«Յորդանանի Հայերը» Գիտաժողովը
Աւարտեց Իր Աշխատանքները
Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին կազմակերպած «Յորդանանի հայերը» գիտաժողովը աւարտեց իր աշխատանքները:
Կիրակի, 22 մայիս 2016-ի երեկոյեան պաշտօնական բացման հանդիսութեան, ի ներկայութեան հիւրերու, լիբանանահայ մշակութային դէմքերու, Միջին Արեւելքի հայօճախներու պատմութեամբ հետաքրքրուող մտաւորականներու` կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ Յորդանանի հայօճախին առանձնայատկութիւններուն եւ կարեւոր նկատեց գիտաժողովին նշանակութիւնը:
Կարդացուեցաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժինի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի ողջոյնի գիրը:
Ի բացակայութեան Յորդանանի Ալ-Պէյթ համալսարանի գրականութեան եւ մարդասիրական բաժանմունքի տեսուչ դոկտ. Հինտ Ապու Շըըրի, անոր զեկոյցը կարդաց Հայկազեան համալսարանի արուեստից եւ գիտութեան կաճառներու տեսուչ դոկտ. Արտա Էքմեքճին:
Դոկտ. Ապու Շըըրի զեկոյցը` «Յորդանանի նոր շրջանի պատմութիւնը` օսմանեան եւ ազգային իշխանութեան շրջանին (1850-1946)», համապարփակ ներկայացուց ներկայ Յորդանանի պատմական մօտիկ անցեալը, վարչական առնչութիւնը Պիլատ Ալ-Շամի հետ, տնտեսական-ժողովրդագրական տեղաւորումները, շրջանին ռազմավարական եւ կրօնական նշանակութիւնը: Զեկոյցը`պետութիւն-ժողովուրդ փոխյարաբերութեան, ընկերային-գիտական ու կառավարման յառաջընթացին խորապատկերին վրայ ներկայացուց 20 հազար հայ աքսորեալներու ժամանումը արեւելեան Յորդանան, անոնց ընդունումը տեղաբնիկներուն եւ իրենցմէ շուրջ կէս դար առաջ նոյն շրջանը հաստատուած չերքէզներուն կողմէ: Զեկոյցը ընդգծեց հայ աքսորեալներուն նպաստը շրջանի յառաջընթացին` երկրագործութեան, ոռոգումի համակարգին, մեքենաշինութեան, լուսանկարչութեան, կօշկակարութեան, ատաղձագործութեան եւ կենցաղային կարգ մը ոլորտներուն: Այդուհանդերձ, զեկոյցը կ՛ընդգծէր, որ առատ չեն տեղական աղբիւրները` 1915-1918 շրջանին Յորդանան աքսորուած հայերուն մասին, աւելցնելով նաեւ, որ մանաւանդ առաջին տարիներուն մասին կան տեղաբնիկներու հատուկենտ յուշեր, որոնք կը խօսին աքսորեալ հայերուն արհեստաւորութեան, ձեռքի ճարտարութեան, երգերուն եւ հողագործութեան յառաջացեալ մակարդակին մասին: Յուշերը կը խօսին նաեւ խառն ամուսնութիւններու, Շերիֆ Հիւսէյնի ապստամբ բանակին միացող եւ թուրքերուն դէմ կռուելու ձգտող հայերու մասին:
Բացման հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի փակման խօսքով:
Հանդիսութեան յաջորդեց յորդանանահայ տաղանդաւոր լուսանկարիչ Միրօ Գիզիրեանի լուսանկարչական ցուցահանդէսը: Ցուցադրուած էին նաեւ Յորդանանի հայօճախին պատմութեան վերաբերող կարգ մը գիրքեր եւ սաղիմաբնակ խեցեգործ Նշան Պալեանի խեցեղէն սալիկներու ստեղծագործութիւններու փունջ մը:
Երկուշաբթի, 23 մայիսի առաւօտեան ժամը 8:30-ին սկիզբ առին գիտաժողովի նիստերը: Գումարուեցան վեց նիստեր, որոնց ընթացքին կարդացուեցան 21 զեկոյցներ` Գերմանիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն, Յորդանանէն եւ Պէյրութէն ժամանած փորձագէտներէ ու մասնագէտներէ: Զեկոյցները խմբաւորուած էին ըստ բնագաւառներու. 1) Պատմութիւն, Պետութիւն եւ ժողովրդագրութիւն, 2) Ծայրամասեր, 3) Կազմակերպութիւններ եւ հաստատութիւններ, 4) Նոր ժամանակներ եւ 5) Ինքնութեան խնդիրներ:
«Հայկական աւատները Յորդանանի մէջ (ԺԲ.-ԺԴ. դարեր)» զեկոյցով փրոֆ. Քլոտ Մութաֆեան ընդգծեց, որ Երուսաղէմի Ս. Թորոս գրադարանին մէջ կայ 1319-ին Դրազարկ (Կիլիկիա) ընդօրինակուած ձեռագիր մը, որ 1329-ին նուիրուած է Քարաքի հայկական եկեղեցիին` Լեւոն Դ. թագաւորին կողմէ: Անձնական այսպիսի նուէր մը թագաւորին կողմէ` հաւանաբար կ՛արտացոլացնէ յորդանանեան այս ոստանին մէջ հայկական կարեւոր բնակչութեան մը գոյութիւնը: Ան աւելցուց սակայն, որ այլ աղբիւրներ առայժմ յայտնաբերուած չեն, նշելով հանդերձ, թէ 1335-ին Երուսաղէմի մէջ Ներսէս Կրակացիի կողմէ ընդօրինակուած ձեռագիրը կրնայ նկատի ունենալ Քարաքը` իբրեւ յիշատակագիրին ծննդավայր:
«Յորդանանի տարածքը Հայոց ցեղասպանութեան շրջանին. բռնագաղթուածներ, սով եւ պատերազմ» վերնագրեալ զեկոյցով դոկտ. Հիլմար Քայզեր նշեց Յորդանան գետի արեւելեան տարածքին ռազմավարական նշանակութիւնը` Հիճազի երկաթուղագիծին պատճառով: Ցանցառ բնակչութեամբ այս շրջանը կը գտնուէր Ճեմալ փաշայի հրամանատարութեամբ օսմանեան չորրորդ բանակին իրաւասութեան տակ. ան ձեւով մը յետնամաս կը նկատուէր, ուստի յարմար վայր` հայ տեղահանուածներ ուղղորդելու` 8 յուլիս 1915-էն սկսեալ: Պայման էր, որ տեղաւորուող հայերը առնուազն 25 քմ հեռու ըլլային երկաթուղագիծէն: Ասիկա օսմանեան տեղաւորման առաջին ծրագիրը չէր: 1870-ականներէն սկսեալ չերքեզ գաղթականներ տեղաւորուած էին Հաուրանի մէջ, իբրեւ հակակշիռ` արաբ վաչկատուններու եւ գիւղացիներու:
Աքսորի ճամբուն վրայ հայերը ենթարկուեցան դժուարութիւններու եւ բրտութեան, իսկ օսմանեան իշխանութիւնները մօտէն հետեւեցան գաղթականներու փրկութեան տոկոսին: Ուսումնասիրութիւնը օսմանեան արխիւային նոր նիւթ հրամցուց այս առնչութեամբ, վիճակագրական տուեալներով զուգորդեց արեւմտեան աղբիւրներու եւ վկայութիւն-յուշերու տուեալները:
«Յորդանանի սահմանադրութիւնը եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները» զեկոյցին մէջ փրոֆ. Ճոն Արմաճանի Յորդանանի 1952-ի սահմանադրութեան հենքին վրայ անդրադարձաւ իսլամութեան դերին` Յորդանանի սահմանադրութեան մէջ` նշելով, թէ սահմանադրութիւնը կը հաստատէ կրօնի, լեզուի, ցեղի անխտրականութեան: Զեկոյցը անդրադարձաւ նաեւ սահմանադրութեան տրամադրած իրաւունքներու եւ պահպանակներու լայն ծիրին` ուշադրութեան առարկայ դարձնելով Յորդանանի հայերուն եւ այլ կրօնական ու/կամ ցեղային փոքրամասնութիւններուն վրայ անոնց կիրարկումին հետեւանքները: Զեկոյցը ընդգծեց նաեւ այն հսկայ ուժն ու հեղինակութիւնը, որոնք սահմանադրութիւնը կը շնորհէ թագաւորին, որ պետութեան եւ երկրին գլուխն է:
Հիմնուելով 1969-ին կառուցուած Ամմանի Ս. Թադէոս եկեղեցիին պսակի, մկրտութեան եւ թաղման տոմարներուն տուեալներուն վրայ` դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան ներկայացուց ամմանահայ ժողովրդագրական պատկերի կարգ մը երեսակներ` անոնց պապենական արմատներուն, արհեստներուն, մահացութիւններուն պատճառներուն, մանկական մահացութիւններուն, կրօնական հոգածութեան եւն. ու լուսաբանական բաղդատութիւն մը կատարեց Ամմանի եւ Պէյրութի Նոր Հաճնոյ հայութեան վերոյիշեալ տուեալներուն միջեւ:
Դոկտ. Աննա Օհաննէսեան-Շարփենի «Յորդանանի հարաւի հայ պետեւի յետնորդները» զեկոյցը նկատի ունէր իսլամ ցեղախումբերու մէջ ամուսնացած հայուհիները, անոնց ունեցած ազդեցութիւնը` կազմուած ընտանիքներուն կենցաղին, մտայնութեան եւ ապրելակերպին վրայ: Զեկոյցը անդրադարձաւ այն դրական յիշողութիւններուն, որոնք ամրագրուած էին թէ՛ վերոյիշեալ հայուհիներուն յետնորդներուն եւ թէ՛ միջավայրին նորահաս սերունդին մէջ:
Ի բացակայութեան ամմանահայ Ալին Պեննէեանի, անոր զեկոյցը կարդաց Հայկազեան համալսարանի հայագիտական ուսմանց ուսանող Լիլա Փամուքեանը: «Ճարաշի հայերը» վերնագրեալ զեկոյցը անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան շրջանին եւ յաջորդող տարիներուն Ճարաշ հաստատուած հայերու ունեցած ազդեցութեան` տեղի հողագործական մշակոյթի, ոռոգման համակարգերու եւ ալրաղացութեան գործարքներուն մէջ: Յատկանշական էր, որ հայերը նորոգած էին հռոմէական շրջանէն մնացած ջրաղացները եւ գործածած զանոնք` ցորեն աղալու համար:
«Ամմանի Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութեան մասնաճիւղը» նիւթով զեկուցեց ամմանահայ Սիլվա Պաղսարեան: Ան լուսարձակի տակ առաւ1938-ին Ամմանի մէջ հիմնուած մասնաճիւղը ՀՄԸՄ-ին, մանրամասնեց միութեան գործունէութիւնը, մարզական նուաճումները, գործունէութեան ծիրը, զարգացման հանգրուանները, արձանագրած յաջողութիւններն ու դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ գործակցութիւնն ու մասնակցութիւնը` տեղական նման կազմակերպութիւններու թէ Համա-ՀՄԸՄ-ական ձեռնարկներու:
Ծագումով ռուսէյֆացի, ամմանահայ Յակոբ Սերփեքեան «Ռուսէյֆայի Հայերը» զեկոյցով ներկայացուց 1920-ի սկիզբները այնտեղ տեղաւորուած մեծ մասամբ մարաշցի շուրջ 25 հայ ընտանիքներուն կեանքն ու առօրեան, 1928-ին հիմնուած առաջին հայկական դպրոցը եւ 1934-ին կառուցուած եկեղեցին: Սերփեքեան անդրադարձաւ հայերուն` տեղաբնիկներուն հետ զարգացուցած եղբայրական ու հարազատ յարաբերութեանց, բացատրեց հայոց բերած նպաստը Ռուսէյֆայի հողագործութեան, բանջարաբուծութեան եւ ագարակապանութեան, ուսման համար Խորհրդային Հայաստան մեկնած ռուսէյֆածին հայերուն, կառուցուած ֆոսֆաթի գործարանին եւ անոր ժխտական հետեւանքներուն, որուն պատճառով ալ հայեր ստիպուեցան հեռանալ Ռուսէյֆայէն:
Ծնունդով Իրպիտէն, ամմանաբնակ ճարտարապետ Գէորգ Մսըրլեան զեկուցեց «Իրպիտի հայերը» նիւթով: Ըստ Մսըրլեանի, փոքրաթիւ հայեր հաստատուած են Իրպիտ 1924-ին: Արխիւային նիւթի բացակայութեան պատճառով, զեկոյցը հիմնուած էր Իրպիտ ապրած երէց հայերու հետ հարցազրոյցներու, Իրպիտի յոյն ուղղափառ համայնքի տոմարներու տուեալներուն, արաբ աղբիւրներու եւ իրպիտահայ ընտանիքներու մօտ պահպանուած արխիւային մնացորդներու վրայ: Զեկոյցը բացայայտեց իրպիտահայերուն ճիգը` պահպանելու իրենց լեզուն, մշակոյթը, կրօնը, խոհանոցը եւ պատմութիւնը: Ապա ընդգծեց անոնց նպաստը եւ դերը Իրպիտի առեւտրական, ճարտարարուեստական, երկրագործական եւ մշակութային կեանքի վերելքին ու անդրադարձաւ Խորհրդային Հայաստան ուսանելու մեկնած երիտասարդ իրպիտահայերուն նպաստին` հայօճախին հայկական վերակենսաւորման:
Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի աշխատակից Եղիկ Թաշճեան «Թագաւորներու լուսանկարիչը` Յակոբ Պէրպէրեան» վերնագրեալ զեկոյցով ներկայացուց Յակոբ Պէրպէրեանը: Ան անդրադարձաւ այն երեւոյթին, թէ ինչպէ՛ս Գոնիա ծնած այս անհատը Ատանա, Ալեքսանտրեթ, Դամասկոս դեգերելէ ետք, ի վերջոյ կը հաստատուի Ամման, ուր 1920-ականներու երկրորդ կէսին կը դառնայ թագաւորական լուսանկարիչ եւ արհեստը սորվեցնելով իր կնոջ` զայն կը դարձնէ թագուհիներու նկարիչ: Զեկոյցը անդրադրաձաւ նաեւ Պէրպէրեանի նպաստին` ամմանահայութեան:
Նման բնոյթի այլ զեկոյց մըն էր դոկտ. Աննա Օհաննէսեան-Շարփենի «Աքապայի (լուսանկարիչ) Յակոբը» վերնագրեալ զեկոյցը, որ կը մանրամասնէր լուսանկարիչին ոդիսականը` պապենական Հայաստանէն մինչեւ Աքապա, հեռանալը անկէ ու 1950-ականներուն վերադարձը Աքապա ու նպաստը Աքապայի զբօսաշրջութեան` շնորհիւ վաչկատուն ցեղախումբերուն հետ ունեցած բարեկամութեան, շահած վստահութեան եւ տարածքի տեսարժան վայրերուն լուսանկարչական ծանուցումներուն:
ի բացակայութեան Սիլվա Սարգիսեան-Հայրապետեանի, անոր զեկոյցը կարդաց Հայկազեան համալսարանի հայագիտական ուսմանց ուսանող Նարեկ Հաննէեանը: Զեկոյցը կը վերլուծէր Ամմանի հայօճախին կերտումին մէջ 1948-ին` Պաղեստինէն եկած հայերու դերը: Արդարեւ, գաղթականներու այդ ներհոսքը վճռեց անհրաժեշտութիւնը բաւարարելու անոնց այլազան կարիքները, քանի որ եկուորները ձեւաւորեր էին իրենց հաւաքական կեանքը, յառաջացուցեր իրենց կազմակերպութիւնները` Պաղեստինի մէջ:
Պէյրութահայ Ռոզեթ Ալեմեան ներկայացուց 1955-ին հիմնուած Ամմանի մարզական միութիւնը, անոր հիմնումին տուն տուող պատճառները, հիմնադիրները, հետապնդած նպատակները, ծաւալած վաթսունամեայ գործունէութեան հանգրուանները, արձանագրած արդիւնքները, դրացի երկիրներէ Ամման ապաստան գտած հայերու տրամադրուած օժանդակութիւնները, Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէին հետ հաստատած կապերը եւ հիւրընկալումը հայրենի մշակոյթի գործիչներու:
Հայ օգնութեան միութեան Ամմանի «Արազ» մասնաճիւղին մասին զեկուցեց ամմանահայ Արսինէ Ճամպազեանը, որ ներկայացուց մասնաճիւղին հիմնադրութիւնը, հետապնդած նպատակները, կազմակերպական ծրագիրն ու վարչական կանոնագիրը: Զեկոյցը մանրամասնեց մասնաճիւղին գործունէութիւնը, հայապահպանման ի խնդիր անոր տարած աշխատանքները, վերլուծեց միջհամայնքային համագործակցութեան իրողութիւնները եւ մասնաճիւղին մասնակցութիւնն ու գործակցութիւնը` ընկերային զարգացման նախարարութեան հովանիին տակ գործող Յորդանանի Միութիւններու լիկային: Զեկոյցը մատնանշեց նաեւ մասնաճիւղին դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները, մանաւանդ` նորահաս սերունդին առնչութեամբ, վերջինիս հետաքրքրութիւնը մասնաճիւղին աշխատանքներուն ու հայօճախին հայապահպանման խնդիրներուն յանձնառութեան առումով:
Ամմանի Հայ կաթողիկէ համայնքին համառօտակի անդրադարձաւ ամմանահայ Մատլէն Մեծակոբեան, որ առանձնացուց Հայ կաթողիկէ եկեղեցիին հիմնումն ու դպրոցին ծաւալած գործունէութիւնը, դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ դպրոցին աշակերտութեան ներկայ պատկերը: Ան մատնանշեց այն դերը, որ համայնքի կարկառուն անդամներ ունեցած են համայնքին եւ յորդանահայութեան ազգային-մշակութային վերելքին մէջ:
Ամմանահայ Ներսէս Ներսէսեան ծաւալեցաւ հայօճախին պատմութեան, Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան եւ միաբանութեան դերին եւ առնչութեան, լուսարձակի տակ առաւ յորդանանահայ կազմակերպութեանց եւ հաստատութեանց հիմնադիրներ եւ առաջնորդներ, որոնք սատարած են հայօճախին պահպանման եւ վերելքին: Ան նշեց անունները եւ պաշտօնները շարք մը հայերու, որոնք հասած են բարձր դիրքերու` Յորդանանի պետական վարչամեքենային թէ հասարակութեան ու հանրային կեանքին մէջ եւ նպաստած` հայութեան հանդէպ տեղաբնիկ ժողովուրդին դրական ընկալման: Հուսկ, Ներսէսեան անդրադարձաւ Յորդանանի Հայ առաքելական երկու եկեղեցիներուն կառուցման` ծանրանալով Մաղթասի նորակառոյց Ս. Կարապետ եկեղեցիին վրայ:
Իր` «Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէն եւ յորդանանահայութիւնը» զեկոյցին մէջ Երեւանի պետական համալսարանի սփիւռքագիտութեան բաժինի դոկտորականի ուսանող Հրածին Վարդանեանը ըրաւ համառօտ պատմականը սփիւռքի հետ Խորհրդային Հայաստանի յարաբերութիւններուն` Եղեռնի յիսնամեակէն ետք, մատնանշելով, թէ մշակութային աշխատանքներու հիմնական կազմակերպիչը 1964-էն մինչեւ Խորհրդային Միութեան փլուզումը եղաւ Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէն: Վարդանեան բնութագրեց այդ յարաբերութիւններուն ծիրը, նկարագրեց առնուած գործնական քայլերը` մշակութային փոխայցելութիւններ, յորդանանահայ երիտասարդներու հայրենական ուսում, հայոց պատմութեան-լեզուի-գրականութեան, երգի ու պարի ամառնային դասընթացներ, դասագիրքեր, թերթեր, ամսագրեր, մասնակցութիւն` համահայկական հաւաքներու եւն.:
Մատլէն Մեծակոբեան ինքնութեան եւ համարկումի տեսական ենթահողին վրայ ներկայացուց Յորդանանի հայոց ինքնութենական հարցերը, եւ թէ ինչպէ՛ս Յորդանանի հայերը կրցած են հաւասարակշռութիւն յառաջացնել համարկումին եւ հայրենակապումին միջեւ: Մեծակոբեան ընդգծեց, որ հայերու համարկումը ասպնջական Յորդանանին եւ ագուցումը մայրենի հող Հայաստանին վերաճեցաւ ու վերափոխուեցաւ տեղական, շրջանային եւ միջազգային ընկերա-տնտեսական եւ քաղաքական զարգացումներուն, իսկ վերջերս նաեւ հաղորդակցութեան հետ: Զեկոյցը յորդանանցի մտաւորականներու եւ փորձագէտներու հետ հարցազրոյցներու հիմամբ մատնանշեց որոշակի երեւոյթները յորդանանահայութեան տեղական համարկումին եւ անոր մշակութային, հաստատութենական ու իրաւաբանական ենթահողին:
Ի բացակայութեան յորդանանահայ Վիգէն Ասլանեանի, անոր` «Յորդանանահայերու մասնակցութիւնը հանրային կեանքին» նիւթով զեկոյցը կարդաց պատմութեան ուսանող Պետիկ Թորոսեան: Զեկոյցը քննարկեց յորդանանահայերու մասնակցութեան, հանրային կեանքին, շեշտեց կարեւորութիւնը նման մասնակցութեան, նշեց օգուտները անոր եւ վերլուծեց, թէ ինչո՛ւ քիչ է հայկական մասնակցութիւնը, լուսարձակի տակ առաւ գործօնները, ինչպէս` պատկանելիութիւնը, հաւատարմութիւնը, շահերը, հայրենասիրութիւնը, քաղաքացիական զգացողութիւնը եւն.:
Իրպիտ ծնած, այժմ ամմանահայ դոկտ. Լուսին Թամինեան ներկայացուց իր անձնական փորձառութիւնը` իր ինքնութեան կազմակերտումին: Դոկտ. Թամինեան օգտագործելով ինքնութեան զանազան տեսութիւններու բառապաշարը` կատարեց պատումը իր ինքնութեան մնայուն վերափոխութեան, արաբ եւ ամմանահայ միջավայրերու ընկալումը եւ հակադարձութիւնը իր ինքնութեան դրսեւորումներուն, յառաջացուած հակասութիւնները եւ հայկական ինքնութեան հակասական` արտաքսական եւ ընդգրկական սահմանումները: Թամինեան քննարկեց նաեւ իր պայքարը` «պատկանելու» եւ «համարկուելու» համապատասխան միջավայրին, որ կ՛ենթադրէ կազմումը, կազմաքանդումը եւ վերակազմումը իր ինքնութեան:
Գիտաժողովին վերջին զեկոյցը կը պատկանէր Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան բաժինի դասախօս փրոֆ. Արաքս Փաշայեանին, որ լուսարձակի տակ առաւ հայօճախին արդի հիմնախնդիրները: Ան նկարագրեց հայօճախին ներկայ իրավիճակը, գործող կազմակերպութիւնները, բնութագրեց գործօն անդամները, ապա անդրադարձաւ հայօճախին օրակարգերուն, հիմնական դժուարութիւններուն, հայապահպանութեան մարտահրաւէրներուն եւ կատարեց շարք մը առաջարկներ` շեշտելով այն բացառիկ դերը, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կրնայ խաղալ Միջին Արեւելքի ներկայ տագնապալի պայմաններու տակ: Հուսկ, ան անդրադարձաւ եկեղեցիի դերին եւ հայօճախին գոյատեւման հեռանկարներուն` ընդգծելով կարգ մը գործօններու ազդեցութիւնը:
Նիստերը վարեցին դոկտորներ Արտա Էքմեքճի, Զաւէն Մսըրլեան, Արմէն Իւրնէշլեան,Լեւոն Աւետանեան, Նանոր Գարակէօզեան եւ Անքը Պաթայնէ:
Պէտք է ըսել, որ դժբախտաբար քիչ անդրադարձ եղաւ ԺԴ.-Ի. դարասկիզբի Յորդանանի հայութեան, գրականութիւն-տպագրութիւն ոլորտին, հայերէնախօսութեան եւ լեզուի իմացութեան խնդիրներուն, Հայաստան ուսանած յորդանանահայ ուսանողներու պարագայի, 1948-67 շրջանին Յորդանանի մաս կազմող Երուսաղէմի, Ռամալլայի եւ այլ շրջաններու պատմութեան, իգական սեռի դերին, դրացի երկիրներէն Յորդանան ապաստանած հայ գաղթականներու հարցերուն:
Միւս կողմէ, սակայն, աննախընթաց այս գիտաժողովը յատկանշուեցաւ փորձագէտ, հայօճախին մէջ գործօն դեր ստանձնած գործիչներու, լուսանցքային դէտերու առաւել մասնակցութեամբ: Հայօճախին ծայրամասերուն նուիրուած զեկոյցները ականատես-մասնակիցներու վկայութիւններ էին, որոնք հաւաքական յիշողութեան բացառիկ դրսեւորումներ հանդիսացան: Զեկոյցները այս գիտաժողովով ամրագրուելով` անցան գրաւոր պատմութեան:
Գիտաժողովին մասնակիցները` փորձագէտներ թէ մասնագէտներ, կը տիրապետէին իրենց արծարծած նիւթերուն: Զեկոյցները կը զանազանուէին թէ՛ նիւթի բնոյթով, թէ՛ մեթոտաբանութեամբ եւ թէ՛ յառաջացման եղանակով, երբեմն նաեւ` զգացականութեամբ եւ ենթակայականութեամբ: Ոմանք դաշտային հետազօտութեան, բանասիրական ուսումնասիրութեան, արխիւային պրպտումներու, իսկ ուրիշներ փաստաթուղթերու վերլուծութեան վրայ հիմնուած էին:
Ազատ, անմիջական, երկար քննարկումներու եւ վերլուծումներու ընդմէջէն լուսարձակի տակ առնուեցան յորդանանահայութեան մանաւանդ վերջին հարիւրամեակին վերաբերող հարցեր, խնդիրներ, իրագործումներ, նուաճումներ:
Գիտաժողովը պարզեց յատկանշական քանի մը երեւոյթներ Յորդանանի հայօճախին վերաբերեալ. ան կազմակերպուած է 1940-ականներուն, թափ առած` աւելի ետք, ունի հողագործութեան-բանջարամշակութեան երեսակ, տեղաբնիկներու հետ շփման ու առնչումի այլ խորութիւն, վարչական առնչութիւն` եկեղեցիին եւ Երուսաղէմի պատրիարքութեան եւ այլն: Գիտաժողովին պարզուեցաւ նաեւ նախորդ երկու գիտաժողովներուն ալ շեշտուած իրողութիւն մը` հաստատութենական թէ անձնական արխիւներու գոյութիւն-մատչելիութիւնը:
Գիտաժողովի տեւողութեան զեկուցաբերներուն կողքին ներկայ եղան մեծաթիւ ունկնդիրներ, ինչ որ կ՛արտացոլացնէ նման գիտաժողովներու հանդէպ յառաջացած հետաքրքրութիւնը: Ակնկալելի է, որ յառաջիկային լիբանանահայ համալսարանաւարտներ զեկոյցներ ներկայացնեն` խտացնելով շարքերը Միջին Արեւելքի մէջ հայկական նիւթերով հետաքրքրուող եւ ուսումնասիրող արհեստավարժ մասնագէտներու եւ սիրողական փորձագէտներու:
Գիտաժողովը նաեւ մէկտեղում մը եղաւ յորդանանաբնակ, Միջին Արեւելքի հայօճախներու ժամանակակից պատմութեամբ եւ ընդհանրապէս սփիւռքի ուսումնասիրութեամբ զբաղող փորձագէտներու, հետազօտողներու, մտաւորականներու եւ հետաքրքրուողներու, ուր շաղախուեցան նոր մտածումներ, հաստատուեցան նոր ծանօթութիւններ եւ յարաբերութիւններ, որոնք կը ծառայեն սփիւռքագիտութեան:
Կեդրոնին կազմակերպած վերջին երեք տարիներու գիտաժողովները շրջանի հայօճախներուն բեւեռուող լուսարձակներն են, որ կը մղեն առնչուող հայութիւնը իր պատմութիւնը, դէպքերն ու զարգացումները շրջանի համապատկերով, Միջին Արեւելքի անդրսահմանային ելակէտերէ դիտելու եւ ընկալելու:
Բարերար Երջօ Սամուէլեանի նուիրատուութեամբ կեանքի կոչուած Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը շնորհակալ է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան հայկական համայնքներու բաժինին, որ նիւթական կարեւոր աջակցութեամբ մը գնահատեց գիտաժողովը: Կեդրոնը շնորհակալ է բոլոր մասնակիցներուն` զեկուցողներուն, որոնք իրենց մասնակցութեամբ հարստացուցին գիտաժողովը, ինչպէս նաեւ` ունկնդիրներուն, որոնք յատուկ մթնոլորտ յառաջացուց եւ աւելի ծաւալուն դարձուցին գիտաժողովին անմիջական արդիւնքները:
Յառաջիկայ տարուան` կեդրոնի գիտաժողովի նիւթ որոշուած է «Իրաքի հայերը» թեման: Այդ գիտաժողովը կը ծրագրուի կայացնել 2017 մայիսին: Ծրագրային նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ ընթացք առած են:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմել Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոն:
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ