Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Զուտ Մարդկային Հարց Մըն Է, Եւ Հայ Ժողովուրդը Անկարելի Է Սպաննել». «Ազդակ»-ին Կ՛ըսեն Մարիամ Զաքի Եւ Մոհամետ Հանաֆի

$
0
0

Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Մարիամ Զաքի Մոհամետ Հանաֆի

Մարիամ Զաքի                                                                    Մոհամետ Հանաֆի

Կազմակերպութեամբ Հայ դատի Միջին Արեւելքի գրասենեակին եւ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, քանի մը օր առաջ Պէյրութի «Սինեմա սիթի» շարժապատկերի սրահներէն մէկուն մէջ ցուցադրուեցաւ «Ո՞վ սպաննեց հայերը» ժապաւէնը, որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին վաւերագրական ժապաւէն մըն է:

Այս առիթով Լիբանան ժամանած էին ժապաւէնը պատրաստող եգիպտացի ամոլ Մարիամ Զաքին եւ Մոհամետ Հանաֆին, որոնց հետ «Ազդակ» ունեցաւ հարցազրոյց մը:

Նիւ Եորքի մէջ տարեկան դրութեամբ տեղի ունեցող «Սոշըլլի ռելեւընթ» ժապաւէններու փառատօնին մասնակցած «Ո՞վ սպաննեց հայերը» վաւերագրական ժապաւէնը անցեալ մարտին արժանացած է մրցանակի` լաւագոյնը ընտրուելով 34 երկիրներէ ներկայացած ժապաւէններէն:

Ժապաւէնին նկարահանումը կատարուած է Լիբանանի, Հայաստանի եւ Եգիպտոսի մէջ, իսկ անոր ցուցադրութիւնը, Նիւ Եորքէն ետք, կատարուած է Գահիրէի մէջ` մտաւորականներու շրջանակի համար միայն, իսկ անցնող չորեքշաբթի, 1 յունիսին, Լիբանանի մէջ:

Մոհամետ Հանաֆի յայտնեց, որ Ժապաւէնը պատմութեան համար պատրաստուած փաստաթուղթ մըն է եւ աղբիւր մը, ոչ հայուն համար զարգանալու միջոց է, ինչպէս նաեւ` արդարութեան որոնում մը, որ կ՛առաջնորդէ դէպի ճշմարտութիւն:

Մարիամ Զաքի նշեց, որ արդարութիւնը առիթ կը ստեղծէ, որ ժողովուրդները համերաշխ, ապահով եւ խաղաղութեամբ ապրին: «Ժողովուրդները կ՛ուզեն համերաշխութեամբ ապրիլ, եւ ես կը փափաքիմ, որ արաբները արթննան եւ ապրին` առանց արտօնելու իրենք իրենց քայքայումը եւ ջնջումը», մաղթեց ան:

Հայութեան հետ իրենց առնչութեան մասին Հանաֆի եւ Զաքի շեշտեցին, որ իրենց համար եգիպտահայ գոյութիւն չէ ունեցած, իրենց համար անոնք լիիրաւ եգիպտացի քաղաքացիներ են, որոնք պարզապէս իրենց եկեղեցիները կը յաճախեն` իբրեւ միակ տարբերութիւն:

Անոնք հաստատեցին, որ քառասունական, յիսունական եւ վաթսունական թուականներուն Եգիպտոսի մէջ ոչ մէկ տարբերութիւն գոյութիւն ունեցած է նոյն երկրին քաղաքացիներուն միջեւ: «Եգիպտոսի մէջ բոլորը իրարու հետ համերաշխ ապրելու հնարաւորութիւն ստեղծող գեղեցիկ ոգի մը կայ, սակայն դժբախտաբար այս մշակոյթին դէմ պատերազմ մը կը մղուի, իսկ մեզի համար անհրաժեշտութիւն է վերականգնել այդ մշակոյթը եւ մարդ արարածին մարդկային արժանիքները յարգել», ըսաւ Զաքի:

who_killed_the_armenians_60416

Հարցումի մը, թէ ինչո՛ւ այս ժապաւէնը պատրաստուած է, Մարիամ Զաքի պատասխանեց հետեւեալ կերպով. «1915-ին հայ ժողովուրդը սպաննողը այսօր արաբ ժողովուրդը սպաննող նոյն դահիճն է, յատկապէս` «Քանդումի գարուն»-էն ետք, որուն պատճառով շրջանը ենթակայ է բաժանումի, իսկ շրջանի ժողովուրդները` արիւնահեղութեան: «Արաբական գարուն»-էն իր բաժինը ստացաւ նաեւ Եգիպտոսը եւ, իբրեւ այդպիսին, մենք սկսանք ուսումնասիրել ամբողջ շրջանին պատմութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ նշմարեցինք, թէ Օսմանեան կայսրութեան պատմութեան ժամանակաշրջանը լուսարձակի տակ չէ առնուած, եւ շրջանին մէջ անոր դերակատարութիւնը յստակօրէն չէ ըմբռնուած այդ շրջանին ժողովուրդներուն կողմէ: Ինծի համար ցնցիչ էր տեսնել, որ ծայրայեղ իսլամականներ, որոնք կրօնի անունով ճնշումներ կը բանեցնեն եւ իշխանութեան կը փորձեն հասնիլ, Ապտիւլ Համիտ Բ. սուլթանը վերածած են պաշտամունքի առարկայի:

«Մեզի համար կարեւոր էր ժողովուրդին, յատկապէս երիտասարդութեան ուշադրութեան յանձնել, որ հայ ժողովուրդին ջարդարարն է, որ այսօր իր հողերը տրամադրած է արաբները սպաննող ծայրայեղականներու մարզումին, նոյն կողմն է, որ անոնց կը ներկայացնէ գումակային օժանդակութիւն, ինչպէս նաեւ իր սահմանները կը բանայ, որպէսզի ահաբեկիչները ուղղուին դէպի արաբական աշխարհ եւ գործեն իրենց սպանդները», ըսաւ ան:

Զաքի ընդգծեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան անպատիժ մնալուն պատճառով է, որ այլ ցեղասպանութիւններ պատահած են, եւ օրական կերպով կը շարունակուին գործուիլ սպանդներ:

Ան դիտել տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ ժապաւէնի ցուցադրութեան ընթացքին ամերիկացի լրագրողներ յայտնած են, թէ ազգայնականութիւնը ժխտական բան է, աւելցնելով, որ այդ արտայայտութիւնը ընդվզեցուցած է զինք: «Ինծի համար հայրենասիրութիւնը հիանալի բան է եւ անիկա կարեւոր է պահպանելու համար իւրաքանչիւր մարդու ազգային ինքնութիւնը` կանխարգիլելով անոր համաշխարհայնացումի ենթարկումը: Ամէնէն կարեւորը այն է, որ վերջ մը դրուի ծայրայեղականութեան մտայնութեան», ըսաւ ան:

Իր կարգին Մոհամետ Հանաֆի շեշտեց, որ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի օրերուն յստակ դարձաւ Իսլամ եղբայրներուն ներկայութիւնը եւ իշխանութեան հասնելու ախորժակները, «սակայն ամէնէն վտանգաւորը Մուրսիի կատարած այն յայտարարութիւնն էր, թէ կայ իսլամ ազգ, որուն մայրաքաղաքը նոյնիսկ Եգիպտոսը չէ, այլ Եգիպտոս նահանգ մըն է իսլամ ազգը ընդգրկող կայսրութեան մէջ: Աւելի՛ն. մեզի յայտնուեցաւ նաեւ, որ այդ կայսրութեան խալիֆան պիտի ըլլայ Էրտողանը: Այդ յայտարարութիւնը մեզի համար կենաց մահու հարց էր, որովհետեւ սկսած էինք մտածել, թէ երկիր ունի՞նք, թէ՞ ոչ, ինչպէս նաեւ սկսած էին հնչել այլ յայտարարութիւններ, թէ ո՛վ որ չի փափաքիր ապրիլ իսլամական այդ պետութեան մէջ, կրնայ գաղթել», ըսաւ ան:

Հանաֆի շեշտեց, որ եգիպտացին կրնայ հանդուրժել կազի տագնապը, հացի տագնապը, այլ ծառայութիւններու տագնապներ, սակայն ան հայրենասէր է եւ չ՛ուզեր կորսնցնել իր երկիրը: «Այդ պատճառով ալ մէկ օրուան մէջ 30 միլիոն եգիպտացիներ մէկ մարդու նման փողոց իջան եւ Գահիրէի մէջ իրենց ցոյցերով վերջ տուին Իսլամ եղբայրներու առասպելին, որ նուազագոյնը 500 տարուան համար իշխանութիւնը ստանձնելու ախորժակներ ունէր: Այս պատճառով էր, որ մենք վերադարձանք պատմութեան եւ փնտռեցինք այդ տրամադրութիւններուն նախանշանները, ուր յստակօրէն երեւցան նաեւ այն իրականութիւնները, թէ Օսմանեան կայսրութիւնը բռնագրաւած է Եգիպտոսը եւ սպանդի ենթարկած` նաեւ եգիպտացիները: Հետեւաբար մեր համոզումը այն է, որ շրջենք «անցուկը մոռցուկ է» ժողովրդային առածը, եւ զայն վերածենք «անցուկը վերակենդանացնել» եւ անկէ դասեր քաղել, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմագրաւել ներկայի մարտահրաւէրները», շեշտեց ան:

Հանաֆի խստիւ քննադատեց շրջանին մէջ Իսլամ եղբայրներուն, ուահապականութեան եւ Արեւմուտքին վարուելակերպը` հաստատելով, որ անոնք են պատասխանատուները Միջին Արեւելքի մէջ ծայրայեղական ահաբեկիչներու կազմակերպութիւնները ստեղծողները, ինչպէս նաեւ` սիոնականութիւնը ստեղծողը: Ան հաստատեց, որ Արեւմուտքը պատասխանատու է շրջանին ապահովութիւնն ու կայունութիւնը խանգարող ամէն տեսակի ծայրայեղութեան ստեղծումին:

Ժապաւէն մը պատրաստելու գաղափարի ծնունդին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Մարիամ Զաքի յայտնեց, որ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանը ուսումնասիրելու ընթացքին իրենք հանդիպած են Հայոց ցեղասպանութեան, որուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու նպատակով հանդիպած են Եգիպտոսի Հայ դատի մարմինի ատենապետ, Ազգային քաղաքական ժողովի փոխնախագահ տոքթ. Արմէն Մազլումեանի հետ:

«Ա. Մազլումեան առաջարկեց այդ մասին գիրքեր կարդալ` իմանալու համար, թէ ի՛նչ է ճիշդ պատմութիւնը, եւ անոր հետ մեր յարաբերութիւնը վերածուեցաւ մտերմութեան, եւ ահա ծնաւ ժապաւէն մը պատրաստելու գաղափարը: Առաջին հերթին ժապաւէնին տեւողութիւնը պիտի ըլլար 15 վայրկեան, սակայն որքան խորացանք մեր ընթերցումներուն մէջ, այնքան աւելի յստակ դարձաւ մեզի համար, որ այդ ժապաւէնը անկարելի է սկսիլ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն, այլ պէտք է սկսիլ համիտեան ջարդերու ժամանակաշրջանէն, որպէսզի կարենանք զուգահեռներ գծել այսօրուան կացութեան հետ, որովհետեւ նպատակը կրօնի օգտագործումն է` քաղաքական շահեր ապահովելու եւ ժողովուրդներուն վրայ ճնշում բանեցնելու համար», յայտնեց Զաքի:

Ան նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ գործադրուած ուրացումի քաղաքականութեան գինն է, որ այսօր սուղ կը վճարեն ամբողջ աշխարհի, յատկապէս շրջանի ժողովուրդները: «Սակայն հարկ է նաեւ յիշեցնել, որ յիսունականներէն ի վեր արաբական աշխարհին դիմագրաւած իրերայաջորդ տագնապները առիթ չեն տուած լուսարձակի տակ առնելու Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ նոյնիսկ` մոռնալու իրենց իսկ ինքնութիւնը», ըսաւ Զաքի:

Ժապաւէնին պատրաստութեան հոլովոյթին անդրադառնալով` Մոհամետ Հանաֆի յայտնեց, որ իբրեւ վաւերագրական ժապաւէն` անիկա պէտք էր ըլլար չէզոք եւ զինուէր փաստերով: Ան նշեց, որ ժապաւէնին պատրաստութեան համար ֆինանսաւորումը հարց մը չէր, որովհետեւ իրենք 15 տարիէ ի վեր կը գործեն ժապաւէններու արտադրութեան մարզին մէջ եւ այդ իմաստով բաւական փորձառու են:

«Սոշըլլի ռելեւընթ» ժապաւէններու փառատօնին ընթացքին, Նիւ Եորք

«Սոշըլլի ռելեւընթ» ժապաւէններու փառատօնին ընթացքին, Նիւ Եորք

«Մենք որոշեցինք այս ժապաւէնը ամբողջովին ֆինանսաւորել: Իսկ ժապաւէնին յաջողութեան համար եգիպտահայութիւնը եւ Հայաստանը տրամադրեցին բոլոր դիւրութիւնները, որպէսզի մենք ստանանք փաստաթուղթերը: Անշուշտ մեր նպատակը 15 վայրկեան տեւողութեամբ ժապաւէնի մը պատրաստութիւնն էր, եւ այդ մասին զարմանքով արտայայտուեցան Հայաստանի պատկերասփիւռի պետական կայանի պատասխանատուները: Հայաստանէն վերադարձին մենք չորս ամիս միայն կարդացինք եւ այդ պահուն միայն հասկցանք այդ զարմանքին պատճառները: Երկուքուկէս տարուան ընթացքին մենք կրցանք պատրաստել 2 ժամ եւ 20 վայրկեան տեւողութեամբ վաւերագրական ժապաւէն մը, որ անկարելի էր այդ վիճակով հրամցնել ժողովուրդին, հետեւաբար ստիպուեցանք անոր տեւողութիւնը սեղմելու աշխատանք տանիլ, մինչեւ որ 8 ամիս ետք կարելի եղաւ մէկ ժամ եւ 12 վայրկեանի մէջ խտացնել ժապաւէնը: Ժապաւէնին բնագիրը գրեցի կսկիծով եւ` ընտրելով իրականութիւնը ներկայացնելու ամէնէն հզօր բառերը, սակայն, ցաւ ի սիրտ, կ՛ըսեմ սակայն, որ մենք սեղմում կատարեցինք կարեւոր հարցազրոյցներու, որոնք ցնցիչ էին եւ կրնային ակնդիրը մղել կասկածելու եւ մեզի չափազանցելու յանցանքով ամբաստանելու: Բայց եւ այնպէս ժապաւէնի սկիզբը նկարուած օսմանցի զինուորականները, որոնք իրենց ձեռքին գլխատուած գլուխներ բռնած եւ նկարուած էին, դիտմամբ կրկնուած է վերջին տեսարանին մէջ, որովհետեւ այսօր ՏԱՀԵՇ նոյն ընթացքը ունի», ըսաւ ան:

Հայոց ցեղասպանութեան մասին իր կատարած ուսումնասիրութեան եւ այցելութիւններուն ընթացքին իր ունեցած զգացումներուն մասին խօսելով` Մարիամ Զաքի հաստատեց, որ այդ հարցը նախեւառաջ մարդկային հարց է, եւ իբրեւ մարդ` ինք չէր կրնար չյուզուիլ եւ չտառապիլ հայ ժողովուրդին հետ: «Նոյնիսկ մտածեցի, որ արդեօք անտեղեա՞կ եմ, որ հայ մեծ հայր մը ունիմ»: Ան նշեց, որ անկարելի է Հայոց ցեղասպանութեան մասին կարդալ եւ այդ ժողովուրդին ցաւը չկիսել: «Ինծի համար ամէնէն ահաւորը նաեւ Ցեղասպանութեան առնչուած վայրերու այցելութիւնն էր: Օրինակի համար, նկարահանումի նպատակով օր մը այցելած էինք Հայաստանի սահմանամերձ շրջան մը, ուր ես շատ նեղութիւն զգացի եւ կը փափաքէի վայրկեան առաջ հեռանալ այդ շրջանէն, որուն մասին աւելի ուշ գիտցայ, որ անիկա եղած է բռնագաղթի ենթարկուած հայերու ճամբաներէն մէկը», ըսաւ ան:

Զաքի դրուատեց ժապաւէնին մէջ իրենց բաժինը ունեցող թուրք այլախոհ պատմաբաններուն կեցուածքները, որոնք ճանչցած էին Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ իրականութիւնը կը նշէին` ինչպէս որ է, նկատի ունենալով, որ անոնք Թուրքիոյ մէջ չեն ապրիր: «Սակայն ինծի համար հետաքրքրական էր թուրք այն պատմաբանը, որուն Հայաստանի Ազգային արխիւներու կեդրոնին մէջ հանդիպեցանք, անոր ուսումնասիրութեան պահուն: Ինծի համար շատ յստակ էր, որ եթէ ան Թուրքիա վերադառնալիք չըլլար, շատ աւելի բան կրնար ըսել Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Սակայն գնահատելի էր անոր յանդգնութիւնը եւ յարգանքի արժանի, որովհետեւ համաձայն գտնուեցաւ մեզի հետ հարցազրոյց ունենալ եւ դիւանագիտութեամբ պատասխանել մեր հարցումներուն», նշեց ան:

Զաքի շեշտեց, որ ինք այս փորձառութենէն եզրակացուցած է, որ թուրքը տակաւին ինքնութեան հարց ունի, աւելցնելով, որ անոնք դժուարութիւն ունին ճշդելու իրենց ինքնութիւնը եւ այդ պատճառով է, որ արաբ ժողովուրդին վրայ կ՛ուզեն ճնշում բանեցնել, իսկ եւրոպացիներուն դիմաց` քծնիլ: «Ես անկեղծօրէն անոնց բարի ապաքինում կը մաղթեմ», աւելցուց Զաքի:

Ժապաւէնին առարկայականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Մոհամետ Հանաֆի հաստատեց, որ անկարելի է Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսիլ առանց մարդկային ըլլալու: Ան շեշտեց, որ ժապաւէնին մէջ գործածուած իւրաքանչիւր նախադասութիւն ունի իր ճշմարիտ փաստաթուղթը եւ պատմաբանի կարծիքը:

Նոյն հարցումին մասին Մարիամ Զաքի ըսաւ. «Ի վերջոյ մենք մարդ արարածներ ենք, եւ մասնագիտական աշխատանք ներկայացնելը անպայման չի պարտադրեր անմարդկային ըլլալ»:

Հանաֆի շեշտեց, որ ժապաւէնին անուան մէջ նաեւ դատապարտումի շեշտ մը գոյութիւն ունի, աւելցնելով, որ իբրեւ այդ ժապաւէնը պատրաստողներ` զիրենք դատապարտած է օսմանեան կողմը, ոչ թէ որովհետեւ իրենք հայ ժողովուրդին կողմնակից են, այլ` պարզապէս այն իրականութեան համար, որ վճիռը արձակող դատախազը կատարեալ չէզոքութեամբ կ՛արձակէ իր վճիռը` փաստերու վրայ հիմնուելով: «Իսկ մեր գտած բոլոր փաստաթուղթերը ցոյց տուին, որ Օսմանեան կայսրութիւնն ու օսմանցի ղեկավարներն էին Հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատուները», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Մարիամ Զաքի մէջբերելով Արամ Ա. վեհափառին խօսքերը, հաստատեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ոչ միայն հսկայական փաստեր ունի, այլեւ ականատեսներ եւ վերապրողներու վկայութիւններով փաստագրուած իրադարձութիւն մըն է: Ան աւելցուց նաեւ, որ առարկայականութիւնը կը կայանայ նաեւ այն իրականութեան մէջ, որ ժապաւէնը ամբողջութեամբ հիմնուած է պատմական փաստաթուղթերու վրայ:

Ապագայ ծրագիրներուն մասին Մոհամետ Հանաֆի ըսաւ, որ ժապաւէնը պիտի ունենայ երկրորդ բաժին մը, որ կը կոչուի «Արդարութեան ուղին»: Հանաֆի ընդգծեց, որ երկրորդ բաժինը պիտի ըլլայ զուտ իրաւաբանական, ինչպէս նաեւ պիտի շեշտուին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ հատուցելու անհրաժեշտութիւնը, հաստատելով, որ պատմական քստմնելի այդ արարքը անպատիժ ձգելով` մարդկութիւնը քաջալերած կ՛ըլլայ ցեղասպանութիւններու գործադրութիւնը:

Մարիամ Զաքի յայտնեց, որ իր ամուսինը` Մոհամետ Հանաֆի, իրաւաբանութիւն ուսանած է եւ հասած` մինչեւ դատախազի աստիճանի, հետեւաբար ան ատակ է պատրաստելու նման ժապաւէն մը` ընտրելով ճշգրիտ բառերը:

Ժապաւէնը այլ երկիրներու մէջ ցուցադրելու ծրագիրներուն մասին Հանաֆի ըսաւ, որ իրենց յաջորդ ծրագիրը այդ ժապաւէնը Լոս Անճելըսի եւ Պոսթընի մէջ ցուցադրելն է: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց ժապաւէնը ցուցադրելու որեւէ երկրի մէջ` մաղթելով սակայն, որ փափաքող կողմերը` տարբեր երկիրներու մէջ գտնուող հայկական գաղութները օժանդակեն իրենց հետ կապ հաստատելով:

Թուրքիոյ հակազդեցութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հանաֆի յայտնեց, որ իրենք Թուրքիոյ կողմէ սպառնալիքներ եւ զգուշացումներ ստացած են` աւելցնելով, որ իրենք չեն պատկերացներ, որ Թուրքիա մուտք կը գործեն, այնքան ատեն որ էրտողանեան իշխանութիւն կամ աջակողմեան ծայրայեղական իշխանութիւն կայ:

Զաքի իր կարգին յայտնեց, որ նման իշխանութեան ներքեւ իրենց Թուրքիա այցելութիւնը անձնասպանութիւն պիտի նշանակէ:

Իբրեւ վերջին խօսք, Հանաֆի եզրափակեց` ըսելով, որ ինք հմայուած է հայ ժողովուրդով, աւելցնելով, որ իրեն մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ հայ ժողովուրդին շնորհակալ վերաբերումը: «Մենք շատ մը դատերու համար աշխատած ենք եւ` մեծ թիւով ժապաւէններ պատրաստած, սակայն մենք ուղղակի շշմած ենք հայութեան հակազդեցութեամբ: Այս անգամ է միայն, որ մեր աշխատանքը արժեւորուած կը զգանք: Իսկ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ մեզի տրուած շքանշանը մեծ նշանակութիւն ունի: Հայ ժողովուրդը շատ մարդկային է: Հայ ժողովուրդը Ցեղասպանութենէն ետք կորսնցուց ամէն ինչ, սակայն կրցաւ Մեծ եղեռնէն երեք տարի ետք անկախութիւն եւ պետութիւն կերտել, իսկ Հայաստանը կորսնցնելէ ետք աշխարհի չորս կողմերը ստեղծեց տարբեր Հայաստաններ` պահպանելով իր մայրենի լեզուն, կրօնը, ազգային աւանդութիւններն ու սովորութիւնները, հետեւաբար ինծի համար հայը ազգ մըն է, որ անկարելի է սպաննել», ըսաւ Հանաֆի

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>