Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Շինարարական Համեստ Իրագործում Մը` Մեծ Երազի Մը Ճամբուն Վրայ

$
0
0

Shenk_60316

Քանի մը ամիսէ ի վեր ականատես ենք Պուրճ Համուտի բանուկ փողոցի մը լայնքին կատարուող շինարարական ժրաջան աշխատանքի մը: Ամէն անցորդի ուշադրութենէն չէր վրիպեր կատարուածը, որովհետեւ զգալի էր աշխատանքին թափն ու կորովը:

Ճիշդ է, որ նոր կառուցուող շէնքեր չէին անոնք, այլ` գոյութիւն ունեցող երկու շէնքերու վերանորոգումն ու հիմնովին բարեզարդումն էր: Երկու անխնամ շէնքեր, որոնց վրայ բաւական ժամանակ էր անցեր, ուստի որոշ չափով կորսնցուցեր էին իրենց գրաւչութիւնն ու քարակերտ փայլքը:

Եւ ահա անտեսուած այս շէնքերը պիտի վերածաղկէին շնորհիւ Ազգային առաջնորդարանի Բնակարանային յանձնախումբին, որ յանձն առած էր իր լրումին հասցնել նման ազգանպաստ աշխատանք: Այդ երկու շէնքերը կոչուեցան «Արենի»: Ինչ կը վերաբերի անոնց աշխարհագրական դիրքին, անոնք կը գտնուին Մարաշի փողոցի վերջաւորութեան` դէպի աջ թեքուող եռանկիւն հողաշերտի մը վրայ:

Հաւանաբար ըսուի, որ նմանօրինակ աշխատանքներ եղած են ատենին ու դեռ կը շարունակուին, հակառակ երբեմն արձանագրուող դանդաղութեան եւ ուշացումներուն: Սակայն այս պարագային մեզ հետաքրքրողը աշխատելու ձեւն ու յարատեւութիւնն էր, որոնցմով կ՛արդիւնաւորուէր նպատակը, այսինքն` առաւելագոյն արագութեամբ եւ բծախնդրօրէն հանրութեան սեփականութիւնը դարձնել այնպիսի բնակարաններ եւ վաճառատուներ, որոնց ներկայութիւնը առանձնապէս պիտի փոխեն տուեալ թաղամասին տեսքն ու դիմագիծը:

Այո՛, կ՛ընդգծենք թաղամասի տեսքի ու դիմագիծի կարեւորութիւնը` երկու հիմնական բացատրութեամբ եւ յստակ ակնկալութիւններէ մղուած:

Յայտնենք, որ առաջին անգամ չէ, որ կ՛անդրադառնանք Պուրճ Համուտի հայեցի դիմագիծի պահպանման  եւ անհրաժեշտութեան: Գաղտնիք չէ, որ նման ծրագիրի  կենսագործման ամէնէն էական տարրը վայելուչ եւ հանգստաւէտ բնակարաններու եւ շէնքերու կառուցումն է, կանաչապատ որոշ տարածքներու եւ յարակից յարմարութիւններու ներկայութիւնը:

Ահա թէ ինչո՛ւ կ՛անդրադառնանք այս համեստ աշխատանքին եւ կ՛ուզենք շեշտը դնել անոր տարողութեան վրայ: Փաստօրէն, երկու շէնքերու վերանորոգումն ու անոնց վայելուչ տեսքով օժտուածութիւնը, գէթ այս փուլին, յոյսի որոշակի նշոյլ մըն է, մեծ երազի մը ճամբուն վրայ:

Այսօր եթէ երբեք կ՛ափսոսանք Պուրճ Համուտի հայեցի դիմագիծի պահպանումին մէջ արձանագրուած թերացումներուն համար, որոնք ծանր կշռեցին հայահոծ թաղամասերու հայաբոյր առօրեային վրայ, ապա ատոնց անյապաղ սրբագրութեան հարցն է, որ օրակարգի վրայ պէտք է դրուի եւ առկայ մտահոգութիւններուն լուծումներ առաջարկուի:

shenk1_60316Եթէ պահ մը ենթադրենք, որ Պուրճ Համուտը արդէն լաւ վիճակ մը չունի բնակչութիւն տեղադրելու իմաստով, ապա այսօրուան պայմանները կը թելադրեն այս շրջանը զինել այնպէս մը, որ ըլլայ հայաբնակ, ապահով եւ ամուր: Այլապէս ալ Պուրճ Համուտը կրնայ պահպանել ամբողջ հայութեան դիմագիծը:

Փաստօրէն, հայ անհատներ կրնան բարգաւաճիլ տարբեր բնագաւառներու մէջ, սակայն համա՞յնքը: Այս մէկը կը նշանակէ, թէ հաւաքական կեանքին մէջ կան շատ ընելիքներ եւ լուծումներ:  Կարեւորը հաւատքի, կամքի ու անշահախնդիր մօտեցումի  հարցն է, որով պէտք է առաջնորդուիլ եւ լծուիլ աշխատանքի, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել մնացորդացը:

Արդ, ի՞նչն է պահանջուածը. շինարարական յանձնախումբերու գործունէութեան թափ ու կորով տալու յանձնառութիւն ու նախաձեռնութեան ոգիին պահպանումը, աշխատանքի խանդով լեցուն եւ ազգային տրամադրուածութեամբ յագեցած նուիրեալներու ճանապարհի հարթումը եւ յստակ ռազմավարութեամբ հետագայ բոլոր առաջադրանքներու քարտէսագրումը:

Մենք մեր երիտասարդ սերունդին պարտաւոր ենք ստեղծել յարմարագոյն տուեալները, որպէսզի անոնք Պուրճ Համուտի մէջ ապրին եւ կազմեն իրենց ընտանիքները` քաղաքի մը անհրաժեշտ բոլոր արժանավայել յարմարութիւններով: Պուրճ Համուտը պէտք չէ դիտել ստորադասի աչքով, այլ անիկա, ըլլալով մայրաքաղաքին մօտ շրջան, պէտք է գրաւէ բոլորին ուշադրութիւնը:

Այլ հարց, որ նման աշխատանքներ պէտք է  ողողեն Լիբանանի բոլոր հայահոծ շրջանները,  որպէսզի լիբանանահայութիւնը կարենայ վերատիրանալ իր ազգային ու քաղաքացիական իրաւացի կոչումին եւ արժանահաւատօրէն կարենայ դիմագրաւել այժմու ու հետագայ բոլոր մարտահրաւէրները:

Իրօք, մենք կրնանք միայն ողջունել տարուած նուիրական այս աշխատանքը եւ ականատեսի վկայութեամբ հաստատել, որ երկու շէնքերու վերականգնումն ու բարեզարդումը, բայց մանաւանդ` հայ ընտանիքներով անոնց բնակեցումը, այսքան արագ ժամանակամիջոցին, միայն պատիւ կը բերէ բոլորիս:

Բարացուցական է վերոյիշեալ աշխատանքը այն առումով, որ մեծ երազներ ընթացք կ՛առնեն համեստ իրագործումներով:

Բարի երթ:

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏՑԻ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>