Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան 90-Ամեակին Առիթով. «Տաճար Լուսոյ» Ժապաւէնին Նախաձեռնութիւնը Օրինակելի Մարտահրաւէր Է Հայկական Այլ Կառոյցներուն» «Ազդակ»-Ին Յայտնեց Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան

$
0
0

 

Temple-of-Light_Urneshlian1

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

ՀԲԸՄ-ի բարերարներէն Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեանները 1926-ին Կիպրոսի մէջ հիմնած են Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը, որ թէեւ փակուեցաւ, սակայն կը շարունակէ ոգեւորել ու համախմբել իր աշխարհասփիւռ շրջանաւարտներն ու անոնց գաղութային սանուց միութիւնները: Փաստօրէն, 1974-ի թրքական ներխուժման փորձանքը յաղթահարած ու գոյատեւած եւ 2005-ի անոր փակումէն աւելի քան տասնամեակ մը ետք երախտապարտ սաները տակաւին կ՛ապրին անոր ջամբած կրթական, ազգային դաստիարակութեան շունչով եւ կ՛ուզեն իրենց յարգանքի տուրքը մատուցել անոր` փորձելով վերաթարմացնել ութսունամեայ  գործունէութեամբ յատկանշուող այդ կրթական «մշակ»-ին աւանդը, դերն ու վարկը:

 Բնականաբար կարելի չէ շուրջ 80 տարիներ իրերայաջորդ սերունդներ ջամբած նման հաստատութեան մը «կեանքը» վերակենդանացնել վաւերագրական ժապաւէնի մը գեղարուեստախառն պատկերներուն ընդմէջէն: Սակայն այս կառոյցին նուիրուած «Տաճար լուսոյ» ժապաւէնը իր նախապատրաստական քայլերով իսկ կը խոստանայ իր փոխանցելիք «նոսթալժիա»-ին, կարօտին, կրթական ու ազգային պատգամներով  հայութեան ու յատկապէս աշխարհասփիւռ մելգոնեանցիներու նորահաս սերունդը խթանել` լծուելու զայն վերակենդանացնելու նախաձեռնութեան, թէկուզ իբրեւ մշակութային թէ հայագիտական կեդրոն: Ու այս մարտահրաւէրի փոխանցման յաջողութեան մէջ կը կայանայ ժապաւէնի պատրաստութեան հիմնական դերակատար, լիբանանահայ ծանօթ բեմադրիչ Նիկոլ Պէզճեանի ֆիլմարուեստին հմտութիւնը:

ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հիմնադրութեան 90-ամեակին առիթով պատրաստուած այս աննախընթաց ժապաւէնին առաջին պատկերասփռումը տեղի կ՛ունենայ այսօր, չորեքշաբթի 1 յունիսի երեկոյեան, «Սոֆիլ»-ի «Մեթրոփոլիս» շարժասրահին մէջ, Էշրեֆիէ:

Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան Լիբանանի Սանուց միութեան ատենապետ, Հայ աւետարանական քոլեճի փոխտնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանի հետ:

Ստորեւ` հարցազրոյցին հիմնական մասերը:

«ԱԶԴԱԿ».- Այսօր տեղի կ՛ունենայ «Տաճար Լուսոյ» («Թէմփըլ աֆ լայթ») ժապաւէնին առաջին ցուցադրութիւնը: Ի՞նչ էր այս նախաձեռնութեան շարժառիթը, նախապատրաստական ինչպիսի՞ քայլերով իրականացաւ անիկա: Կ՛ուզէ՞ք խօսիլ անոր բեմադրիչին, աշխատակազմին, աշխատելաոճին, տեւողութեան եւ յարակից այլ քայլերու մասին:   

ԴՈԿՏ. ԱՐՄԷՆ ԻՒՐՆԷՇԼԵԱՆ.- Տարիներ առաջ` Մելգոնեանի հիմնադրութեան 80-ամեակին առիթով, մեծ ձեռնարկ մը կազմակերպած էինք, եւ այդ մէկը առիթ եղաւ խորհրդակցելու յառաջիկայ քայլերու մասին: Այդ իմաստով մտածուեցաւ ձեռնարկներէն ու գիրքերէն անդին անցնելով նախաձեռնել, այս հաստատութեան աւանդն ու յիշատակը յաւերժացնող ժապաւէնի մը պատրաստութեան. այդպէս ալ երկու տարի առաջ ձեռնարկեցինք նախապատրաստական քայլերու: Հիմնականին մէջ աշխատանքը ընթացաւ քանի մը ճակատներու վրայ, եւ այս գծով կազմուեցաւ յատուկ յանձնախումբ: Ժապաւէնին հեղինակն ու  գլխաւոր բեմադրիչն է ծանօթ արուեստագէտ Նիկոլ Պէզճեանը, որ յատուկ այս առիթով այցելեց Կիպրոս եւ Պոլիս, ուր յատուկ նկարահանումներ ըրաւ եւ յատուկ ուսումնասիրութիւններ կատարեց «Մելքոնեան»-ի մասին: Ժապաւէնի նկարահանման մէջ մեծ դեր ունեցան Էլի եւ Շանթալ Բարթամեաններ: Ժապաւէնի պատրաստութեան մասնակցեցան զանազան գաղութներէ տարբեր սերունդներէ մելգոնեանցիներ, հիմնականին մէջ վեց հոգի, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ժապաւէնին մէջ անդրադարձաւ «Մելգոնեան»-ի կրթական, ընկերային թէ տարբեր բնագաւառներուն:

«Ա.».- 2016-ը Մելգոնեան կրթական հաստատութեան 90-ամեակն է: Բացի այս ժապաւէնէն ուրիշ ձեռնարկներ կամ միջոցառումներ կա՞ն:

Ա. ԻՒ.- Լիբանանի պարագային ձեռնարկներ կան,  բայց տակաւին սաղմային վիճակի մէջ են, ու կը նախընտրեմ առ այժմ չյայտարարել այս մասին: Բայց կրնամ յիշել օրինակ այս ծիրին մէջ վերջերս կազմակերպուած Ագապի Նասիպեան-Էքմեքճիի նուիրուած մեծարանքի ձեռնարկը: Իսկ այս  ժապաւէնի ցուցադրութեան սկզբնաւորութեան, պաշտօնական բացման խօսք մը պիտի փոխանցուի (դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանի կողմէ, «Ա.»): Այլ գաղութներու պարագային, գոնէ կրնամ յայտարարել, թէ այս ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի նաեւ մելգոնեանցիներով բազմամարդ գաղութներու մէջ եւս, ինչպէս` Կիպրոս, Լոս Անճելըս եւ այլն: Օրինակ Կիպրոսի մէջ, յուլիս 14-էն 18-ի ընթացքին քանի մը օրերու վրայ երկարող մեծ հանդիսութեամբ, «Մելգոնեան»-ի շրջափակին մէջ պիտի նշուի 90-ամեակը, գլխաւորաբար Լոս Անճելըսի մելգոնեանցիներու կազմակերպութեամբ եւ այս առիթով Եւրոպայէն թէ Լոս Անճելըսէն բազմաթիւ մելգոնեանցիներ պիտի ժամանեն Կիպրոս, ուր նաեւ պիտի ցուցադրուի այս ժապաւէնը 15 յուլիսին:

«Ա.».- Այս ժապաւէնի ցուցադրութեան ճամբով ի՞նչ կ՛ուզէք փոխանցել եւ ի՞նչ կ՛ակնկալէք: «Մելգոնեան»-ը այլեւս կրթական գործօն հաստատութիւն մը չէ, բայց ժապաւէնին մէջ որքանո՞վ ներկայութիւն է: Կրնա՞նք ըսել, թէ հաստատութիւնը վերակենդանացնելու յոյս մը կամ փափաք մը առկայ է հոն:

Ա. ԻՒ.- Ժապաւէնը կը սկսի «Մելգոնեան»-ի երգարուեստի 49 տարուան երկարամեայ ուսուցիչ, «ԳՈՀԱՐ» խումբի ղեկավար Սեպուհ Աբգարեանի յիշատակին նուիրուած Պոլսոյ թէ Կիպրոսի մէջ կատարուած հոգեհանգստեան արարողութիւններով: Նաեւ ժապաւէնի սկզբնաւորութեան կ՛երեւի 10-12 տարեկան պատանի մը, որ ժապաւէնի վերջաւորութեան,  «տարիներ ետք», արդէն որպէս հասուն երիտասարդ շրջանաւարտ, ճամբորդական պայուսակը ձեռքին կը փորձէ մեկնիլ  «կեանքի ասպարէզ»:  Կը համարձակիմ ըսել, թէ համագաղութային իմաստով աննախընթաց է այս ժապաւէնին նախաձեռնութիւնը, որովհետեւ կրթական որեւէ այլ հաստատութեան մասին նման աշխատանք չէ կատարուած, օրինակ` Պոլսոյ Կեդրոնականը, Ճեմարանը թէ այլ կառոյցներ: Կրնայ ըլլալ, որ կարճատեւ վաւերագրական ժապաւէններ պատրաստուած ըլլան, բայց այս տարողութեամբ, գրեթէ ամբողջական, մասնագիտական կերպով պատրաստուած ժապաւէն դժուար թէ եղած ըլլայ: Նիկոլը (Պէզճեան, «Ա.»)` մելգոնեանցի չըլլալով, յաջողեցաւ հանդիսատեսին փոխանցել այն, ինչ որ մելգոնեանցիէն տարբեր բաներ կ՛ակնկալէ ան: Ու Նիկոլը շատ գեղարուեստական ճաշակ ունեցող անձնաւորութիւն է ու յաջողեցաւ իր հմտութեամբ փոխանցել ժապաւէնին պատգամը` խորհրդածելու սփիւռքահայ կրթական իրավիճակին, ձուլումի մարտահրաւէրներուն մասին, ինչ որ նաեւ համամարդկային երեւոյթ է համաշխարհայնացման տիրական ազդեցութեան լոյսին տակ:

Հոն առկայ է նաեւ մեր մեծագոյն «տիլեմա»-ն, երկընտրանքը: Որովհետեւ աւելի քան տասը տարիէ ի վեր «Մելգոնեան»-ը շրջանաւարտ սերունդ չի հասցներ: Գիտէք, տարօրինակ երեւոյթ է, որ «Մելգոնեան»-ը  չկայ իբրեւ հաստատութիւն, բայց անոր «սանուցներ»-ը դեռ կը գործեն: Ամէն անգամ որ մելգոնեանցի  մը մահանայ, մենք աւելի կը նեղուինք, որովհետեւ այլեւս զայն փոխարինող չկայ: «Մելգոնեան» սերնդափոխութիւնը դադրեցաւ, տեղքայլի մէջ է: Ու մենք տակաւին համոզուած ենք, որ «Մելգոնեան»-ի փակումը անխուսափելի չէր, կորուստը վաղաժամ էր, եւ կարելի էր առաջքն առնել ու կանխարգիլել անոր փակումը: «Մելգոնեան»-ի վերաբացումը դժուար է, սակայն` նկատի ունենալով «Մելգոնեան»-ի աշխարհագրական դիրքը Եւրոպայի մէջ, նաեւ մօտիկ ըլլալով Միջին Արեւելքին, Լիբանանի մէջ, ուր տակաւին ներուժ կայ եւ վայելելով Եւրոպայի բարիքները` «Մելգոնեան»-ը կրնայ տակաւին վերածուիլ օրինակ` հայագիտական կեդրոնի, Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան, ուսուցիչներու պատրաստութեան թէ մշակութային այլ կեդրոնի:

«Ա.».- Նման ձեռնարկներ վստահաբար կոկիկ պիւտճէի կը կարօտին, ինչպէ՞ս ապահովեցիք անոր ֆինանսաւորումը, յատուկ մեկենաս կամ բարերար կա՞յ:

Ա. ԻՒ.-  Վստահաբար պիւտճէ պէտք եղաւ, սակայն այդ մէկը կարելի եղաւ հայթայթել շնորհիւ մելգոնեանցիթէ անոր առաքելութեան հաւատացող բարեկամներու սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն: Նախընտրեցինք այս ձեւով   հայթայթել գումարը, որովհետեւ մեծ գումար նուիրող բարերար մը նաեւ իր պայմանները պիտի ուզէ դնել:

«Ա.».- Այս առիթով ի՞նչ ունիք ըսելիք: Կ՛ուզէք կրկնել նման փորձառութիւն:          

Ա. ԻՒ.- Կրկնել` դժուար է, բայց ըսեմ, որ ժապաւէնին  արդիւնքը, իրականացման քայլերը, կը փարատեն ամբողջ յոգնութիւնն ու դժուարութիւնը: Մարտահրաւէրը կար, աղուոր էր, հաճելի էր, եւ մենք այդ քայլը առինք եւ յաջողեցանք, ուստի որոշ գոհունակութիւն կայ մեր մօտ: Նաեւ հետեւեալը ըսեմ, որ սփիւռքը, Լիբանանը շատ վաստակաւոր «դպրոց» են: Այս քայլը թող օրինակելի նախաձեռնութիւն ըլլայ, որովհետեւ հանդիսութիւնը ժամանակի մէջ սահմանափակուած է, գիրքը` ընդունինք, որ նահանջի մէջ է, արհեստագիտական ներկայ պայմաններու լոյսին տակ, բայց ժապաւէնը տարբեր է: Պատկերը հազար բառ կ՛արժէ, եւ Նիկոլը յաջողեցաւ ու փաստեց այս մէկը: Մարտահրաւէր մըն է ասիկա մեր բոլոր դպրոցներուն, որ  եթէ մենք փակ դպրոցով կրցանք իրագործել այս մէկը, իրե՛նք ալ թող մտածեն իրենց դպրոցներուն մասին լուրջ, արժէքաւոր աշխատանք պատրաստելու մասին, վստահ եմ, որ կրնան ընել  այդ մէկը:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>