազմի ընթացքին կանգնիլ Ռուսիոյ կողքին: Ամբողջ աշխարհի մէջ սփռուած միլիոնաւոր հայերու համար ճանաչման հասնիլը, որ կոտորածները ցեղասպանութիւն էին` կանխամտածուած ոճրագործութիւն եւ ոչ կողմնակի վնաս, երկար եւ  կրքոտ ազգային առաքելութիւն մը եղած է, որուն արդիւնքը եղած է աւելի քան 20 երկիրներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը:

Հայերը ամբողջովին արդար են պատմական պատասխանատուութեան իրենց ձգտումին մէջ: Բայց որքան շատ աշխարհը կը ճանչնայ զայն, այնքան աւելի յարձակողական կը դառնայ Թուրքիա: Քանի մը տարի առաջ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան դեռ յարաբերականօրէն լայն հայեացքներու տէր վարչապետ էր, ան պատրաստ կը թուէր Հայկական հարցի վերաբերեալ աւելի հաշտուողական դիրքորոշում ստանձնելու: Ատիկա տեղի չունեցաւ, եւ աւելի ու աւելի բռնակալական դարձող Էրտողանը նախազգուշացուց Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը, որ Գերմանիոյ հետ դիւանագիտական, տնտեսական, առեւտրային, քաղաքական եւ ռազմական յարաբերութիւնները կը վնասուին բանաձեւի ընդունման պարագային:

Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի կարեւոր դաշնակիցն է Միջին Արեւելքի ցնցումներուն, եւ յատկապէս կարեւոր է Գերմանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան համար, որոնք կը փորձեն կանգնեցնել սուրիացի ներգաղթեալներուն հոսքը: Մերքել ներկայ չէ եղած քուէարկութեան, թէեւ ան դէմ չէ եղած ատոր:

Միացեալ Նհանգներու նախագահ Պարաք Օպաման, որ 2008 թուականին նախագահի թեկնածու ըլլալու ժամանակ խոստացած է 1915 թուականի դէպքերը իբրեւ  ցեղասպանութիւն ճանչնալ, այդպէս ալ չիրագործեց ատիկա: Հայերու եւ ՕԹԱՆ-ի իր դաշնակիցներուն հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն հասցուած վնասի պատասխանատուութիւնը թուրքերուն մեծամասնութեանն է, որ կը հրաժարի ճանչնալէ իր պատմութեան մութ կէտը, եւ ոչ` անոնցը, որոնք կը ձգտին յիշատակել ողբերգութիւնը: Գերմանացիները, որոնք հիանալի կերպով առերեսուած են իրենց իսկ պատմութեան սարսափելի ցեղասպանութեան, ճիշդ քայլ առին`  չենթարկուելով Էրտողանի սպառնալիքներուն:

«ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» (Բրիտանիա)

Ռոպերթ Ֆիսք

erdogan_and_the_genocide_on_armenians__marian_kamensky

«Թուրքերը միշտ կը սպառնան, երբ մէկը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ ճանաչել պատմական փաստերը. այն, որ 1,5 միլիոն քրիստոնեայ հայեր 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան մէջ ցեղասպանութեան զոհ դարձան: Բայց արդեօ՞ք սուլթան Էրտողան կը կարծէ, թէ  Գերմանիա Ողջակիզումը ժխտելու ուղին կ՛ընտրէ: Հայոց ցեղասպանութեան մասին ամբողջ աշխարհը գիտէ (բացի, անշուշտ, թուրքերէն): Թրքական կառավարութեան կողմէ արդէն եղան սովորական դարձած սպառնալիքները Գերմանիոյ հասցէին, նաեւ զայրացած ելեկտրոնային նամակներ ուղղուեցան գերմանացի պատգամաւորներուն, սակայն խորհրդարանական բանաձեւը հաստատեց փաստը, որ օսմանեան Թուրքիա Գերմանիոյ դաշնակիցն էր, երբ կ՛իրագործէր այդ վայրագութիւնները, եւ որ Գերմանիա բաւարար քայլեր չէ ձեռնարկած` ցեղասպանութիւնը կանխելու համար:

Խե՜ղճ Անկելա Մերքել, որ տակաւին կ’աղօթէ, որպէսզի սուլթան Էրտողան աջակցի իրեն կաշառակերութեան գործողութեան իրականացման հարցին մէջ եւ ներգաղթեալներուն թոյլ չտայ Եւրոպական Միութիւն թափանցել, 1,5 միլիոն եւրոյի եւ եւրոպական գօտի առանց մուտքի արտօնագիրի դիմաց: Հայերու գանկերն ու ոսկորները մինչեւ հիմա թաղուած են թրքական սահմանէն դէպի հարաւ, որ ներկայիս կը գտնուի «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման հակակշիռին տակ: Եւ երբ «Նուսրայի ճակատ»-ը գրաւեց Տէր Զօրի մէկ մասը, անոնք պայթեցուցին սուրիական քաղաքի հայկական եկեղեցին, դուրս բերին ցեղասպանութեան զոհերու ոսկորներն ու փողոց նետեցին: Գերմանացի որոշ պաշտօնատարներ, որոնք սկզբնական ցեղասպանութեան ականատեսներն էին, իրենց «փորձը» կիրարկեցին Ողջակիզումի ժամանակ: Եւ Հիթլեր, պատրաստուելով 1939 թուականին Լեհաստան ներխուժելու, իր զօրավարներուն հարցուց. «Ո՞վ այսօր կը խօսի հայերու ոչնչացման մասին:

Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած են Ֆրանսան, Ռուսիան եւ առնուազն 18 այլ երկիրներ, ինչպէս նաեւ` Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը:Կը շարունակէ բացառութիւն մնալ Միացեալ Նահանգներ: Գրեթէ ամէն տարի թրքական զօրավարներու նեղ շրջանակի` Ուաշինկթըն այցելութիւնները, իբրեւ կանոն, բաւական են, որպէսզի Սպիտակ տունը գոհացնէ զանոնք: Արդեօ՞ք Թուրքիոյ պէտք չեն Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքին մէջ կարեւոր խարիսխները, որոնց միջոցով Միացեալ Նահանգներ կը պատերազմին «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման  ահաբեկիչներու դէմ (եւ որոնց օգնութեամբ Թուրքիա հիմա կը պատերազմի քիւրտերու դէմ):

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>