ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Քանի մը տարի առաջ երկու թուրք իսլամական պարագլուխներ` Թուրքիոյ ներկայ նախագահ Ռեճեփ Էրտողան եւ նշանաւոր սիւննի հոգեւորական Ֆեթուլլահ Կիւլեն համախոհներ էին: Անոնց ընդհանուր թշնամին թրքական զինուորականութիւնն էր: Բայց երբ Էրտողան իր բռնատիրական իշխանութիւնը ամրապնդեց` թուրք հրամանատարները ուժաթափ ընելով, ան դուրս եկաւ իր հին դաշնակից Կիւլենի դէմ: Էրտողան մաքրագործեց եւ բանտարկեց Կիւլենի հետեւորդները` հարիւրաւոր լրագրողներ, դատաւորներ, ոստիկաններ եւ պետական պաշտօնեաներ:
Կիւլենի գլխաւորած կազմակերպութիւններու գործունէութեան մասին իր համաշխարհային քննութիւնը ընդլայնելու նպատակով Թուրքիոյ կառավարութիւնը վարձեց Լոնտոն գտնուող «Ամսթերտամ եւ գործընկերներ» փաստաբանական ընկերութիւնը` ամսական վճարելով 50 հազար տոլար: Փաստաբանական ընկերութիւնը նաեւ կը տրամադրէ իրաւաբանական խորհրդատուութիւն` Փենսիլվանիոյ մէջ կամաւոր աքսորեալ Կիւլենի արտայանձնման համար Էրտողանի վարչակարգի պահանջին վերաբերեալ:
«Մեզ վարձած է Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը` բացայայտելու Կիւլենի ցանցի ենթադրեալ ապօրինի գործունէութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ», յայտարարած է «Ամսթերտամ եւ գործընկերներ» ընկերութեան հիմնադիր-գործընկեր Ռոպերթ Ամսթերտամը, վերջերս Ուաշինկթընի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ: «Կիւլենի ցանցի գործունէութիւնը, ներառեալ` անոր ներթափանցումը Թուրքիոյ դատական համակարգ եւ ոստիկանութիւն, ինչպէս նաեւ անոր քաղաքական լոպիինկը, պէտք է մտահոգէ բոլոր անոնք, որոնք կը մտածեն Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան ապագայի մասին»:
Ազդեցիկ փաստաբանի կեղծաւոր ողբը առ «Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան ապագայ», անհեթեթութիւն է, քանի որ Էրտողան անձամբ ջնջած է ժողովրդավարութեան բոլոր հետքերը Թուրքիոյ մէջ…
Վերջերս մամուլի մէկ հաղորդագրութեան մէջ Ամսթերտամ յայտարարած է, որ` «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու աւելի քան 100 չարթըր դպրոցներու մէջ գործող Կիւլենի ցանցը դարձած է դաշնակցային եւ տեղական իրաւապահ մարմիններու քննութեան առարկայ, Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ըստ առանձին հայցերու, որոնք ներկայացուած են Կիւլենի հետ կապուած դպրոցներու դէմ, խումբը իբր թէ պարբերաբար զբաղած է ամերիկեան մուտքի արտօնագրերու համակարգի չարաշահումներով»: Թուրքիան ներկայացնող փաստաբանը նաեւ յայտարարած է. «Ամբողջ աշխարհի մէջ Կիւլենի ցանցը կը բանեցնէ հազարաւոր դպրոցներ եւ համաձայնագիր ունի Ափրիկեան Միութեան հետ` շրջանին մէջ 1000 նոր դպրոց բանալու վերաբերեալ»:
Այժմ Էրտողանի երկար ձեռքը հասած է մինչեւ Թեքսաս` ետեւէն իյնալով «Հարմընի» հանրային դպրոցներու` Հիւսթընի մէջ գտնուող ամէնէն մեծ չարթըր դպրոցական համակարգին, որ ունի 30 հազար աշակերտ եւ կը գործէ Կիւլենի կապուած ոչ առեւտրական կազմակերպութիւններու հետ:
Անցեալ տարուան նոյեմբերին «Ամսթերտամ եւ գործընկերներ» ընկերութիւնը հանրային տեղեկատուութեան ներկայացուցած է 90 կէտերէ բաղկացած հարցում, որուն լրացման համար «Հարմընի» ստիպուած կ՛ըլլայ ծախսել 4,5 միլիոն տոլար: Նոյնիսկ երկար ցուցակի կրճատումէն ետք «Հարմընի»-էն կը պահանջուի 690 հազար տոլար` զայն լրացնելու եւ այդ տեղեկատուութիւնը տրամադրելու համար: Այժմ Թեքսասի գլխաւոր դատախազը պէտք է որոշէ թրքական պահանջի նպատակայարմարութիւնը:
Կը սպասուի, որ այս շաբաթ «Ամսթերտամ եւ գործընկերներ» ընկերութիւնը 30 էջնոց բողոք ներկայացնէ Թեքսասի կրթութեան գործակալութեան (ԹԿԳ)` «Հարմընի»-ի դպրոցներուն դէմ: Թեքսասի Օսթըն քաղաքէն լոպիիստ Ճիմ Առնըլտ, զոր Թուրքիա եւս վարձած է, ելեկտրոնային նամակ ուղարկած է Թեքսասի նահանգապետին` նշելով, որ այդ բողոքը «կը ներկայացնէ շարք մը մեղադրանքներ «Հարմընի»-ի ֆինանսական գործառնութիւններու, անոնց ենթադրեալ ապօրինի գործողութիւններու, նաեւ ԹԿԳ-ի կողմէ նախնական համապարփակ քննութիւն սկսելու պահանջին վերաբերեալ»:
«Հարմընի» հանրային դպրոցներու գլխաւոր գործադիր տնօրէն եւ համահիմնադիր Սոներ Թարին «Հիւսթըն Քրոնիքըլ»-ին ի պատասխան ըսած է, որ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ իր դպրոցներուն թիրախաւորումը «ապշեցուցիչ է եւ քաղաքական շարժառիթներ ունի»:
Իսկ մինչ այդ, «Ամսթերտամ եւ գործընկերներ» ընկերութիւնը համանման բողոքներ ներկայացուցած է Քալիֆորնիոյ մէջ Կիւլենի կապուած «Մակնոլիա» չարթըր տիպի դպրոցներու դէմ` «կոչ ընելով Քալիֆորնիոյ կրթութեան բաժանմունքին` չարթըրի ցանցի ֆինանսական գործունէութեան լիարժէք քննութիւն կատարել», կը հաղորէ «Հիւսթըն Քրոնիքըլ»:
Քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն իր խիստ նամակին մէջ դժգոհած է «Մակնոլիա» չարթըր դպրոցներու դէմ Թուրքիոյ կառավարութեան յարձակումներէն. «Նախագահ Էրտողան ժխտումն է այն բոլոր լաւ բաներուն, զորս կը ներկայացնեն ամերիկեան դպրոցները: Ան անձամբ հսկայական վնաս հասցուցած է ժողովրդավարութեան` Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ»: Քոնկրեսական Շըրմըն նաեւ 26 Ապրիլի իր նամակին մէջ գրած է, որ ««Ամսթերտամ եւ գործընկերներ» ընկերութեան վճարած են տարեկան 600 հազար տոլար` «Մակնոլիա» հանրային կրթական դպրոցները վարկաբեկելու համար», եւ որ` «տարբեր ժամանակներու մէջ նախագահ Էրտողանի կառավարութիւնն աջակցած է «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման: Հետեւաբար չեմ կարծեր, որ ամերիկեան կրթութեան վերաբերեալ աւելի վատ տեղեկատուական աղբիւր գոյութիւն ունենայ, քան` նախագահ Էրտողան եւ անոր վճարովի գործակալները», կը հաղորէ «Հիւսթըն Քրոնիքըլ»:
Հիւսթընեան թերթին Թարիմ յայտնած է, որ, ցաւօք, «Թուրքիոյ կառավարութիւնը հարիւր հազարաւոր տոլարներ կը ծախսէ եւ անթիւ յարձակումներ կը գործէ այդ ամերիկեան դպրոցներու վրայ` ստիպելով «Հարմընի»-ին համարժէք պատասխան տալ: Աւելի լաւ կ՛ըլլար` այդ գումարը եւ ներուժը ծախսուէր ուսանողներու վրայ»:
Ամերիկահայերը կրնան հանգիստ շունչ քաշել եւ մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւիլ Թուրքիոյ կառավարութեան եւ Կիւլենի կազմակերպութեան միջեւ ծաւալած այս ծախսատար եւ խայտառակ դատական պայքարին: Թող անոնք իրենց գումարներն ու ուժը վատնեն իրարու դէմ պայքարելով, քան ծախսեն դէպի Թուրքիա ամերիկեան պաշտօնեաներու ամբողջովին վճարուած շռայլ զբօսախնՃոյքներու եւ Քոնկրեսի անդամներու լոպիինկի վրայ` ընդդէմ հայկական հարցերու…
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ