Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանը նախորդ եւ այս տարեշրջանին «Կը յիշենք ու կը պահանջենք» կարգախօսով կատարեց ուխտագնացութիւններ եւ զանազան ձեռնարկներ. իբրեւ առաջնահերթ նպատակ ունենալով հայ աշակերտին յիշողութեան մէջ դրոշմել անջնջելի յուշը Ցեղասպանութեան եւ զայն ամրապնդել հայու արդար պահանջատիրութեամբ:
Մինչ 100-ամեակի տարին կը բոլորուի, սակայն նոյն խանդով ու հաստատակամութեամբ դպրոցը կը շարունակէ իր պայքարը:
Վարժարանի տնօրէնութեան թելադրութեամբ, երեքշաբթի, 17 նոյեմբեր 2015-ին, միջնակարգի աւելի քան 100 աշակերտներ այցելեցին Ժիպէյլի «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը, ուր մօտէն ծանօթացան «Թռչնոց բոյն»-ի պատմութեան եւ Մեծ եղեռնէն ճողոպրած հազարաւոր որբուկներու կեանքին, որոնք ներկայ հայութեան տառապանքին արձագանգը դարձած են ամբողջ աշխարհի տարածքին:
Աշակերտները իրենց ուսուցիչներով եւ պատասխանատուներով մեծ յուզումով հետեւեցան Պսակ աբղյ. Թէփիրճեանի բացատրութիւններուն, խորապէս տպաւորուած մանաւանդ թանգարանին պարզած ահաւոր նկարներէն եւ գրութիւններէն` անոնք վերադարձան դպրոց, ուխտած` հաւատարիմ մնալ իրենց սուրբ նահատակներու սրբազան կտակին: