Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Հրաչ Փափազեան. «Նեմեսիս»-ին Ճակատագրական Փրկարար Միջամտութիւնը

$
0
0

ՅՈՎՍԷՓ ԷՍՔԻՃԵԱՆ

HratchPapazian_60416Թուականը` 5 հոկտեմբեր, 1950, Պէյրութ: Հօրս հետ եկած ենք Դամասկոսէն եւ արձանագրութեան համար կը սպասենք Հայ ճեմարանի Գ. դասարանի ուսանող արձանագրուելու համար:

25 յունիս 1950 թուականին աւարտած եմ Դամասկոսի Միացեալ վարժարանի ընթացքը, որուն տնօրէն, Կիլիկիոյ շրջանի մեր կազմակերպութեան ներհուն մտաւորական ղեկավարներէն Տիգրան Գալըպճեանին յատուկ յանձնարարութեամբ, կը յուսայինք Հայ ճեմարանի բախտաւոր աշակերտներէն մէկը դառնալ:

Ամիսներ առաջ հայրս արդէն որոշած էր զիս անպայման ճեմարանական մկրտել, բախտաւոր օր մըն ալ` յանձնառու հայը դիմաւորելու ակնկալութեամբ:

Միշտ ալ Դամասկոսէն Հայ ճեմարան ընդունուած ուսանողները` մատի վրայ կը հաշուուէին:

Միացեալի աւարտականները ընդհանրապէս իրենց ուսումը կը շարունակէին Դամասկոսի պետական կամ օտար վարժարաններուն մէջ:

Ճեմարանական կոչումին արժանի եւ ընթերցաւարտ դարձած են հետեւեալ դամասկահայ ուսանողները:

Հիներէն կը յիշեմ Մ. Իշխանին եւ Գառնիկ Բանեանին դասընկեր դարձած Յովհաննէս Երէցեանը (հետագային` քահանայ ձեռնադրուած), Խաթունիկ Բագրատունի, ծնեալ Սրապեան (Լոս Անճելըս, Միացեալ Նահանգներ), Արաքսի Շահինեան, ծնեալ Սրապեան (Պէյրութ), Վարուժան Գալընճեան (այժմ` Ֆրեզնօ, Միացեալ Նահանգներ):

Եւ ահա այսօր իմ հերթս է անձկութեամբ սպասելու Ճեմարանի քովընտի սպասման սրահը` տեղեկանալու արձանագրութեան ընթացքի մասին:

Առաջին ու գլխաւոր խոչընդոտը կը յայտնուի շուտով: Լեւոն Շանթ, մանկավարժական մտահոգութիւններով եւ դասաւանդման աւելի լաւ արդիւնքի մը հասնելու համար, արդէն որոշած էր Գ. դասարանին մաս կազմելիք աշակերտներուն թուաքանակը` 20 աշակերտ:

Ուրեմն աւելորդ տեղ ու գրասեղան մը տեղադրելու հնարաւորութիւն չկար Գ. դասարանէն ներս ինծի յատկացուելու համար:

21-րդ աշակերտ անձս դատապարտուած էր մերժուելու:

Անճրկած էր մեծ ակնկալութիւններով Ճեմարան դիմող, ազնուական ու հայու խոր ոգիով հարուստ հայրս:

Բարեբախտաբար, ճակատագրական զուգադիպութեամբ, Հալէպէն Ազգային գործերով Պէյրութ կը գտնուէին երկու պատուական հայորդիներ: Մէկը` Բերիոյ թեմի հայոց առաջնորդ Զարեհ արք. Փայասլեանը (հետագային` կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ), իսկ միւսը` հայ նեմեսիսներէն Հրաչ Փափազեանը (Հալէպէն):

Զարեհ սրբազանին հետ հայրենակցական լաւագոյն մտերիմ կապեր կը պահէր հայրս երկար տարիներէ ի վեր:

Հայրս անվարան կը դիմէ Զարեհ սրբազանին` Լեւոն Շանթին մօտ դրական միջամտութիւն մը կատարելու ակնկալութեամբ:

Սրբազանը, սակայն, կը նախընտրէ, որ Հրաչ Փափազեանը կատարէ խնդրուած միջնորդական առաքելութիւնը` պատճառաբանելով այն գաղափարը, թէ դամասկահայութիւնը մեծ ակնկալութիւններ կապած է, ապագայի հաշուով, իմ անձիս բերելիք նպաստին գծով, դամասկահայ համեմատաբար փոքրաթիւ գաղութէն ներս:

Ակնկալուածին պէս, հայ «Նեմեսիս» Հրաչ Փափազեանը կ՛ընդունի կատարելու միջնորդական իր առաքելութիւնը` խիստ ու իր մանկավարժական սկզբունքները անշեղօրէն գործադրող Լեւոն Շանթին մօտ:

Արդարեւ, Հրաչ Փափազեանը, իր պատկառազդու ինքնավստահութեամբ, ուղղակի կը դիմէ Ճեմարանի տնօրէն Լեւոն Շանթին` շեշտելով անհրաժեշտութիւնը` անձս որեւէ բացառիկ կարգադրութեամբ մը ընդունելու Հայ Ճեմարանի աշակերտ:

Հայ «Նեմեսիս» Հրաչ Փափազեանի ճակատագրական ազդու միջամտութեամբ, Լեւոն Շանթ տեղի տուաւ, մանկավարժական իր անշեղ սկզբունքներէն մէկուն գործադրումէն` այդպիսով զիս արժանացնելով Հայ Ճեմարանի ուսանող նկատուելու հպարտառիթ որոշումին:

10 հոկտեմբեր 1950 թուականին մեծ եռուզեռով սկսան Ճեմարանի նոր տարեշրջանի դասաւանդութիւնները:

Սակայն ես դպրոցական ընթացիկ տեսքով գրասեղան իսկ չունէի 20 աշակերտէ բաղկացած Գ. դասարանին մէջ:

Կարգադրուեցաւ, որ 21-րդ աշակերտիս դասարանային աշխատանքներուն համար հապճեպ կերպով ինծի յատկացուին… պարզ սեղան մը եւ աթոռակ մը… եւ այս ընթացքը շարունակուեցաւ մինչեւ Բ. կիսամեակի սկիզբը, երբ ես ալ ունեցայ իմ գրասեղանս:

Այդ թուականէն սկսեալ, մինչեւ յունիս 1956 թ., երկրորդական լրիւ ուսումնառութեանս աւարտը, մաս կազմեցի Հայ Ճեմարանին բացառիկ ու անփոխարինելի մեծ ընտանիքին:

Այդ բախտաբեր որոշումին շնորհիւ, ես դարձայ յանձնառու հպարտ հայը, որ ես եմ այսօր:

Թող լոյս իջնէ հոգիներուն` Զարեհ Ա. վեհափառին եւ հայ «Նեմեսիս» Հրաչ Փափազեանին, որոնց բարի կամեցողութեամբ, եւ հեղինակաւոր միջամտութեամբ ես դարձայ ամբողջական բախտաւոր ճեմարանականը:

Կարօ Սասունիի` գրականութեան սիրելի ուսուցիչիս հետեւեալ դիպուկ հաստատումով կը վերջացնեմ ներկայ հակիրճ յօդուածս:

«Հայ սփիւռքի տարածքին մշակութային ու ազգային բազմաթիւ հայ կրթական հաստատութիւններ կը գործեն, եւ սակայն Հայ Ճեմարանին վերապահուած է հայ ոգին դարբնելու եւ ազգային յանձնառութեամբ ապագայ սերունդներ պատրաստելու նախախնամական առաքելութիւնը` սփիւռքեան համայնակուլ տարածքին, եւ ատենին անոր անողնայար եւ պահպանողական, անկազմակերպ գոյութեան ընթացքին: Չըլլայ, որ լճանաք անգործ` հայ կեանքի մայր լուսանցքին»:

Պէյրութ, 8/5/2016


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles