Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Գաղութէ Գաղութ

$
0
0

Սուրիա

Հայերէնի Արխիւացման Կեդրոնի Բացում
Դամասկոսի Համալսարանին Մէջ

syria_50816

8 մայիսին Դամասկոսի համալսարանի Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Լեզուներու արխիւացման կեդրոն»-ի եւ վաւերագրական նիւթերու սրահի բացում:

Կեդրոնին բացումը կատարեց Դամասկոսի համալսարանի նախագահ Մոհամետ Հասան  Քուրտի, որ իր խօսքին մէջ գնահատեց լեզուներու դասաւանդումը եւ քաղաքակրթութիւններու փոխյարաբերութիւնները: Ան նաեւ հաստատեց, որ սուրիական համալսարաններէն ներս իր տեսակով առաջինն է լեզուներու արխիւացման կեդրոնը, որ հնարաւորութիւն կու տայ արխիւացնելու շարք մը լեզուներ, որոնք կ՛օգտագործուին Սուրիոյ մէջ:

Բացման հանդիսութեան ընթացքին կեդրոնի հայոց լեզուի բաժինի պատասխանատու Նորա Արիսեան նշեց, որ լեզուներու արխիւացման կեդրոնը, լեզուները պահպանելով եւ գիտականօրէն արխիւացնելով, հնարաւորութիւն կու տայ Սուրիոյ մէջ պահպանել պատմամշակութային ժառանգութիւնը, ընդգրկելով լեզուն, պատմութիւնը, բանաւոր հեքիաթները եւ երգերը:

 

Կիպրոս

Արցախի Զօրակցական
Հաւաք

cyprus_52016

Վերջերս Նարեկ Ազգային վարժարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Շուշիի ազատագրութեան 24-ամեակին առթիւ Արցախի զօրակցական հաւաք:

Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Մանուկ Եըլտըզեան, որ ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել Արցախի առաջնագիծին վրայ վերջերս զոհուած հայ զինուորներուն յիշատակը:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ վաւերագրական տեսերիզ մը Շուշիի ազատագրութեան համար մղուած մարտերուն մասին:

Օրուան բանախօս Ասատուր Տեւլեթեան փոխանցեց օրուան պատգամը, կիպրահայ համայնքին անունով զօրակցութեան ձայն բարձրացնելով Արցախի մէջ մարտնչող հայ զինուորներուն:

Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի «Սիփան», ինչպէս նաեւ պատանեկան «Նանոր» պարախումբերը եւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ պատանեկան երգչախումբը` ազգային-յեղափոխական երգերով:

Ձեռնարկի աւարտին զօրակցական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Յարութ Տէր Պետրոսեան, որ կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները կատարել Արցախի ֆոնտին:

Ձեռնարկը վերջ գտաւ կաթողիկոսական փոխանորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի եզրափակիչ խօսքերով եւ «Պահպանիչ»-ով:

 

Յունաստան

Համազգայինի Հայկական Պարախումբերու
Կազմութեան 30-Ամեակին Եւ «Նայիրի»
Պարախումբի Հիմնադրութեան 20-Ամեակին
Նուիրուած Համերգ

 

13064516_1217348741623321_7973531568615131467_o

7 մայիսին Այիա Փարասքեւիի «Փիրս – տը արմինիըն քոլեֆ աֆ Կրիս»-ի հանդիսասրահին մէջ, տեղի ունեցան Յունաստանի Համազգային «Նայիրի», «Նանոր» եւ «Մարալօ» խումբերու պարային ելոյթներ, Յունաստանի մէջ Համազգայինի հայկական պարախումբերու կազմութեան 30-ամեակին եւ «Նայիրի» պարախումբի հիմնադրութեան 20-ամեակին առիթով:

Սրահի մուտքին Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կողմէ պատրաստուած էր միութեան անցնող տասնամեակներու գործունէութեան նուիրուած ցուցահանդէս:

Բացման խօսքը արտասանեց պարի միաւորի վարչութեան անդամ եւ պարուսոյցի օգնականներէն Անդրանիկ Շահպազեան: Ան  ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց պարախումբերու պատմականը` անդրադառնալով հայ պարային գեղարուեստի աւանդական բնոյթին եւ պարարուեստի ճամբով հայապահպանման մեր ազգային գոյապայքարը կենդանի պահելու առաքելութեան ու նպատակներուն:

Յայտագիրը կը բաղկանար երկու  բաժիններէ, իւրաքանչիւրը` 9 պար,  որոնք ներկայացուեցան Համազգայինի 3 տարբեր տարիքային խումբերէ կազմուած` «Նայիրի», «Նանոր» եւ «Մարալօ» պարախումբերուն, նաեւ վեթերան պարողներու կողմէ: Պարուսոյցը, պարերու բեմադրիչն է եւ Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ Էտկար Էկեան:

Ձեռնարկի աւարտին յատուկ յուշատախտակով պարգեւատրուեցան պարուսոյց Էտկար Էկեան, նաեւ Կիւլա Գարապաճաքեան` միութեան տասնամեակներու իր նուիրեալ ու անշահախնդիր ծառայութեան համար:

 

Քանատա

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ
Տարելիցի Քանատայի Յանձնաժողովին
Ամփոփիչ Նիստը

canada_51516

15 մայիսին Քանատայի մէջ Հայաստանի  դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Քանատայի յանձնաժողովին ամփոփիչ նիստը` մասնակցութեամբ երկրի տարբեր շրջաններէն ժամանած պատուիրակներու:

Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եգանեան կարեւոր նկատեց 100-ամեակի  ձեռնարկներուն համապարփակ ամփոփումը եւ յառաջիկայ ձեռնարկներուն ծրագրաւորումը` աւելցնելով, որ Քանատայի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկները իրականացած են բարձր մակարդակով` իրենց ներդրումը ունենալով այդ առնչութեամբ ողջ աշխարհի մէջ կայացած յիշատակի ձեռնարկներուն մէջ:

Այնուհետեւ իրականացուած աշխատանքին վերաբերեալ ելոյթներով հանդէս եկան յանձնաժողովի ղեկավար Մհեր Գարագաշեան, ինչպէս նաեւ` յանձնաժողովի ներկայացուցիչները:

Աւարտին Արմէն Եգանեանի կողմէ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի եւ Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան պատուոյ գրերով պարգեւատրուեցան 100-ամեակի ձեռնարկներու իրականացման աշխուժ մասնակցութիւն ցուցաբերած անձերը:

Հրանդ Մարգարեանի «Տը Մարթիրտ
Արմինիըն Ռայթըրզ 1915-1922»
Գիրքի Ներկայացում

hrant_42616

26 ապրիլին Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի հեղինակած «Տը մարթիրտ արմինիըն ռայթըրզ 1915-1922» գիրքին շնորհահանդէսը:

Համազգային «Սանահին» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Անահիտ Պալեան: Ան յայտնեց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով հրատարակուեցան բազմաթիւ գիրքեր, եւ տեղի ունեցան զանազան ձեռնարկներ, աւելցնելով, որ հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս եկաւ ողջ աշխարհին ըսելու, թէ հայը կայ` հակառակ իր երկրին մէջ տիրող տնտեսական ծանր վիճակին եւ արտերկրի հայութեան դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն. թէ` հայը պահանջատէր է, հակառակ տակաւին վերջերս իր երկրի սահմաններուն վրայ տեղի ունեցած ճակատումներուն եւ սփիւռքահայութեան գոյատեւումը սպառնացող ամէնօրեայ ճնշումներուն. թէ` հայը պիտի մնայ շնորհիւ իր արի ու անձնուէր հերոսներուն, եւ թէ` հայը պիտի շատանայ շնորհիւ իր արթուն ու պահանջատէր երիտասարդութեան: Պալեան ներածական մը կատարելէ ետք գիրքի մասին, ներկայացուց դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի ամփոփ կենսագրականը:

Դոկտ. Մարգարեան ներկաներուն ըսաւ, թէ ինք առաջին անգամ ըլլալով է, որ «Տը մարթիրտ արմինիըն ռայթըրզ 1915-1922» գիրքին ներկայացումը կը կատարէ հայերէնով: Ցարդ ան զայն կատարած է անգլերէնով Միացեալ Նահանգներու զանազան քաղաքներու մէջ, եւ թէ` մեր տրամադրութեան տակ գտնուող գիրքին օրինակները կը հանդիսանան գիրքին երրորդ տպագրութիւնը: Հեղինակը յայտնեց, որ գիրքին սկիզբը ինք ամփոփ ձեւով կ՛անդրադառնայ հայոց պատմութեան` նշելով, որ ընդհանուր քաղաքական պայմաններու կողքին, որքան մեծ ազդեցութիւն ունեցած են մեր լեզուն, գրականութիւնը, կրօնը, ճարտարապետութիւնը եւ մշակոյթը բազմադարեան պատմութիւն ունեցող մեր ժողովուրդի գոյատեւման գործընթացին մէջ, մինչեւ օրս: Ապա ան պաստառի վրայ ներկայացուց 13 նահատակ հայ գրողները իրենց գրական գործունէութեան մարզերով:

Այնուհետեւ Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի «Բասթրմաճեան» երկրորդականի, աւարտական դասարանի աշակերտներէն Արին Անթէպեան, Լիա Ճանգուզեան, Նոյեմի Լախոյեան, Կրէյս Մեշեֆեճեան, Մհեր Պանքեան, Հրակ Քուպելեան եւ Սեւակ Պապիկեան կարդացին հատուածներ գիրքէն:

Աւարտին դոկտ. Մարգարեան շնորհակալութիւն  յայտնեց «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան, նաեւ` աշակերտներուն, եւ որպէս գնահատանք` իւրաքանչիւրին նուիրեց իր ներկայացուցած գիրքէն օրինակ մը:

Գրական երեկոյի աւարտին, Անահիտ Պալեան կարդալէ ետք Դանիէլ Վարուժանի «Հօրս բանտի մէջ» բանաստեղծութեան անգլերէն թարգմանութենէն հատուած մը` հաստատեց, թէ բոլորս ալ ունինք սէր ու յարգանք մեր բանաստեղծներուն նկատմամբ, սակայն զանազան պատճառներով առիթը չենք ստեղծեր նստելու, կարդալու, ըմբոշխնելու եւ առողջ մտայնութիւն ու կեանքի դասեր քաղելու մեր մտաւորականներու բացառիկ ստեղծագործութիւններէն: Պալեան քաջալերեց, որ դոկտ. Մարգարեանին գիրքը տարածուի մասնաւորաբար օտար շրջանակներէ ներս` նկատի ունենալով, որ ան կը հանդիսանայ հիանալի քարոզչութիւն մը մեր գրական արժէքներու:

 

Միացեալ Նահանգներ

Սայաթ Նովայի Ծննդեան
300-
Ամեակին Նուիրուած Համերգ

sayat-nova_50116

Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղին, 1 մայիսին Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» համալիրի «Սարոյեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աննախընթաց համերգ-գեղարուեստական երեկոյ մը` նուիրուած սիրոյ անմահ երգիչ Սայաթ Նովայի ծննդեան 300-ամեակին, կատարողութեամբ «Աշուղական երգերու համոյթ»-ին:

Համազգայինի «Աղբալեան» մասնաճիւղին անունով Ժանեթ Շահքարամեան խօսք առնելով` ըսաւ, որ մեր ազգը շատ հանճարներ ծնած է, եւ ամենամեծերէն է Սայաթ Նովան, որ հայրենիք է, ինչպէս հայրենիք են Արարատը, Երեւանը, Մաշտոցն ու Նարեկացին, Շնորհալին ու Կոմիտասը, Սարեանն ու Թումանեանը, Սիլվա Կապուտիկեանը, Պարոյր Սեւակն ու Յովհաննէս Շիրազը: Ապա ան ներկայացուց Սան Ֆրանսիսքոյի Համազգայինի «Արազ» եւ Սան Հոզէի «Երեւան» պարախումբերը, որոնք ընկերակցելով «Աշուղական երգերու համոյթ»-ին` պիտի ներկայացնեն Սայաթ Նովայի կենսագրութիւնը, անոր կեանքի կարեւոր դրուագները եւ հանճարեղ ստեղծագործութիւններէն փունջ մը երգեր:

Հանդիսութեան աւարտին ելոյթ ունեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան: Ան նկետել տուաւ, որ ձեռնարկը հանդիսատեսները տարաւ 300 տարի ետ եւ ապրեցուց Սայաթ Նովան ու իր երաժշտութիւնը: Ան հարց տուաւ, թէ Սայաթ Նովան արդեօք գիտէ՞ր, թէ իրմէ 300 տարի ետք իր երաժշտութիւնը պիտի հնչէր Սան Ֆրանսիսքոյէն, Ծովածոցի մէկ քաղաքէն, աւելցնելով, որ Սայաթ Նովան շատ յաճախ երգամարտ կ՛ունենար ազերիներու հետ եւ միշտ յաղթական դուրս կու գար իր յօրինած երգերով: Այս մէկը մեզ կը վստահեցնէ, որ հայը ո՛չ մէկ դաշտի վրայ ինքզինք կը յանձնէ եւ յաղթական դուրս կու գայ միշտ:

 

Պուլկարիա

Հանդիպում Սոֆիայի Առաջնորդանիստ
Հայոց Ազգային Տան Մէջ

bulgaria_51616

Կազմակերպութեամբ Սոֆիայի համադրող խորհուրդին, 15 մայիսին Սոֆիայի Հայոց ազգային տան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-ցուցահանդէս` նուիրուած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ առաջնորդանիստ Հայկական տան հիմնադրութեան 80-ամեակին, մասնակցութեամբ Սոֆիայի եւ տարբեր շրջաններէ եկած «Ստեփանոս Յովակիմեան» դպրոցի շրջանաւարտներուն:

Տօնախմբութեան ներկայ էին Պուլկարիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սարգիսեան, դեսպանատան կազմը, առաջնորդ Իսահակ վրդ. Պօղոսեան, Սոֆիայի հովիւ Գուսան քհնյ. Հատաւեան, նախկին եւ ներկայ եկեղեցական վարչութեան անդամներ եւ հասարակական գործիչներ:

Ցուցահանդէսը բացուեցաւ Տէրունական աղօթքով: Ապա հայր սուրբը խօսք առնելով` շնորհաւորեց ներկաները Ս. Հոգեգալուստեան եւ ընտանիքի օրուան տօներուն առիթով, ապա շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն եւ կազմակերպիչներուն` կարեւոր նկատեց եկեղեցւոյ ազգային տան, ընտանիքի ու պատմութիւն ունենալու նշանակութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին ելոյթ ունեցան կարգ մը շրջանաւարտներ, նաեւ` դոկտ. Հռիփսիմէ Փաչաջեան, որոնք ներկաներուն ներկայացուցին իրենց յուշերն ու մտածումները` եկեղեցւոյ, դպրոցի եւ Պուլկարիոյ հանրային կեանքի վերաբերեալ: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ դեսպան Արմէն Սարգիսեան, որ կարեւոր նկատեց Սոֆիայի մէջ հայ կեանքի աշխուժացումն ու մանուկներու, երիտասարդներու ներգրաւումը:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին տասնամեակներու հնութիւն ունեցող եկեղեցական իրեր, գիրքեր, թերթեր («Արմենիա», «Մեղու», «Փարոս», «Ռազմիկ», «Բալկանեան մամուլ», «Երեւան», «Զանգ»), պատուոյ գիրեր, Պուլկարիոյ վերջին ութսունամեակի ընթացքին հոգեւոր-ազգային կեանքը ներկայացնող նկարներ` թատերախումբ, երգչախումբ, պարախումբ, հայ կեանքի երեւելի անձնաւորութիւններու այցերը Սոֆիայի հայ տուն` Վազգէն Առաջին, Գարեգին Առաջին, Գարեգին Երկրորդ վեհափառ հայրապետներուն այցերը Ուիլիըմ Սարոյեան, Վահրամ Փափազեան, Հրաչեայ Ներսիսեան, Արմէն Ջիկարխանեան, Գոհար Գասպարեան, Սիմէոն Բ. արքայ եւ այլն:

Հանդիպումին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

Լոնտոն

Պատմաբան Արմէն Այվազեանի
Դասախօսութիւնը

ArmenAyvazian_50916

9 մայիսին Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ ելոյթ ունեցաւ ականաւոր պատմաբան եւ քաղաքագէտ դոկտ. Արմէն Այվազեան, որ անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Արցախի աշխարհաքաղաքական ապագայի եւ ներկայի անվտանգութեան մասին:

Ան նկատել տուաւ, որ Հայաստանի ժողովրդագրական եւ տնտեսական ճգնաժամը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հանդէպ Ռուսիոյ վարած անհետեւողական քաղաքականութիւնը կ՛ազդեն Հայաստանի կարողութիւններու վրայ` ազատելու Ազրպէյճանի կողմէն սկսած հիւծման պատերազմին: Ան հաստատեց, որ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը ցոյց տուաւ ներկայի իր վիճակի փլուզումը, ինչպէս նաեւ` Մինսքի խմբակի ձախողութիւնը: Ան յայտնեց, որ արցախեան հակամարտութիւնը առնչուած է ոչ միայն անոր բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքին, այլեւ` ժամանակակից Հայաստանի, որ կը ներկայացնէ Հայաստանի եւ Արցախի միաւորումը 42 հազար քառակուսի քմ. տարածքով: Ասիկա նուազագոյն տարածքն է, որ անհրաժեշտ է հայ ժողովուրդին գոյատեւելու համար, շրջապատուած ըլլալով թշնամի պետութիւններով` Թուրքիա եւ Ազրպէյճան, որոնք իրարու դաշնակից են: Եզրափակելով իր խօսքը` Այվազեան ըսաւ, որ  Հայաստանի մարտավարութիւնը անհրաժեշտ պարագային պէտք է ընդգրկէ նաեւ հայկական հսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու ընդլայնումը:

Յայտնենք, որ դոկտ. Արմէն Այվազեան «Լեռնային Ղարաբաղի ապրիլեան պատերազմը» եւ «Հայաստանի անվտանգութեան անփոփոխ հիմնախնդիրները» դասախօսութիւններով հանդէս եկաւ նաեւ Լոնտոնի համալսարանին եւ Հայ Կեդրոնին մէջ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>