Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Փարիզի Յարձակումները Արքեպիսկոպոսը Մղեցին «Կասկածելու» Աստուծոյ Գոյութեան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Arch-Welby3_112715

Քէնթրպըրիի արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուելպի վերջերս տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ  Փարիզի սպանութիւններուն իր արձագանգը նախ եղած է ցնցումը, սարսափը, ապա` խոր տխրութիւնը:

Արքեպիսկոպոսը ըսաւ.

– Շաբաթ առաւօտեան  ես դուրսը կը քալէի, կ՛աղօթէի եւ կ՛ըսէի.« Աստուա՛ծ, ինչո՞ւ, ինչո՞ւ ասիկա կը կատարուի: Ո՞ւր ես Դուն այս բոլորին մէջ»: Ապա կը խօսէի Աստուծոյ հետ: Այո՛, ես կը կասկածիմ:

Արքեպիսկոպոսը աւելցուց.- «Ցնցումը ուժգին էր, որովհետեւ կնոջս հետ 5 տարի Փարիզ ապրած ենք: Մեր ապրած ամէնէն երջանիկ վայրերէն մէկն էր, եւ այդպիսի վայրի մը մէջ այսքա՜ն տառապանք տեսնելը իսկապէս սրտաճմլիկ է»:

Ճասթին Ուելպի

Ճասթին Ուելպի

Ահաբեկչական յարձակումէն կարճ ժամանակ ետք ֆրանսական օդուժը Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքեր ռմբակոծեց, բայց արքեպիսկոպոսը զգուշացուց  հաւանական վնասակար  ակնթարթային արձագանգէն: «Երկու անարդարութիւններ մէկ արդարութիւն չեն բերեր: Եթէ  մենք սկսինք պատահական կերպով սպաննել անոնք, որոնք սխալ չեն գործած, ատիկա  լուծումներ չ՛ապահովեր: Այնպէս որ, կառավարութիւնները պէտք է արդարութեան միջոցները ըլլան», ըսաւ ան:

«Այն եղանակը, ձեւը, որով ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները իրենց հաւատքը կը խեղաթիւրեն, այնպէս մը, որ անոնք կը հաւատան, թէ այդ  արարքները կը փառաբանեն իրենց Աստուածը, այսօրուան մեր աշխարհին ամէնէն յուսահատական երեւոյթներէն մէկն է», նշեց արքեպիսկոպոսը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>