Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17398

Շահանդուխտ…Եւ Սնապեան

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Snabian12-Shahantoukhd_

Սփիւռքի հայ գրականութեան երկու նուիրեալներ` Պօղոս Սնապեան եւ Շահանդուխտ, որոնց այնքան կը փափաքէի հանդիպիլ տարի մը առաջ ծննդավայրս` Լիբանան այցելութեանս ընթացքին, սակայն… Սնապեան, արդէն իսկ միացած էր անմահներու փաղանգին, իսկ Շահանդուխտ, տեսողութեան դժուար պայմաններու պատճառով, ակամայ հանգստեան կոչուած էր:

«Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելութեանս խմբագիրներէն մէկը ցոյց տալով երկուքին թափուր գրասեղանները` «Չկան: Պարոնը արդէն արքայութեան մէջ է, բայց միշտ ներկայ է խմբագրատան մէջ: Կ’ողբանք իր բացակայութիւնը, սակայն կը զգանք իր աներեւոյթ ներկայութիւնը»:

«Շահանդուխտի գրասեղանը նմանապէս թափուր է, սակայն յաճախ հեռաձայնով կը լսենք իր ձայնը: Տարբեր նիւթ չունի: Գիր ու գրականութիւն»:

Շահանդուխտ գործէ դադրած է, սակայն այդ չի նշանակեր, թէ դադրած է արտադրելէ: Կապոյտ կողքով «Ճամբորդութիւն` առանց հասցէի» վերջերս հրատարակուած հատորը վկայ, որ լոյս տեսաւ Համազգայինի հրատարակչատունէն` շնորհիւ Յակոբ Հաւաթեանի ջանքերուն, մեկենասութեամբ «Հայ գրքի բարեկամներ»-ուն:

Չկայ աւելի մեծ հաճոյք, քան` ստանալ գիրք մը, մակագրուած հեղինակին կողմէ:

Շահանդուխտ այդ հաճոյքը պարգեւեց ինծի` մակագրուած օրինակ մը ուղարկելով մինչեւ հեռաւոր Ամերիկա: Ան լաւ գիտէ իր գործերը գնահատողները եւ չի մոռնար նման անձերը, որոնցմէ մէկը այս տողերը գրողն է:

Նախքան գիրքը ստանալս` կարդացած էի, սակայն մակագրուած օրինակ մը ստանալէս ետք կարծես տարբեր գիրք մը ըլլար: Տարբեր անուշութիւն մը, տարբեր «համ ու հոտ» ունէր:

Երկրորդ անգամ կրկին կարդալով` զգացի Շահանդուխտին ներկայութիւնը: Այն տպաւորութիւնը ունեցայ, թէ այցելած է Լոս Անճելըս, եւ նստած կողք կողքի` կը պատմէ Սոնայի եւ Սուրէնի սիրոյ տխուր պատմութիւնը:

Ընթերցումս աւարտելուս` Շահանդուխտ «մեկնեցաւ»: Վերադարձաւ Լիբանան:

Պարապութիւն մը զգացի: Վերցուցի հեռաձայնին ընկալուչը եւ թիւերու երկար շարք մը ամբողջացնելով` քանի մը երկվայրկեան ետք լսեցի իր անակնկալի եկած ձայնը:

Խօսեցանք երկար: Երկուքս ալ ցաւեցանք իրարու չկարենալ հանդիպելնուս:

Կարծես հատորին խորագրին նման «ճամբորդած ըլլար առանց հասցէի»:

Գրական քննադատ մը չեմ, որ կարողանամ վերլուծել հատորը: Ընթերցողը թող ինք արտայայտէ իր արդար գնահատական խօսքերը:

Այնքա՜ն ուրախ եմ, որ իր անտիպ գործերէն հատ մը եւս լոյս աշխարհ եկաւ:

Հատորները գրողի մը զաւակները կարելի է սեպել, եւ Շահանդուխտ աշխարհ բերաւ իր 34-րդ հատորը: 34-րդ զաւակը:

Վա՛րձքդ կատար, սիրելի՛ Շահանդուխտ:

* * *

Հեռաձայն մը կը ստանամ տիկին Սնապեանէն, որուն չեմ հանդիպած այն օրերէն, երբ տակաւին Սնապեան չէր: Կը կոչուէր Աղաւնի Վարժապետեան:

Վարժապետեաններուն հետ երկար տարիներու ընտանեկան բարեկամութիւն ունինք: «Ազատամարտ» ակումբի շրջափակին մօտերը կը բնակէին, իսկ «Ազատամարտ»-ը մեր երկրորդ տունն էր:

Տիկին Սնապեան (մեզի համար` պարզապէս Աղաւնին) վստահաբար տեղեակ է, թէ որքա՜ն սէր ու յարգանք ունիմ մեծանուն գրագէտին` Պօղոս Սնապեանին նկատմամբ, եւ իր Լոս Անճելըս այցելութեան կը փափաքի խօսիլ հետս, տեղեկացնել, թէ Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը կազմակերպած է յուշ-երեկոյ մը` յաւերժացնելու Պօղոս Սնապեանի յիշատակը: Ոչ մէկ կասկած ունի թէ ԱՆՊԱՅՄԱՆ ներկայ պիտի գտնուիմ սոյն ձեռնարկին, սակայն պարտք կը զգայ անձամբ տեղեկացնել` նախքան մամուլով յայտարարուիլը:

Յաջորդ օրը կը  մեկնի Սան Ֆրանսիսքօ, իր աղջկան ու թոռներուն մօտ: Ձեռնարկի օրը Լոս Անճելըս վերադառնալու, իրարու հանդիպելու  որոշումով վար կը դնենք ընկալուչը:

Կիրակի, 1 մայիս 2016:

Համայն աշխարհ կը տօնէ «Բանուորներու օր»-ը, իսկ լոսանճելըսահայութիւնը` «Պօղոս Սնապեանի յիշատակի հանդիսութիւնը», կազմակերպուած Համազգայինի  Շրջանային վարչութեան կողմէ եւ հովանաւորութեամբ «Ասպարէզ» օրաթերթի եւ «Սարդարապատ» գրախանութի:

Գրասէր խուռներամ հասարակութիւն մը լեցուցած է Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան  երիտասարդական կեդրոն»-ը:

Նախքան ձեռնարկին սկսիլը` քանի մը վայրկեանով միայն քոյրս եւ ես առիթը կ’ունենանք քանի մը բառ փոխանակելու Աղաւնի Վարժապետեան-Սնապեանի հետ: Ծանօթներու եւ բարեկամներու հոծ բազմութիւն մը կը շրջապատեն զինք, եւ մենք ստիպուած` կը դադրեցնենք մեր տաքուկ խօսակցութիւնը` զիջելով ներկայ բարեկամներուն:

Կը գրաւենք մեր տեղերը, եւ կը սկսի օրուան պատշաճ յայտագիրը:

Պօղոս Սնապեանի հայագիտականի աշակերտուհիներէն Ծովինար Ղազարեան-Մելքոնեանի ողջոյնի խօսքերով հանդիսութիւնը բացուած յայտարարուած է: Հանդիսավարը յուզումով կը յիշէ իր` Սնապեանին աշակերտած տարիները, քանի մը անգամ յուզումէն ընդմիջելով իր խօսքը եւ սրբելով աչքերուն մէջ լճացած արցունքները:

Բոլոր անոնք, որոնք առիթը չունեցան վայելելու Այնճարի մէջ, «Սնապեան տուն-թանգարան»-ը»,  տեսերիզի մը միջոցով կը ծանօթանան «գրական սրբատեղիին»: Այո՛, գրականութիւնը սիրողներու համար սրբատեղի մըն է, ուր կարելի է գտնել Սնապեանի գրադարանը, անձնական իրերը` պատմութեան անցած իր գրամեքենան, մինչեւ իսկ իր ծխամորճը: Նաեւ հոն կը գտնուի գրագէտ Եդուարդ Պոյաճեանի գրադարանը, որ իր հարազատներուն կողմէ նուիրուած էր Պօղոս Սնապեանին:

Կէս ժամնոց շրջապտոյտէ մը ետք Այնճարէն կը վերադառնանք Լոս Անճելըս:

Յիշատակի հանդէսը կը շարունակուի գեղարուեստական լեցուն յայտագիրով, մասնակցութեամբ գաղութիս երիտասարդ արուեստագէտներուն, որոնցմէ կարելի է յիշել` դաշնակի վրայ Ալեն Տիշկրիքեան, «Լարք» ջութակի խումբը` ղեկավարութեամբ Լատօ Սէյրանեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Նունէ Պաղտասարեանի:

«Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս»-ի աշակերտներէն Արեգ Տէր Սարգիսեան, Նայիրի Փանոսեան  եւ Դալար Պզտիկեան յաջող կերպով կ’ասմունքեն Պօղոս Սնապեանի գործերէն` պատրաստութեամբ իրենց հայերէնի ուսուցչուհի Սոնա Մատարեանի:

Բեմ կը բարձրանայ օրուան գլխաւոր բանախօս դոկտ. Մարի Ռոզ Աբուսէֆեանը` ներկայացնելու մեծ գրագէտը, մտաւորականը, ուսուցիչը, քննադատը` Պօղոս Սնապեան:

Ցարդ Մարի Ռոզ ինծի ծանօթ անուն էր որպէս ասմունքող: Նաեւ յաճախ հանդիպած եւ հաճոյքով կարդացած եմ իր ստորագրութեամբ բազմաթիւ յօդուածներ:

Այդ երեկոյ Մարի Ռոզի մէկ տարբեր յատկութիւնը նկատելի էր, որուն անծանօթ էի: Հիանալի գրական քննադատ եւ վերլուծող է: Կը խօսի սահուն, առանց կմկմալու եւ ամենահետաքրքրականը` Սնապեանի հատորներէն մէջբերումներ, երկար հատուածներ չի կարդար. անգիր կ’արտասանէ:

Ամիսներ առաջ, առաջին անգամ ըլլալով, հաճոյքն ու վայելքը ունեցայ զինք անձամբ տեսնելու բեմի վրայ, երբ Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինի հրաւէրով այցելած էր Լոս Անճելըս` ներկայացնելու «Տիգրան Մեծ»-ը:

Աւելի քան երկու ժամ մագնիսացուցած էր ներկաները, եւ բարձր տրամադրութեամբ մեկնած էինք սրահէն:

Նոյնն էր պարագան այդ երեկոյ, երբ ներկայացուց Պօղոս Սնապեանը, որուն բոլորս ծանօթ ենք: Շատեր անունով ու գործունէութեամբ, ուրիշներ` անձամբ:

Այդ օր, շնորհիւ դոկտ. Մարի Ռոզ Աբուսէֆեանի, Սնապեան արդէն իսկ յարգուած ու սիրուած մտաւորականը դարձաւ ներկաներուն կուռքը:

Սնապեան դէմ էր բանագողութեան: Երկար պրպտումներէ եւ ուսումնասիրութիւններէ ետք բացայայտած էր բազմաթիւ բանագողներ, որոնք կը յանդգնին իւրացնել տարբեր գրողներու գործերէն հատուածներ:

Հայագիտականի Սնապեանի աշակերտուհիներէն յուզիչ էր Սեդա Գրիգորեանի հակիրճ, սակայն զգացական խօսքերը:

Ձեռնարկը հասած էր իր աւարտին, սակայն ոչ ոք կը փափաքի տեսնել այնքան հիանալի գրական ձեռնարկի մը աւարտը եւ մեկնիլ սրահէն:

Ներկայ են բազմաթիւ գրագէտներ կամ գրականութիւնը սիրողներ, որոնք անձամբ ծանօթ են Սնապեանին: Աշակերտած կամ աշխատակցած են իր հետը: Յիշատակներ ունին մեծ Պարոնէն:

Ազատ Բեմ:

Ներկաներուն առիթը կը տրուի բարձրանալու բեմ` արտայայտելու իրենց սրտի խօսքը:

Առաջին հերթին բեմ կը բարձրանայ բանաստեղծ` Խոսրով Ասոյեան: Կը յիշէ այն օրը, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս առաջին անգամ ըլլալով ծանօթացաւ Պօղոս Սնապեանին: Վերջինս, ըստ իր սովորութեան, քաջալերական խօսքերով կը խրախուսէ տակաւին շատ երիտասարդ բանաստեղծը` շարունակելու իր նուիրումը հայ գրականութեան:

Խոսրով Ասոյեան կը յիշէ  «Բագին»-ի «Գրական խմբակ»-ը, որուն նաեւ մաս կը կազմէին` Վարդի Դանիէլեան,  Յարութ Պէրպէրեան, Նազարէթ Պէրպէրեան եւ շատ ուրիշներ:

«Գրական խմբակ»-ի նախկին անդամներէն խօսք կ’առնէ Վարդի Դանիէլեան:

«Շրջապատուած Պօղոս Սնապեանի շուրջ, փոքր սենեակի մը մէջ, ուր քանի մը աթոռ կար միայն: Մնացածներս նստած ենք գետինը»…

Բեղուն էր լիբանանահայ գրական կեանքը:

Սրտի խօսք ունի նաեւ «Ազդակ»-ի նախկին խմբագիր, հրապարակագիր Սարգիս  Մահսէրէճեան: «Ազդակ»-ի եւ «Բագին»-ի խմբագրատուները այնքան մօտ էին իրարու (Արեւմտեան Պէյրութ), որ յաճախ միասին կ’ըլլային երկու խմբագիրները:

«Պօղոս Սնապեան եղաւ առաջին անձը, որ անդրադարձաւ Լիզպոնի 5 նահատակներու ծնողներու մասին, որովհետեւ ինքն ալ ձեւով մը այդ հերոսներուն հայրը կը նկատուէր»:

Սրտի խօսքեր, լաւ յիշատակներ, մինչեւ այն օրը, երբ վրայ հասաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը` ցիր ու ցան ընելով խմբակի անդամներուն մեծամասնութիւնը:

«Հէնց այդպէս էինք ապրում
Մեր սիրած քաղաքում» (Ֆորշ)

Գիր, գրականութիւն, մշակոյթ, արուեստ, թատրոն…

Լոս Անճելըս, 2016


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17398

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>