Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքն ու Հայ դատը հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելու աշխատանքներու ծիրը բաւական ընդարձակ է ու համապարփակ: Բայց եւ այնպէս, միշտ ալ անպայման մեծ աշխատանքները չեն, որ մեծ արդիւնքներ կու տան, այլ անհատական պարզ նախաձեռնութիւններ, ներաշխարհէ բխող արտայայտութիւններ, իրականութիւնը լուսարձակի տակ առնող պատկերներ կու գան իրենց դրական ու ուժգին ազդեցութիւնը ունենալու եւ գործնական արդիւնքներ արձանագրելու Հայ դատի հետապնդման եւ Հայոց ցեղասպանութեան իրազեկման արշաւին մէջ:
«1988-ին, մեծ հօրս մահէն երկու տարի ետք (ան Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրող է), հայրս եւ հօրեղբայրս նախաձեռնեցին հրատարակութեան իրենց հօր` Հայկազուն Եափուճեանի «Տառապանքի եւ յոյսի ապրումներ» գիրքին: Հոն կը նկարագրուի հայութեան պայքարը Եոզկաթի մէջ` Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն: Յուշագրութեան երկրորդ հրատարակութիւնը իմ ընտանիքիս կողմէ մեծ հօրս նկատմամբ երախտագիտութեան խորհրդանիշ եւ դրսեւորում էր` անոր ապրած տառապանքներուն, դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ այն զոհողութիւններուն համար, զորս ան կատարեց մեր ընտանիքը հասցնելու հոն, ուր որ կը գտնուի այսօր»:
Վերոյիշեալ գրառումը 2 մարտ 2015-ին Դիմատետրի իր անձնական էջին վրայ կատարած էր Հայկ Եափուճեան` կցելով իր մեծ հօր վերահրատարակուած գիրքին լուսանկարը:
Նկարն ու գրութիւնը գրաւած են ուշադրութիւնը Հայկ Եափուճեանի դասընկերներէն թորոնթոբնակ Տոնալտ Պըրնզի, որ խօսքէն ու տպաւորութենէն անդին անցնելով` հանդէս եկած է ողջունելի նախաձեռնութեամբ մը` իր ընտանեկան Պըրնզ հիմնադրամի միջոցներէն 20 հազար տոլար նուիրելով Ուինիփեկ գտնուող Քանատայի մարդկային իրաւանց թանգարանին: Իր կատարած նուիրատուութեան կցած է տրամադրուած գումարին նպատակը` Քանատայի աշակերտութեան եւ թանգարանի այցելուներուն Հայոց ցեղասպանութեան ծանօթացման եւ ուսուցման նպաստող ցուցադրական ծրագիրի մը պատրաստութիւնը: Այսպիսով Տոնալտ Պըրնզ շեշտը դրած է այն իրողութեան վրայ, որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին տեղեկացնելն ու նման ոճիրներու կրկնութիւնը կանխարգիլելը շատ կարեւոր ու առաջնահերթ են իրեն համար:
Հայկ Եափուճեանի մտածումներու եւ զգացումներու տուեալ պահուան համադրութիւնն ու դրսեւորումը եղող վերոյիշեալ տողերը դուռ բացին կարեւոր ու ողջունելի նախաձեռնութեան մը, որ կրնար իրականութիւն չդառնալ, եթէ տուեալ տողերը չթափանցէին Տոնալտ Պըրնզի հոգիին մէջ` իբրեւ մարդ մը, որ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ մարդկային դատերը արթուն պահելու հետամուտ է:
Ասիկա փաստ է, որ սրտէ բխող հարազատ գրառումները եւս իրենց արժէքը ունին, որովհետեւ անոնք վառ կը պահեն Ցեղասպանութենէն ճողոպրածներուն կտակը` արդարութեան տնօրինումը պահանջելու մինչեւ իսկական արդարութեան հաստատում:
Այս առիթով արժէ նաեւ անդրադառնալ ապրիլ 24-ի առիթով 2016-ին Հայկ Եափուճեանի կողմէ կրկին Դիմատետրի անձնական էջին վրայ կատարուած հետեւեալ գրառումին, որ նոյնպէս պատգամ կը բովանդակէ.
«Հարիւրմէկ տարի առաջ, այսօր, մեծ հայրս` Հայկազուն Եափուճեան (աջին), ականատես դարձաւ այն դէպքին, որ այսօր կը ճանչցուի իբրեւ Հայոց ցեղասպանութիւն` Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ձախող փորձ մը երկրագունդի երեսէն բնաջնջելու հայ ազգը:
«Ապրիլ 24-ը այն օրն է, երբ աշխարհի ծագերուն ապրող հայերը կ՛ոգեկոչեն Հայոց ցեղասպանութիւնը: Իսկապէս տխուր օր է, որ կը յիշեցնէ այն դաժան ոճիրները, որոնք գործադրուած են հայութեան դէմ:
«Սակայն ինծի համար այս օրը նաեւ խորհրդանիշ է հայ ազգի վերապրումին, որովհետեւ նոյն մարդը, որ ահաւոր տանջանքներու ենթարկուեցաւ, վերապրեցաւ, կը հաստատէ իմ ընտանիքիս շարունակականութիւնը` ծնունդ տալով հօրս` Յակոբ Եափուճեանին (ձախին), որ ծնած է նոյն օրը` 24 ապրիլին, Ցեղասպանութենէն 30 տարի ետք:
«Այն հիացմունքը, զոր ես կը տածեմ այդ երկու մեծ անձերուն նկատմամբ, անսահման է, ոչ թէ անոր համար, որ իրե՛նք են պատճառը այսօր կայացած դիրքի վրայ ըլլալուս, այլ որովհետեւ անոնք եւս իրենց ներդրումն ու նպաստը ունեցած են իրենց ընկերութիւններուն մէջ Հայ դատը լսելի դարձնելու առումով:
«Բարի տարեդարձ հօրս, սակայն աւելի կարեւորը, թող խաղաղ ննջեն հոգիները այն մարդոց, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին ջարդերուն ընթացքին:
101 տարուան լռութիւնը խզեցէք ու ճանչցէք Հայոց ցեղասպանութիւնը»:
Ուրեմն պէտք է միշտ խզել լռութիւնը, դէպքեր, յուշեր, իրականութիւններ լուսարձակի տակ պահել, որովհետեւ կը հաւատանք, որ աշխարհը օր մը պիտի սթափի, դէմ յանդիման գայ դառն իրականութեան, ընդունի կատարուած ահաւոր ցեղասպանութիւնը, եւ մարդկային արդարութիւնը իր իսկական ու արժանի տեղը ունենայ մեր կեանքին մէջ: