Գերմանիոյ խորհրդարանի այսօրուան նիստին արծարծուելիք Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող բանաձեւին առնչութեամբ Անգարան անհանգստանալու իրաւացի պատճառներ ունի:
Գերմանիոյ որդեգրելիք բանաձեւը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի ոչ միայն գերմանական մեղսակցութեան իրականութիւնը նկատի ունենալու ուղղութեամբ, այլ նաեւ այն հանգամանքով, որ Գերմանիան այսօր Եւրոպան կառավարող հիմնական տնտեսաքաղաքական ուժն է, որ եղանակ կը ճշդէ նաեւ համաեւրոպական արժեչափերու գործադրելիութեան առումով:
Խորհրդարանին քուէարկելիք բանաձեւը իր վերջնական տարազը չէ հագած տակաւին: Այսուհանդերձ կ՛ակնկալուի, որ Գերմանիոյ պետական դաշտը պահէ քաղաքական տրամաբանութիւնը:
Յիշեցման կարգով. 24 ապրիլին Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Նորպըրթ Լամերթ յայտնած էր. «Համաշխարհային Ա. պատերազմի կիսուն այն, ինչ որ աշխարհի աչքին առջեւ տեղի ունեցաւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ, ցեղասպանութիւն էր»: «Գերմանիան մեղքի իր բաժինը ունի այդ տարիներուն կատարուածին մէջ»:
23 ապրիլին Պերլինի մայր տաճարին մէջ` մասնակցելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած արարողութեան` Գերմանիոյ նախագահ Եոաքիմ Կաուք Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն դէմ իրագործուածը բնորոշեց իբրեւ ցեղասպանութիւն: «Այդ հայերուն ճակատագիրը պատմութեան մէջ զանգուածային ոչնչացման, ցեղային մաքրագործման, կոտորածի, այո՛, ցեղասպանութեան յստակ օրինակ է, որով 20-րդ դարը կը յիշուի սարսափելի ձեւով: Այսպէս, մենք կը խօսինք հրեաներու Ողջակիզման հետ այս իրադարձութիւններուն նմանութեան մասին», ըսած էր Գերմանիոյ նախագահը:
Ասոնցմէ առաջ ալ, առանց ուղղակի ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, Պունտեսթակը խօսած էր այդ ժամանակահատուածին գերմանական մեղսակցութեան մասին:
Խորհրդարանը ուրեմն, առնուազն իր նախագահին յայտարարութեան առանցքային տրամաբանութիւնը պահպանելու առաջնային խնդիր ունի: Բացորոշ է Գերմանիոյ նախագահին եւ խորհրդարանի նախագահին կատարած յայտարարութիւններուն համահնչեղութիւնը: Թէեւ նախագահի պարագային մեղսակցութեան ընդգծումը անուղղակի է, այն առումով որ Ցեղասպանութեան եւ Ողջակիզման նմանողութեան շեշտումով ակնարկած կ՛ըլլայ նաեւ մեղսակցութեան նմանողութեան իրականութեան:
Անգարան թէ՛ վարչապետի եւ թէ՛ նախագահի խորհրդականի մակարդակներով արձագանգած, աւելի ճիշդը սպառնացած է Պերլինին: Դասական հակազդեցութիւններէն անդին ուշագրաւ է Թուրքիոյ նախագահի գլխաւոր խորհրդականին ըսածը. Գերմանիան կ՛իյնայ հայկական սփիւռքի կազմակերպած խաղերուն մէջ:
Անշուշտ հակափաստարկելը այստեղ իմաստ չունի. պարզապէս նշենք նախագահ Սարգսեանի երէկ կատարած յայտարարութիւնը, ուր կոչ կար գերմանացի օրէնսդիրներուն չազդուելու Պերլին-Անգարա յարաբերութիւններու վատացման Էրտողանի զգուշացումներէն` բանաձեւը քուէարկելու պարագային:
Թուրքիոյ նախագահին գլխաւոր խորհրդականը այս բանաձեւը կը նկատէր հայկական սփիւռքի կազմակերպած խաղը. պատասխանը կու գար Երեւանէն, հանրապետութեան նախագահէն:
Նախագահ Սարգսեան այս առիթով աւազի վրայ կառուցուած բնութագրած էր Եւրոպական Միութեան-Անգարա համաձայնագիրը: Պարզ է թեմայի արծարծումին շարժառիթը: Գերմանիան կը ղեկավարէ Եւրոպական Միութիւնը: Նման համաձայնութիւն կեանքի կոչելու համար ճնշումները կը բանեցուին Պերլինի վրայ:
Նման համաձայնութիւններ գործադրութեան չդնելու համար արգելակիչ թղթածրարներ պէտք են: Բայց այս խաղը արդէն ո՛չ հայկական սփիւռքին, ո՛չ ալ Երեւանին կազմակերպածն է: Այդ խաղը Եւրոպական Միութիւն-Անգարա յարաբերութիւններու պարանաձգութեան կը վերաբերի:
Բայց Գերմանիան խաղի կանոններու նկատառումներէն անդին, քաղաքական հետեւողականութիւն պահելու խնդիր ունի. նկատի ունինք Պունտեսթակի նախկին քուէարկութիւնը, երկրի եւ խորհրդարանի նախագահներուն կատարած յայտարարութիւներուն համահնչեղութիւնը:
«Ա.»