Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Վիգէն Արմէնեանի «Լեփըրտզ Սայլընս» («Ընձառիւծին Լռութիւնը») Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

$
0
0

IMG_0796

«Ֆեսթիվալ տիւ ֆիլմ Լիպանէ»-ի (Լիբանանեան ֆիլմի փառատօն) ծիրին մէջ, որուն բացումը կատարուեցաւ երկուշաբթի, 30 մայիսին,  հինգշաբթի, 2 յունիսին, երեկոյեան ժամը 9:30-ին,  «Պէյրութ սու՛ս Սինեմա սիթի»-ին մէջ տեղի ունեցաւ բեմադրիչ Վիգէն Արմէնեանի «Լեփըրտզ սայլընս» («Ընձառիւծին լռութիւնը») ժապաւէնին ցուցադրութիւնը:

Նախքան ժապաւէնին ցուցադրութիւնը` խօսք առաւ Վիգէն Արմէնեան եւ նշեց, թէ հանդիսատեսը պէտք չունի անպայմանօրէն հասկնալու ժապաւէնը, այլ կարեւորը այն է, որ ինք իրեն  թոյլ տայ, որ տեսարանները զինք տանին դէպի ժապաւէնին խորքը: Ան աւելցուց, թէ հակառակ անոր որ ժապաւէնը շատ «ֆրանսական» կը թուի, բայց ան կ՛ընդգրկէ բազմաթիւ լիբանանցի ուրուականներ:

Փորձառական տեսերիզները նկատի չունենալով` «Լեփըրտզ սայլընս»-ը Արմէնեանի առաջին ժապաւէնն է, սակայն նկարահանը յայտնեց, թէ կը ծրագրէ նկարել երեք նոր ժապաւէններ, որոնցմէ առաջինը` «Նատիմ իզ է նինճա» («Nadim is a Ninja»), որ պիտի նկարահանուի Պէյրութի մէջ:

Ինչպէս նկարահանը նշեց, «Լեփըրտզ սայլընս»-ը կրնայ չափազանց անհասկնալի թուիլ հանդիսատեսին, այն պատճառով, որ ժապաւէնը կազմուած է զանազան խաւերէ, որոնք կարելի է բազմաթիւ ձեւերով մեկնաբանել: Նկարահանը հիմնականին մէջ ցոյց կու տայ հինգ երիտասարդներու հակազդեցութիւնը իրենց ընկերոջ առեղծուածային, սակայն շատ խաղաղ մահուան, խնճոյքի երկար գիշերուան մը յաջորդող օրը: Մարիոն կամ Մարտիրոսը, որուն իսկական անունը անծանօթ էր նոյնիսկ իր ընկերներուն, կը քնանայ եւ ա՛լ չ՛արթննար: Իսկ մնացեալ հինգ երիտասարդները, վայրէն չհեռանալով կամ որեւէ ձեւով գործի չանցնելով,  կը շարունակեն իրենց առօրեան. ճաշ պատրաստել, գինի խմել, պարել, ոչինչ ընելով ժամանակ վատնել… ըստ իրենց, իրարանցումը, խուճապը  բանի չեն ծառայեր, որովհետեւ Մարիոն պիտի չվերակենդանանայ: Ամբողջ օր մը սպասելէ ետք անոնք կը կապուին Մարիոյին քրոջը հետ, որ հինգ վայրկեան լուռ մնալէ ետք կը մեկնի հայրը տեղեկացնելու: Աւելի ուշ կ՛իմանանք, որ Մարիոյին եւ Էլենին հայրը մահացած է…

Հարկ է նշել, թէ տունը, ուր կը մնան երիտասարդները կը պատկանի Էլենին, որ կ՛ապրի քաղաքին մէջ եւ իր տունը զիջած է եղբօրը եւ անոր ընկերներուն: Լիւսին` երիտասարդներէն մէկը, տան տարբեր սենեակներուն մէջ շրջած ժամանակ կը մտնէ Էլենին սենեակը, պահարանին մէջ կը գտնէ զինուորական տարազ մը եւ կը հագնի զայն: Այս տիպարը ուրուականներէն մէկն է, որ ըստ գրողին, կ՛ակնարկէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին:

Ժապաւէնին երկրորդ խաւը կ՛արտայայտուի Մարիոյին, աւելի ճիշդը` Մարտիրոսին, նախասիրած զբաղումին ընդմէջէն` վայրի անասուններու յօշոտուած դիակներ նկարել. «Պէտք է հետք մը պահել,- կ՛ըսէր ան,- անոնց գոյութենէն»: Մարտիրոս անունին ընտրութիւնը պատահական չէ. «մարթիր» ֆրանսերէնով «նահատակ» կը նշանակէ, եւ ըստ Արմէնեանի, Մարիոյին տիպարը կ՛ակնարկէ Հայոց ցեղասպանութեան, որուն նահատակները, այս վայրի անասուններուն նման, գերեզմանէ զուրկ մնացին: Ժապաւէնի աւարտին Մարիոյին ընկերները անոր դիակը կը տանին անտառին մօտ գտնուող լճակը, վայր մը, որուն խորհրդանշական իմաստով կը պատկանի Մարիոն` իբրեւ եղջերու մը, որուն նկարը կ՛երեւի այս տեսարանէն առաջ: Անոնք Մարիոյին մարմինը չեն թաղեր, այլ կը ձգեն, որ ծփայ ջուրին վրայ…

Արմէնեան բացատրեց, թէ ուրուականներէն բացի, կայ կերպարանափոխումներու խաւը, որուն առաջին նշանը ընձառիւծի տարազն է, որ կը հագնի երիտասարդներէն մէկը: Փաստօրէն ժապաւէնին աւարտին կը տեսնենք այս նոյն տիպարը, որ կը դառնայ չորս անդամներու վրայ գալող ընձառիւծ: Արմէնեան նաեւ յայտնեց, թէ «Լեփըրտզ սայլընս»-ը կ՛ակնարկէ ուրուականներու եւ կերպարանափոխումներու թեմաներով այլ ժապաւէններու, որոնցմէ փորթուգալցի նկարահան Ռոտրիկեզի «Օ ֆանթասմա»-ն եւ թայլանտցի Վերաշեթաքուլի ժապաւէնները:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>