2014-2015 տարեշրջանէն սկսեալ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին մէջ կը գործէ ուսման յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներու բաժանմունք, ուր անոնք կը ստանան համապատասխան հոգատարութիւն եւ մօտէն հետեւողութիւն:
Չորեքշաբթի, 11 նոյեմբեր 2015-ին, կազմակերպութեամբ վերոնշեալ բաժանմունքին, վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը` «Զաւակս ինչո՞ւ ինծի մտիկ չ՛ըներ» թեմայով: Հիւր դասախօսն էր խորհրդատու-հոգեբան Փոլին Նաճարեան, որ աւելի քան 15 տարիներէ ի վեր կը գործէ երեխաներու եւ դեռահասներու հոգեբանական-խորհրդատուական մարզին մէջ: Ան կրթական խորհրդատու է շարք մը դպրոցներու մէջ, ուր կ՛իրականացուին դպրոցական զարգացման եւ աշակերտական ծառայութիւններու ծրագիրներ:
Ան հեղինակ է նաեւ այս ոլորտին վերաբերող շարք մը հրատարակութիւններու, որոնք ուղեցոյց կը հանդիսանան ծնողներու եւ ուսուցիչներու:
Դասախօսութեան հրաւիրուած էին վարժարանի ծնողները եւ այլ հիւրեր: Փ. Նաճարեան ներկաներուն բացատրեց իրենց երեխաներուն հետ աւելի հաշտ եւ լաւ յարաբերութիւն մը պահելու կերպերը, մանուկին ու պատանիին մօտենալու հոգեբանութեան ձեւերով` փորձելով հասկնալ անոր ներաշխարհը եւ զայն գնահատել կամ պատժել խոհեմութեամբ, փորձելով հեռու մնալ առօրեայ դժուարութիւններուն եւ ճնշումներուն յառաջացուցած ջղագրգռութենէն, որ բացասականօրէն կ՛ազդէ մայր-զաւակ յարաբերութեան վրայ:
Խորհրդատու հոգեբանը որոշ խրատներ տուաւ ծնողներուն` երեխաներուն ուրախ եւ խաղաղ մանկութիւնը ապահովելու համար, որովհետեւ հոգեբանօրէն փաստուած է, որ ուրախ երեխան աւելի դրական եւ լաւ արդիւնք կու տայ բոլոր մարզերուն մէջ: Ան նաեւ տուաւ ցուցմունքներ, որոնք կը մղեն երեխան ըլլալու ընդունակ եւ ինքնավստահ, իսկ հետագային ըլլալու յաջողած անձեր:
Աւարտին Փ. Նաճարեան պատասխանեց ներկաները մտահոգող հարցումներուն: Այս շինիչ դասախօսութեան աւարտին վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիւր դասախօսին, եւ նշեց, որ, թէեւ բոլոր մայրերն ալ բնազդով մղուած կը փորձեն իրենց զաւակներուն լաւագոյն դաստիարակութիւնը ապահովել, սակայն իւրաքանչիւր մայր միշտ նորութեան կը հանդիպի այս ծիրին մէջ եւ խորհրդատուներու ցուցմունքին հետեւելով կամ անձնական պրպտումներով ան կրնայ աւելի երջանիկ կեանք պարգեւել իր հոգեհատորին: