Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի Կազմակերպութեամբ. Միջդպրոցական Ասմունքի Եւ Շարադրութեան Մրցումներու Մրցանակակիրներու Պարգեւատրում

$
0
0

lem-162_52716

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, ուրբաթ, 27 մայիս 2016-ի երեկոյեան «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ  միջդպրոցական ասմունքի եւ շարադրութեան մրցումներու յաղթողներուն պարգեւատրումը: Սոյն մրցումները, ինչպէս նաեւ միջդպրոցական զարգացման մրցում մը մաս կը կազմէին Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին ԼԵՄ-ի կազմակերպած ձեռնարկներու շարքին, անգամ մը եւս հաստատելու ԼԵՄ-ի, իր հիմնադրութեան օրերէն իսկ, ունեցած սերտ կապը հայ աշակերտին հետ, որ պատմութիւն կերտած ժողովուրդի հաւատարիմ զաւակն է եւ անոր պարտականութիւնն է պաշտպանել հայկական արդար Դատը ու ամուր կառչած մնալ իր մշակոյթին ու պատմութեան:

Մրցումները սկիզբ առած էին շաբաթ, 30 ապրիլ 2016-ին «Աղբալեան մարզամշակութային համալիր»-ին մէջ:

Ասմունքի մրցումը կայացաւ երկու հանգրուաններով: Առաջին փուլին մասնակցեցան 12 աշակերտներ, 7 տարբեր վարժարաններէ, որուն աւարտին 6 աշակերտներ անցան երկրորդ փուլ: Նշենք, որ մրցումի դատական կազմին մաս կը կազմէին Ռոպերթ Առաքելեան, Անի Եփրեմեան եւ Իրմա Տէտէեան: Ասմունքի մրցումին առաջին հանդիսացաւ Աւօ Մարգարեան Ազգային Եղիշէ Մանուկեան` քոլեճէն, երկրորդ հանդիսացան Նարօտ Սէրուժեան` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանէն, ինչպէս նաեւ Քարոլ Կարապետեան Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճէն, իսկ երրորդ հանդիսացաւ Աւօ Մարտիրոսեան` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն:

lem-161_52716

Շարադրութեան մրցումին մասնակցեցան 12 աշակերտներ` 8 տարբեր վարժարաններէ: Դատական կազմին մաս կը կազմէին Անի Պիլալեան, Րաֆֆի Տեմիրճեան եւ Սիպիլա Փաչանեան: Առաջին հանդիսացաւ Նարեկ Շառոյեան` Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճէն, երկրորդ` Սիլվա Սերայտարեան` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն, երրորդ` Մեղեդի Կիւտեշեան ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանէն: Յիշատակութեան արժանի էին նաեւ Վարդինէ Տօնապետեան` Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճէն եւ Մարիա Հապէշեան` Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանէն:

Այս երկու մրցումներուն կողքին, տեղի ունեցաւ նաեւ զարգացման մրցում, որուն առաջին դիրքը գրաւեցին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտները, գրեթէ անոր հաւասարեցան Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի աշակերտները, որուն յաջորդեցին Համազգայինի Մ. եւ Հ.  Արսլանեանի աշակերտները եւ ապա` Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանի աշակերտները:

Մրցանակակիրները ստացան արժէքաւոր նուէրներ: Մասնակցողները ստացան նաեւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կողմէ տրամադրուած Սողոմոն Թեհլիրեանի «Արդարահատոյցը» գիրքէն օրինակ մը: Հարկ է նշել, թէ ասմունքի եւ շարադրութեան մրցումներուն առաջին հանդիսացողները մասնակից պիտի դառնան ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Անուշ հայրենիք» ճամբարին, որ տեղի պիտի ունենայ օգոստոս 2016-ին: Շարադրութեան մրցումի մրցանակակիր գրութիւնները լոյս պիտի տեսնեն ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ռազմիկ» պաշտօնաթերթի յաջորդ թիւին մէջ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>