Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ուելպի Արքեպիսկոպոս Հայերու Հետ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Քէնթրպըրիի արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուելպի, որ աւելի քան 70 միլիոն հետեւորդ ունեցող Անկլիքան եկեղեցին կը գլխաւորէ,  տարբեր առիթներով հաղորդակցութիւններ եւ հանդիպումներ ունեցած է հայ հոգեւոր առաջնորդներու հետ:

Arch-Welby_Moushegh_112715

18 մարտ 2013-ին  Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան` իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի պատուիրակ, տեսակցած է  արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուելպիի հետ, անոր փոխանցելով Արամ Ա. կաթողիկոսին շնորհաւորութիւնները`  Քէնթրպըրիի նոր արքեպիսկոպոս ընտրուելուն առիթով: Իսկ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան` իբրեւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի պատուիրակ, իր կարգին, արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուելպիի փոխանցած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսին շնորհաւորութիւնները:

Arch-Welby_Hovnan_112715

4 ապրիլ 2015-ին, Ս. Զատկուան տօնին առիթով իր յղած պատգամին մէջ Քէնթրպըրիի արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուելպի ըսաւ. «Այս տարի մեր  յիշատակումը նաեւ կը կեդրոնանայ յատկապէս հայ ժողովուրդին վրայ, որ դար մը առաջ քշուեցաւ դէպի մահ եւ աքսոր, որովհետեւ քրիստոնեայ էր»:

Prince-Charles_KarekinII_112715

28 հոկտեմբերին Ուեսթմինսթրեան աբբահայրութեան կեդրոնին մէջ ան մասնակցեցաւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան նոր սրբադասուած նահատակներու յիշատակի ոգեկոչման արարողութեան: Միջեկեղեցական արարողութեան` Լոնտոնի եպիսկոպոս Ռիչըրտ Չարտրըսի հետ հանդիսապետեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի, բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, պաշտօնական հիւրերու: Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Բրիտանիոյ գահաժառանգ Չարլզ իշխանը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>