Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Խմբագրական. ՄԵՐ ՏՈՒՆԸ

$
0
0

Radiothon2015a

Այսօր կը մեկնարկէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարեկան հերթական հանգանակութիւնը: «Հայաստան» հիմնադրամը հաւանաբար համահայկական առաջին ցանցային եւ բրգաձեւ կառոյցն է, որուն մէջ ներառուած են Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններն ու սփիւռքը իր բոլոր բաղադրատարրերով: Ըստ էութեան «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կառուցաձեւին հիման վրայ էր, որ աւելի ուշ կեանքի կոչուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի  պետական եւ տարածաշրջանային յանձնախումբերը:

«Հայաստան» հիմնադրամը հիմնովին կը ծառայէ հայրենաշինութեան նպատակին: Թիրախային առաջնային գօտիներ ընտրուած են Արցախն ու սահմանամերձ շրջանները, եւ հսկայական աշխատանք իրականացած է ճանապարհաշինութեան, դպրոցաշինութեան, եւ ենթակառոյցներու տարբեր ոլորտներու շինարարական առումով:

Դրամական հանգանակութենէն անկախ «Հայաստան» հիմնադրամը հայրենաշինութեան նուիրական առաջադրանքին յաջողած է լծել համայն հայութիւնը:

Լիբանանահայութիւնը ահաւասիկ տասը տարիէ ի վեր իր գործնական մասնակցութիւնը կը բերէ «Հայաստան» հիմնադրամի կեդրոնական հոգաբարձութեան ճշդած նպատակային աշխատանքներուն: Ո՛չ ապահովական պայմանները, ո՛չ տնտեսական դժուարութիւնները եւ ո՛չ ալ քաղաքական վերիվայրումներով յառաջացած անորոշութիւնը կրցած են պատճառ դառնալ, որ լիբանանահայութիւնը նուազագոյն նահանջ արձանագրէ իր գիտակցական պարտաւորութեան մէջ:

Աշակերտական միջավայրերէն մինչեւ տարեցներ, արհեստաւորներէն մինչեւ գործարար շրջանակներ ու տակաւին կուսակցական, յարանուանական եւ միութենական բոլոր շրջանակները անխտիր ոգի ի բռին ձգտած են հերթական տարի ապահովուած նախորդ արդիւնքը գերակատարելու:

Այս ձգտումն է, նշաձողը բարձրացնելու այս ինքնամղումը, որ կանգուն կը շարունակէ պահել լիբանանահայութեան մասնակցութեան ոգին. մանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի հայրենաշինարարական աշխատանքին: Մարմարաշէնի գիւղի ջրամատակարարում, Մատաղիս գիւղի մանկապարտէզի նորոգութիւն, Նոյեմբերեանի հիւանդանոցի նորոգութիւն, Մեծ Շէն գիւղի համայնքային կեդրոնի կառուցում, Սարգսաշէն գիւղի ջրամատակարարում, Խաչմաչ գիւղի համայնքային կեդրոնի կառուցում եւ Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի կառուցում, առանց մոռնալու սուրիահայ եւ լիբանանահայ վարժարաններուն յատկացուած օժանդակութիւնը: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի մարմինի նկատառելի աշխատանքային այս հանրագումարը այս տարի կը համալրուի «Մեր տունը» ծրագիրին մասնակցութեամբ:

Այս անգամ թեման, խորագիրը եւ նպատակը «Մեր տունն» է: Արցախահայութեան մօտ բազմազաւակութեան երեւոյթը քաջալերելու կոչուած այս ծրագիրը, իր տեսքով ընկերային-տնտեսական բնոյթ ունենալով հանդերձ, ըստ էութեան ռազմավարական հսկայական նշանակութիւն ունի:

Խնդիրը ուղղակիօրէն կապուած է ժողովրդագրական պատկերին կայացման հրամայականին հետ: Ճիշդ է, որ ապահով երդիքի տրամադրումով բազմանդամ ընտանիքներու կենցաղային նուազագոյն պայմանները կը լուծուին, միաժամանակ սակայն կը քաջալերուի բազմազաւակութիւնը եւ ատով իսկ նպաստ կ՛ապահովուի Արցախի ժողովրդագրական պատկերի կայացման: Արցախահայութեան աճը ինքնին կը նպաստէ բանակցութիւններուն ընթացքին հայկական կողմին առաւելներ ապահովելով:

Տարածքները կ՛իմաստաւորուին բնակելիութեամբ: Բնակելիութիւնը ինքնին քաղաքական յաղթաթուղթ է հակամարտութեան բանակցային գործընթացին արդար դատ պաշտպանող կողմին համար: Նաեւ միջազգային ընտանիքին համար ժողովրդավար կարգերու յարգման համար որեւէ հանրաքուէի մասնակցութեան թիւը, կամ տուեալ պահու ինքնորոշումը պայմանաւորուած է տարածքին վրայ ապրող մարդոցմով:

Բազմազաւակութիւնը բնակեցում է: Բնակեցումը իր կարգին քաղաքական յաղթաթուղթ է, ազատագրուածը իմաստաւորելու ամէնէն հիմնական միջոցը:

Շինենք տունը. այցելենք տնեցիներուն: Ինչու չէ ունենանք նաեւ սեփական տուն: ՄԵՐ ՏՈՒՆԸ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>