ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմէն կարգ մը անդամներ 1 յունիսին այցելեցին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի հետ:
ԼԵՄ-ականները դեսպանին ներկայացուցին գաղութին մէջ ԼԵՄ-ի տարած աշխատանքը` շեշտը դնելով այն երեւոյթին վրայ, թէ ինչպէս երիտասարդ ԼԵՄ-ականի տիպարը կը ներկայացուի իբրեւ ազգասէր, պահանջատէր անձնաւորութիւն: Նաեւ դեսպանին փոխանցուեցաւ, թէ ԼԵՄ-ը հակաթուրք պայքար կը մղէ տարբեր մակարդակներու վրայ եւ միշտ կը յիշեցնէ, թէ պէտք է պայքարիլ ձուլումի բոլոր վտանգներուն դէմ:
ԼԵՄ-ի վարչական անդամները դեսպանին հետ զրոյցին ընթացքին նաեւ անդրադարձան Հայաստանի իրավիճակին` առաջարկելով բարելաւել Հայաստանի զբօսաշրջութիւնը:
Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան ողջունեց ԼԵՄ-ի աշխատանքը` զայն նկատելով իսկական առաքելութիւն, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց ամէն ձեւով օժանդակելու եւ նեցուկ կանգնի միութեան: