Երեքշաբթի, 31 մայիսին, «Էնսթիթիւ տիւ մոնտ արապ»-ի («Արաբական աշխարհի հիմնարկ») թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ ձեւաւորող Քարեն Շեքերճեանի «Ռեսփիրասիոն» («Շնչառութիւն») խորագիրով անհատական ցուցահանդէսը:
Շեքերճեան միջազգային գետնի վրայ ճանչցուած ձեւաւորող է եւ այդ իմաստով մասնակցած է ձեւաւորումի աշխարհը շարժող բազմաթիւ ցուցահանդէսներու, որոնցմէ վերջինը տեղի ունեցաւ Մայամիի մէջ: Շեքերճեանի առաջին ստեղծագործութիւնը` «Մոպիլ»-ը շարժուն հանդերձակալ մըն է, որ իր ձեւաւորողի իւրայատկութեան առաջին արտայայտութիւնը եղած է: «Այս կտորը ստեղծած եմ Միլանոյի «Տոմիւս աքատըմի»-էն մագիստրոսի վկայականս ստանալէս մէկ տարի ետք, մեր գլուխներուն վրայի ընդհանրապէս չգործածուող միջոցը նպատակի ծառայեցնելու միտումով: […] Միակ կտորն է, որ կերպընկալով աշխատած եմ, նիւթ մը, որ կ՛ատեմ եւ կը կարծեմ, որ շատ վատ ձեւով կը տարբաղադրուի: Այսուհանդերձ, այս կտորն է, որ զիս քաջալերեց այս ասպարէզին մէջ շարունակելու»: Այնուհետեւ Շեքերճեան կը գործածէ բնական նիւթեր, «որոնք իսկական ուժ կ’արտադրեն»:
Շեքերճեանի ամբողջ գործը հիմնուած է տարածութիւններու հասկացողութեան վրայ, որոնք կը կերպարանափոխուին, նոր եւ զանազան ձեւեր կը ստանան ձեւաւորողին կահոյքին` ճարտարապետական մանր նմուշներուն շնորհիւ: Այս սկզբունքին կու գայ միանալու ոչ աւանդական, ժամանակակից եւ նոյնիսկ իր ժամանակը կանխող ձեռային աշխատանքը:
Ձեւաւորողին ստեղծագործութիւններուն ընդմէջէն կ՛արտացոլայ Պէյրութի ոգին, որ իր հակադրութիւններով եւ անորոշութեամբ կը սնուցանէ Շեքերճեանի ստեղծագործութիւնը: Քաղաքի մը եւ ժամանակաշրջանի մը հանդիպումին կողքին, Շեքերճեանի ձեւաւորումը կ՛արտայայտէ նաեւ ձեւաւորողին անհատականութիւնը. իմաստի փնտռտուքը, ուժի եւ փափկութեան, վերապահումի եւ ազատ արտայայտութեան միջեւ լարուածութիւնը…
Իրականութեան մէջ «Էնսթիթիւ տիւ մոնտ արապ»-ը հնագիտական թանգարան մըն է, ուր կու գան աւելնալու Շեքերճեանի գործերը եւ երկխօսութիւն մը ստեղծելու թանգարանին հնագիտական մարդաբանական արժէք ունեցող զանազան իրերու հետ: Այս մարդաբանական չափանիշին է, որուն կ՛ակնարկէ Շեքերճեան, երբ կը հարցադրէ. «Մեր ապրած ժամանակաշրջանէն ի՞նչ փաստ պիտի մնայ ապագային, եթէ ոչ` թանգարաններու մէջ ցուցադրուած իրեր»:
Շեքերճեանի ցուցահանդէսը բաղկացած է չորս հիմնական թեմաներէ` «Արքեթիփ», «Թրենսֆորմ», «Թրենսփոզ», «Թրենսսենտ», որոնցմէ իւրաքանչիւրին յատկացուած է սրահ մը: «Արքեթիփ»-ը ձեւ մըն է հողային որոշ զգայնութիւն մը կրկին ներառելու այսօրուան չէզոքացած աշխարհին մէջ: «Թրենսֆորմ»-ը ցոյց կու տայ իրերու կերպարանափոխութեան կարելիութիւնները` ըստ անոնց գործածութեան: «Թրենսփոզ»-ի վերնագիրին տակ Շեքերճեան կը ցուցադրէ զարդերու հաւաքածոյ մը, որոնց պաշտօնը տարածութիւն, այս պարագային` մարմնային տարածութիւն, զբաղեցնել եւ անոր իմաստ տալն է. «Երբ առարկայ մը կը գծեմ, անիկա պէտք է միտք մը, խօսք մը, կեցուածք մը փոխանցէ», հոգեկանութեան ձեւ մը, որ նիւթը կը գերազանցէ: Այս իմաստով, «Թրենսսենտ»-ի թեման կը ստանայ իր ամբողջ խորքը. «Ձեւաւորումը, իմ կարծիքով, շնչառութիւն է եւ ոչ ներշնչում: Ան կը գերազանցէ իր գործնական յատկանիշը եւ իր ետին կը ձգէ բան մը, որ մեզմէ ետք պիտի շարունակէ ապրիլ»:
«Էնսթիթիւ տիւ մոնտ արապ»-ի թանգարանին մէջ տեղադրուած Շեքերճեանի եռամսեայ տեւողութեամբ ձեւաւորումի ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ շաբաթ, 27 օգոստոս: