Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Ծառայասէր Ընկերուհին

$
0
0

Victoria-Tutundjian_60416

Արդէն քառասուն օրեր անցած են ընկերուհի Վիքթորիա Թիւթիւնճեանի բաժանումէն: Բոլոր շրջանակներու մէջ ճանչցուած ու յարգուած էր: Ափսոս, որ կատարելիք աշխատանքները չաւարտած, մեկնեցաւ այս աշխարհէն`  պարապութեան մէջ ձգելով շրջապատը: Ան հոգւով ու մարմնով նուիրուած էր իր ընտանիքին եւ իր սիրած միութեան` ԼՕԽ-ին: Անշուշտ չէր զլացած իր ծառայութիւնը բերելու «Թռչնոց բոյն»-ին, 14 տարի ըլլալով Տիկնանց միութեան անդամ, որուն համար շատ ուրախ եւ գոհունակ էր:

Մանկութեան կորսնցնելով հայրը` մօրը հետ յանձն կ՛առնէ իր եղբայրներուն հոգատարութիւնը: Պաղեստինի գրաւումէն ետք ընտանեօք կը հաստատուի Լիբանան եւ կը նետուի կեանքի ասպարէզ: Ընտանեկան բոյնը կազմելէ ետք, 1963-ին կ՛անդամակցի ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղին, Մար Մխայէլի շրջանէն ներս եւ սիրայօժար կը կատարէ իրեն վստահուած վարչական բոլոր պարտականութիւնները: Պատրաստ էր իր օժանդակութիւնը բերելու բոլորին: ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու ձեռնարկներուն ներկայ կ՛ըլլար եւ յաճախ կը կրկնէր` «Պէտք է օգտակար դառնանք»:

Ընկերուհին նաեւ հայրենասէր էր: Իրեն համար Կիլիկիան ու Ատանան տարբեր էին: Քանիցս այցելած էր Մայր հայրենիք, Արեւմտեան Հայաստան եւ Կիլիկիա: Իւրաքանչիւր այցելութենէն վերադարձին նորութիւններ կ՛ունենար պատմելիք, որոնք համեմուած կը ներկայացնէր: Ատանայի հայրենակցական միութիւնն ալ իր ծառայութիւնը չէր զլանար: Ուր որ կարիքը կար, ընկերուհին ներկայ էր օժանդակելու:

Իրեն համար հանգիստի պահը իր ձեռագործներն էին: Օրինակները կը գծէր, ուլունքներ կ՛ընտրէր եւ մեծ ոգեւորութեամբ կ՛աշխատէր: Իր ներաշխարհն ու հոգին կը լեցնէին այդ գլուխ գործոց կտորները, որոնք այսօր զարդարած էին Կիլիկիոյ մայրավանքի եւ Ս. Էջմիածին տաճարին պատերն ու խորանները:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառը 2016 տարին հռչակեց «Ծառայութեան» տարի, եւ արդեօք զուգադիպութի՞ւն է, որ մեր ծառայասէր ընկերուհին այդ տարուան ապրիլ 25-ին, Ցեղասպանութենէն մէկ օր ետք մահանայ: Թուական մը, որ կարելի չէ մոռնալ, թուական մը, որ իրեն համար մեծ նշանակութիւն ունէր:

Սիրելի՛ ընկերուհի Վիքթորիա,

Յուզումը պատած է քեզ ճանչցողներուն հոգիները, շրջանակդ լայն եղած էր, յարգուած էիր շրջապատէդ: Ծառայած էիր բոլորին անխտիր: Շատ պիտի զգան բացակայութիւնդ, որովհետեւ միշտ ներկայ էիր ձեռնարկներուն` ուժ եւ կորով ներշնչելով ընկերուհիներուն:

Վարձքդ կատա՛ր, ընկերուհի՛: Յիշատակդ անթառամ մնայ: Քու նուիրած ձեռագործներդ պիտի վկայեն ու փաստեն քու ներկայութիւնդ ամէնուրեք:

ԱՐՓԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>