ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
«Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթի 17 մայիսի թիւին մէջ Տէյվիտ Իկնատիուսի «Կարծիքի սիւնակ»-ի վերնագիրը` «Երբ դիւանագէտները կը պատժուին իրենց աշխատանքը կատարելու համար», դառն յիշողութիւններ արթնցուց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Էվընզի` Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսելու համարձակութեան համար հարկադրաբար հրաժարելուն մասին, ինչպէս որ նկարագրուած է վերջերս լոյս տեսած` «Պատանդուած ճշմարտութիւն. Ամերիկան եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը. ի՞նչ էր երէկ, ի՞նչ է այսօր», անոր գիրքին մէջ:
Իկնատիուսի յօդուածը մէկ այլ դիւանագէտ, արտաքին գործոց նախարարի նախկին օգնական Ռապին Ռաֆելի նկատմամբ գայթակղեցուցիչ վերաբերումի մասին էր. Ռաֆել հետաքննութեան տակ էր Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ` լրտեսութեան մեղադրանքով:
Ամերիկացի ականաւոր դիւանագէտ էր Ռաֆել: 2014-ին «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի մէկ յօդուածին մէջ ան կը նկարագրուի իբրեւ «Ուաշինկթընի դիւանագիտական եւ վերլուծական շրջանակներու ամէնէն պահանջուած անձնաւորութիւնը… Ստուգման նպատակով այցելութեան ժամանակ ան Փաքիստանի հարցերով աւագ խորհրդական էր Փաքիստանի եւ Աֆղանիստանի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչի գրասենեակին մէջ: Այդ աշխատանքի ծիրէն ներս ան հիմնականին մէջ պատասխանատու էր ոչ ռազմական օգնութեան համար, ինչպէս` Միացեալ Նահանգներու տնտեսական դրամաշնորհները եւ խթանման միջոցները: 67-ամեայ կին դիւանագէտը երկար տարիներ եղած է Փաքիստանի եւ հարաւային Ասիոյ հարցերով Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան առաւել բարձրաստիճան խորհրդականներու շարքին… Հետաքննութեան դաշնակցային պիւրոյի (ՀԴՊ) կողմէ անոր տան խուզարկութեան ժամանակ ան արդէն թոշակի անցած էր արտաքին ծառայութենէն, սակայն կ՛աշխատէր արտաքին գործոց նախարարութեան համար, վերականգնուած եւ սահմանափակ պայմանագրով, որ մասամբ կախուած էր անոր խիստ գաղտնի փաստաթուղթերու մատչելիութեան արտօնութենէն»:
Ռաֆել իր պաշտօնական ասպարէզը սկսած է իբրեւ Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան (ԿՀՎ) վերլուծաբան: Ան 30 տարի եղած է դիւանագիտական ծառայութեան մէջ` Մեծն Բրիտանիոյ, Հնդկաստանի, Փաքիստանի, Հարաւային Ափրիկէի եւ Թունուզի մէջ: 1993-ին Ռաֆել նշանակուած է արտաքին գործոց նախարարութեան առաջին օգնական հարաւային եւ կեդրոնական Ասիոյ հարցերով: 2005 թուականին ան թոշակի անցած է եւ 2009-ին վերադարձած է աշխատանքի իբրեւ խորհրդատու` Աֆղանիստանի եւ Փաքիստանի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Ռիչըրտ Հոլպրուքի: Մինչեւ այդ պաշտօնը ան իբրեւ լոպիիստ աշխատած է «Քեսիտի էնտ Էսոսիէյթց» ընկերութեան համար` ներկայացնելով Փաքիստանը, Հասարակածային Կուինեան եւ Իրաքի մէջ Քիւրտիստանի տարածաշրջանային կառավարութիւնը, կը յայտնէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ը:
Ռաֆելի հետաքննութիւնը սկսաւ 21 հոկտեմբեր 2014-ին, երբ անոր տան մէջ կողոպուտի ազդանշան հնչեց: Անհաւատալիօրէն ՀԴՊ-ի գործակալները չէին կրցած շրջանցել ազդանշանային համակարգը, բան մը, որ կը յաջողի հասարակ կողոպտիչներու հետ… Ռաֆել շտապեց տուն եւ գործակալները գտաւ իր թղթապանակները դիտելու վիճակի մէջ. անոնք գաղտնի փաստաթուղթեր կը պարունակէին: Միաժամանակ, ՀԴՊ-ի այլ գործակալներ կը զննէին եւ կը կնքէին արտաքին գործոց նախարարութեան անոր գրասենեակը: Հետագային Ռաֆել վարչական արձակուրդի ուղարկուեցաւ, անոր գաղտնիութեան արտօնութիւնը ուժը կորսնցուցած յայտարարուեցաւ, իսկ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ իր աշխատանքային պայմանագիրը չնորոգուեցաւ:
Այս տարուան մարտին «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը բացայայտեց, որ «հարցաքննութիւնը սկսաւ, երբ ամերիկացի քննիչները լսեցին հեռախօսային զրոյց մը, ուր Փաքիստանի պաշտօնեան կ՛ըսէր, թէ իր կառավարութիւնը ամերիկեան գաղտնի տեղեկութիւններ ստացած է Ռաֆելէն, խօսակցութիւններ, որոնք յանգեցուցին ամիսներ տեւած գաղտնի հետապնդման» եւ մեղադրանքներու, ըստ որոնց, ան կը լրտեսէ Փաքիստանի օգտին:
Իկնատիուս իր յօդուածին մէջ նշած է, որ Ռաֆելի գործը կը բարձրացնէ շարք մը «մտահոգիչ հարցեր այն մասին, թէ ինչպէ՛ս մօտաւորապէս 40 տարուան աշխատանքային փորձ ունեցող դիւանագէտը յայտնուած է իր ասպարէզը կործանող քննութեան մը ուշադրութեան կեդրոնը, ըստ երեւոյթին, առանց արտաքին գործոց նախարարութեան ոեւէ բանիմաց պաշտօնեայէ մը պարզաբանումներ ստանալու անոր նշանակման մասին` Փաքիստանի հետ խիստ լարուած յարաբերութիւնները կարգաւորելու այլընտրանքային ուղիներ գտնելու համար»:
Ռաֆել բացատրած է Իկնատիուսին. «ՀԴՊ-ի իմ գործս ի սկզբանէ սխալ էր, որովհետեւ անոնք հիմնաւորապէս սխալ պատկերացում ունեցած են դիւանագէտներու կատարած աշխատանքին մասին»:
Ռաֆելի փաստաբաններէն մէկը` ԿՀՎ-ի նախկին գլխաւոր իրաւախորհրդատու Ճեֆ Սմիթ, ըսած է Իկնատիուսին, որ` «եթէ պիւրոն [ՀԴՊ] զրուցած ըլլար արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ, որոնք տեղեակ էին անոր աշխատանքին մասին, ապա կը կարծեմ, որ անոնք երբեք չէին սկսեր այս քննութիւնը»:
Այս տարուան մարտին Ռաֆելի մէկ այլ փաստաբանը` Էմի Ճեֆրըս, ըսած է «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին. «Մեր ազգային անվտանգութեան համար մեծ նշանակութիւն ունի, որ մեր դիւանագէտները կարենան աշխատիլ առանց վախնալու, որ իրենց դիւանագիտական սովորական նամակագրութիւնները կ՛ենթարկուին քրէական քննութեան»: Ռաֆելի գործընկերները հաւաքած են 90 հազար տոլար` անոր իրաւական պաշտպանութեան հիմնադրամին համար:
Թէեւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ի վերջոյ հրաժարեցաւ Ռաֆելի դէմ բոլոր մեղադրանքներէն, սակայն անոր գործը` «սթափեցնող ազդեցութիւն ունեցաւ այլ դիւանագէտներու վրայ, որոնք կը վախնան, որ յաջորդը իրենք կրնան ըլլալ», Իգնատիուսին ըսած են արտաքին գործոց նախարարութեան կարգ մը պաշտօնեաներ:
Դեսպան Էվընզի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան նախկին օգնական Ռաֆելի պէս փորձառու տիպարներու հեռացումը կը զրկէ Միացեալ Նահանգները իրազեկ եւ պարկեշտ դիւանագէտներէ, որոնք կրնան անվախօրէն պաշտպանել Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքական շահերը` արդիւնաւէտ եւ արդարացի կերպով:
Քանի դեռ շատ ուշ չէ, պէտք է Քոնկրեսի մէջ լսումներ իրականացնել երկու յայտնի քաղաքացիական ծառայողներու` Էվընզի եւ Ռաֆելի հանդէպ դաժան վերաբերմունքի մասին: Առնուազն պէտք է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահը կամ արտաքին գործոց նախարարը պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրեն այս երկու դիւանագէտներէն…
Արեւելահայերէնի թարգմանութիւնը`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆԻ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ