Հիւսիսային Լիբանանի մէջ կայացած քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններով կարելի է արձանագրել, որ Լիբանան դարձուց ընտրական կարեւոր էջ մը, որ հետագայ նոր հատորներու ընթերցման կը հրաւիրէ ընտրութիւներուն ընթացքին եւ արդիւնքներուն հետեւողները:
Յատկապէս հիւսիսային Լիբանանի մէջ որոշ առումով յանկարծակիութեան գործօնը հարցականներու դուռ բացաւ, Թրիփոլին յատկանշող համայնքին ոչ միանշանակ դիրքորոշումին եւ ամբոխային որոշ տրամադրութիւններու վրայ յենած քուէի յառաջատարութիւնը ընդգծելու իրականութիւններուն ի տես:
Լիբանանի տարածքին ընդգծուած թաղապետական եւ քաղաքապետական ընտրութիւններու համայնապատկերը մտածել կու տայ, որ դասական, քարացած բազմաբեւեռային կանխատեսելի դաշտը ըստ էութեան դիմափոխութիւններ ապրելու ընթացքին մէջ է եւ այդ տեսակէտէն ալ առիթ կու տայ նոր դաշինքներու, նոր համագործակցութիւններու կայացման:
Այս սիւնակներէն քանի մը անգամ լուսարձակի տակ առինք քաղաքացիական շարժումներու, անոնց քաղաքական հովանաւորութիւններուն եւ նորարարութիւններու ներմուծման կարգախօսին տակ երիտասարդ շրջանակներ ներգրաւելու երեւոյթները: Նախադրեալները ցոյց կու տան, որ այս միտումները զարգանալու հեռանկարներ կը պարզեն. եւ եթէ այլ համայնքներու պարագային տեղ-տեղ ամբոխային հասկացողութեամբ կրօնական շեշտադրումներու ներշնչանքներով առաջնորդուիլը, այլ տեղ նորարար քաղաքացիականութիւնը դրօշակ պարզելը ունեցան իրենց որոշ ազդեցութիւնը, հայ ընտրազանգուածը մնաց ժայռացած` ուղղորդուած ձեւով քուէարկելը ոչ թէ ժողովրդավարութեան պակասով, այլ քաղաքական միահամուռ կամքով համայնքի իրաւունքներու պաշտպանութեան ապահովում նկատելով:
Վերահաշուարկներն ու հետեւութիւններ ընելը անպայման կը կատարուին համակողմանիօրէն: Որքան ալ փորձենք ապաքաղաքականացնել ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները եւ անպայման քաղաքական հետագայ գործընթացներուն հունաւորումներ չնկատել այս բոլորին մէջ, այսուհանդերձ կարելի չէ չտեսնել, որ դասականացած դաշտերուն մէջ տարբեր առուակներու ջուրեր սկսած են հոսիլ, եւ հետագայ խորհրդարանական ընտրութիւնները նախկին տրամաբանութիւններով կրնան չընթանալ:
Քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու նախօրէին տիրող թերահաւատութիւնը` անոնց կայացման ճակատագիրին շուրջ, վերանալով տարհամոզած է նաեւ տարբեր շրջանակները խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացման առումով: Խորհրդարանական մասնակի ընտրութեան կայացումը եւս եկաւ աւելնալու ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն վրայ` թերահաւատութիւնը գրեթէ ամբողջովին ջրելով:
Բայց կ՛ապրինք Լիբանանի մէջ, եւ մետասաներորդ պահուն կոճակի սեղմումները կրնան կանգնեցնել ամէն ինչ: Այս պահու դրութեամբ, սակայն, Լիբանանը կ՛ուզէ իր ատենին կատարել ընտրական հանգրուանները տարբեր մակարդակներու վրայ եւ իրաւապետական պարապութիւններ չստեղծել: Բացի…
Բացի նախագահական պաշտօնէն: Թաէֆով նախագահականէն վարչապետականի անցում կատարելու նախադրեալները պարզող պետական համակարգի գլուխը կը շարունակէ մնալ հանրապետութեան նախագահութիւնը, որ ահաւասիկ երկու տարիէ ի վեր թափուր է: Նոյնիսկ աննախընթացօրէն միաւորուած քրիստոնեայ ամէնէն ներկայացուցչական ուժերու միացեալ թեկնածու առաջադրելու որոշումը չէ յաջողած սայլը շարժել տեղէն:
Կը թուի սակայն, որ նախագահական պաշտօնին հետ կապուած հանգուցալուծումը կոճակ սեղմել տուողներու կողմէ առաջադրուած օրակարգ չէ: Թաէֆով նախագահականէն կիսանախագահական ըստ էութեան անցում կատարած համակարգը այժմ կը գործէ առանց նախագահի եւ անոր լիազօրութիւններու իրականացման: Կառավարութիւնը կը շարունակէ գործել վարչապետի գլխաւորութեամբ, պետական փոխադարձ այցեր կը շարունակուին, առանց հաւատարմագրուելու դիւանագիտական ներկայացուցիչներու հերթափոխներ տեղի կ՛ունենան, թնճուկային թղթածրարներ նոյնիսկ իրենց լուծումը կը գտնեն կառավարութեան նիստերուն, առանց… նախագահի:
Մինչ խորհրդարանը, որուն այս ներկայ պայմաններուն մէջ գլխաւոր գործառոյթը նախագահի ընտրութիւնը յաջողցնելն է, այլապէս իր նախագահին դերակատարութեամբ մերթ ընդ մերթ կը համախմբէ Լիբանանը բաղկացնող բոլոր համայնքներու եւ գլխաւոր ուժերու ներկայացուցիչները` արտախորհրդարանական միջավայրի մէջ կազմակերպելով Ազգային երկխօսութեան նիստեր:
Առաջադրուածը արգելքներ վերացնելով համաձայնի՞լն է նախագահի ընտրութեան օրակարգին շուրջ, թէ՞ արգելքներ պահելով օրակարգը առկախելն է:
Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը ամբողջ երկրի ու պետութեան մէկութեան խորհրդանիշն է: Այդ մէկութիւնը նման միջհամայնքային համակարգի վրայ կառուցուած պետութիւններու պարագային աւելի քան անհրաժեշտ է իբրեւ ամբողջ ժողովուրդի խորհրդանիշ: Ընտրութիւնները սահմանադրականօրէն ճշդուած ժամկէտին կայացնելը միայն թաղապետներուն եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն համար կիրարկելու համար չէ: Համալիբանանեան քաղաքական կամքի դրսեւորումը հրամայական է: