Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Նամակ Երկրէն. Սա Է Կեանքը

$
0
0

raffidoudaklian1ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Պոլսահայ Սեւակ Պալըքճիի մասին հաւանաբար կարդացած էք: 24 ապրիլ 2011-ին Սեւակ Պալըքճիին ընդամէնը 17 օր մնացած էր, որպէսզի աւարտէ թրքական բանակին մէջ զինուորական պարտադիր ծառայութիւնը ու վերադառնայ տուն: Այդ օր` Հայասպանութեան յիշատակութեան օրը, Պաթման շրջանի (Մուշի մօտակայքը) թրքական զօրանոցներէն մէկուն մէջ ծառայող 25 տարեկան Սեւակ Պալըքճին անարգ կերպով սպաննուեցաւ թուրք զինուորի մը` Քիւանճ Ակաօղլուի կողմէ…

Տագնապահար եւ սուգի մատնուած Սեւակի ընտանիքը դատ բացաւ Ակաօղլուի դէմ` արդար պատիժի ակնկալութեամբ: Միջադէպէն ետք Սեւակին հարազատները հետաքրքրուած էին, թէ ինչպէ՛ս տեղի ունեցած էր սպանութիւնը եւ իրենց հաւաքած տեղեկութիւններն ու ապացոյցները մէկտեղելով` համոզուած էին, որ ապրիլ 24-ի օրով տեղի ունեցած սպանութիւնը կանխամտածուած էր:

Բայց երեք տարի տեւած դատավարութեան ընթացքին փոխուեցան ապացոյցները, վկաները իրենց նախնական վկայութիւններէն տարբեր բաներ սկսան պատմել թրքական զինուորական ատեանին, եւ ի վերջոյ Ակաօղլու միայն 4,5 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ: Դատարանը վճռեց, որ սպանութիւնը կանխամտածուած չէր, այլ հետեւանք էր դժբախտ պատահարի, արկածի:

Սեւակի ընտանիքը թէեւ անակնկալի չէր եկած դատարանի որոշումէն, որոշեց դիմել վերադաս դատարան, եւ եթէ հարկ ըլլայ` մինչեւ եւրոպական դատարան, որպէսզի Սեւակը սպաննող թուրք զինուորը ստանայ արդար պատիժ:

Սեւակին քրոջը` Լեռնային ծանօթացայ Երեւանի մէջ, երբ քանի մը հիւրերու Կասկադ տարած էի` վայելելու Երեւանի գեղեցիկ այս թաղամասին արուեստի հրաշալի գործերը եւ սուրճ խմելու բացօթեայ սրճարաններէն մէկուն մէջ: Երբ կը քալէինք մայթերուն վրայ, տեսայ նորաբաց ճաշարան-սրճարան մը` «Քոզի է լա Վիթա» (կեանքը սա է) անունով: Ընկերներուս առաջարկեցի սուրճը խմել նորաբաց այս սրճարանին մէջ ու քննարկել մեր հետագայ ընելիքները: Երբ հետաքրքուեցայ այս նոր սրճարանի մասին, որուն ճաշացանկին մէջ մեծ տեղ գրաւած էին արեւմտահայերուն ծանօթ աւանդական կերակրատեսակներ, մատուցողը բացատրեց, որ ճաշարանին տէրերը Պոլիսէն եկած հայեր են եւ արդէն մօտ մէկ ամիս առաջ այս գործը սկսած են: Ամերիկայէն եկած ընկերներս անմիջապէս ուզեցին ծանօթանալ Երեւան տեղափոխուած այս պոլսահայերուն: Լոս Անճելըսի մէջ եւ այլուր անոնք միայն կը հանդիպին հայրենիքէն հեռացած հայերու, որոնց պատմութիւնները այդքան ալ ոգեւորիչ չեն ու Հայաստանի մասին միայն բացասական տրամադրութիւններ կը ստեղծեն… Երեւանի մէջ, ամերիկահայ ընկերներս, ամէն անգամ երբ սփիւռքի հեռաւոր ոստաններէն հայրենիք տեղափոխուած կամ վերադարձած հայու մը կը ծանօթանային, չափազանց կ՛ոգեւորուէին եւ մեծ հետաքրքրութեամբ կը լսէին իւրաքանչիւրին «արկածախնդրութիւնը»:  Մատուցողէն խնդրեցի կանչել տէրերը, որպէսզի ընկերներս դարձեալ հայրենադարձի մը ծանօթանան եւ հասկնան, թէ կեանքի ո՛ր ճանապարհները անցնելով անոնք եկած` հասած են հայրենիք եւ ինչպէ՞ս կրցած են նոր կեանք սկսիլ պապենական այս հողերուն վրայ:

Մեր խնդրանքով ճաշարանի տէրերէն Լեռնան մօտեցաւ մեզի եւ պոլսահայու յատուկ ջերմութեամբ ողջունեց մեզ: Ընկերներս ժամանակ չվատնեցին ու անմիջապէս անցան հարցուփորձի եւ այդ ատեն հասկցանք, որ Լեռնան Սեւակ Պալըքճիի քոյրն է եւ կեանքի դաժան ճանապարհները անցնելով` հաստատուած է Երեւան ու բացած` այս գողտրիկ ճաշարանը, իր եղբօր` Սեւակի յիշատակին:

Այս մասին` յաջորդ նամակով:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>