Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանը Մասնակցեցաւ «Պի Տը Չէյնճ» Տօնախմբութեան Մեքսիքայի Մէջ

$
0
0

aved-anjar_112715

Ինչպէս նախապէս նշած էինք, յունիս 2015-ին Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանը մասնակցեցաւ «Տիզայն ֆոր չէյնճ» նախաձեռնութեան, ուր Լիբանանի տարբեր շրջաններէ վարժարաններու աշակերտներ իրենց մասնակցութիւնը բերին մրցոյթի մը, որուն նպատակն էր դրական փոփոխութիւններ յառաջացնել տարբեր շրջանակներու մէջ:

Մրցոյթին բարձր գնահատանքի արժանացան Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանը ներկայացնող 3 խումբերը, որոնք աշխատանք տարած էին վարժարանի անմիջական շրջապատի բարելաւման համար: Իսկ առաջին հանդիսացաւ վարժարանի աշակերտներէն Սպիտակ Տեմիրճեանը, որ անձապէս շինած եւ վարժարանի գրասենեակին մէջ զետեղած էր արեւի ուժով տաք ջուր ստանալու կազմած մը:

Սպիտակ կազմածին բոլոր մասերը վերամշակած էր նախապէս օգտագործուած եւ անգործածելի դարձած մասնիկներէ:

Այնուհետեւ սեպտեմբերին Սպիտակ եւ իր պատասխանատու ուսուցչուհին` Ծաղիկ Սթամպուլեան-Հապէշեանը մասնակցեցան «Պի տը չէյնճ» տօնախմբութեան, որ տեղի ունեցաւ Մեքսիքայի Մոնթերէյ քաղաքին մէջ:

Մեքսիքայի մէջ տարբեր երկիրներէ ժամանած աշակերտներու կողքին, Սպիտակ Տեմիրճեան ներկայացուց իր ձեռնարկած աշխատանքը` արժանանալով ներկաներուն բարձր գնահատանքին:

Ան իր պատասխանատու ուսուցչուհիին հետ առիթը ունեցաւ ծանօթանալու շրջանի բարձրաստիճան կառավարական պաշտօնեայ Յովսէփ Սարուխանեանին:

Տօնախմբութենէն ետք, քանի մը օր անոնք առիթ ունեցան այցելելու թանգարաններ, հանրային պարտէզներ եւ շրջանի պատմական վայրեր` բարձր տրամադրութիւններով վերադառնալով Լիբանան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>