Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Գրագէտ Պօղոս Սնապեանի Մտերմութեան Մէջ

$
0
0

Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան
Քոլեճի Աշակերտներուն Այցելութիւնը
Սնապեանի Տուն-Թանգարան

sofia-(1)_52716

Ուրբաթ, 27 մայիս 2016-ի կէսօրին, Այնճար կատարած իրենց այցելութեան ծիրին մէջ, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի երկրորդականի աշակերտները այցելեցին սփիւռքահայ մեծանուն գրագէտ, մտաւորական, գրաքննադատ, հրապարակագիր եւ ուսուցիչ Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանը: Սնապեան ուսուցչական իր երկարամեայ ծառայութեան ընթացքին պաշտօնավարած է նաեւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլէճէն ներս, եւ իր սաներէն շատերը այսօր գրական-հրապարակագրական մեր կեանքին ծանօթ դէմքեր են:

Տուն-թանգարան հասնելով` քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան նախ աշակերտներուն ծանօթացուց Պօղոս Սնապեանը, որ խմբագրած է 80-է աւելի գիրքեր եւ հեղինակած է շուրջ 35 հատոր: Ան հայ մամուլի մեծ երախտաւոր մըն է, որ 42 տարի անընդմէջ վարած է «Բագին» ամսագիրի խմբագրութիւնը: Եղած է նաեւ «Ազդակ»-ի եւ այլ թերթերու խմբագիր: Սնապեան երկար տարիներ պաշտօնավարած է հայկական վարժարաններու եւ Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին մէջ, ուր իրեն աշակերտելու բախտն ու պատիւը ունեցած են մեր քոլեճին հայերէնի գրեթէ բոլոր ուսուցիչները:

Տնօրէն Վիգէն Աւագեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ այս տուն-թանգարան այցելութեամբ յարգանքի տուրք մը կը մատուցենք մեր մեծ դաստիարակին ու գրագէտին, որուն մահուան երկրորդ տարելիցը կը նշուի 15 յունիսին:

sofia-(2)_52716

Ապա, Սնապեանի թոռնուհին` Նարօտ Սէրուժեան իր տարեկից սոֆիայակոբեանականներուն ծանօթացուց տուն-թանգարանին ստեղծման պայմանները, զանազան բաժինները եւ Պօղոս Սնապեանին առնչուած անձնական իրերը, պատմական լուսանկարներն ու հրատարակութիւնները:

Այնուհետեւ, աշակերտուհիներ հանդէս եկան գեղարուեստական կոկիկ յայտագրով մը: Անժելինա Սարգիսեան ասմունքեց Սնապեանի «Ես այդ շունն եմ» գործէն հատուած մը, Քարոլին Կարապետեան մատուցեց Սնապեանի «Պարը» գրութենէն բաժին մը, իսկ Նաթալի Տեկիրմենճեան երգեց «Հայոց տառեր» երգը:

Յայտագիրէն ետք տնօրէն Վիգէն Աւագեան Սնապեան ընտանիքի ներկայացուցիչ Նարօտ Սէրուժեանին  յանձնեց յուշանուէր մը, որ կը ներկայացնէր Պօղոս Սնապեանի մէկ գծանկարը (գործ` հանրածանօթ երգիծանկարիչ Տիրան Աճեմեանին) փորագրուած ապակեայ անօթի մը վրայ:

Այս առիթով Սնապեան ընտանիքը տուն-թանգարանը այցելող աշակերտներուն նուիրեց «Աղքատներուն աւանդութիւնը» գիրքին Բ. հատորէն օրինակներ:

Այնուհետեւ աշակերտներ տուն-թանգարանին հրաժեշտ տուին յիշատակի նկարներ նկարուելէ եւ այցելուներու յուշամատեանին մէջ իրենց տպաւորութիւնը արձանագրելէ ետք:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>