Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

« Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմինի Դրամահաւաքի 10-Ամեակ

$
0
0

Our-Home1_112615

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր մարմինը յաջորդական տասներորդ տարին ըլլալով կը կազմակերպէ իր աւանդական ռատիոթոնը: Այս առիթով կը ներկայացնենք անցնող բոլոր տարիներուն իրագործուած ծրագիրները:

Our-Home-6_112615

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը 1992-էն ի վեր իր շուրջ կը համախմբէ համայն հայ ժողովուրդի զաւակները, որպէսզի անոնք միասնաբար իրենց ջանքերը ուղղեն Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն զարգացման: Նոյն տարիէն սկսեալ, Լիբանանի մէջ հիմնադրամը համապատասխան մարմինին ճամբով կը նպաստէ հայրենակերտման այս գործին: Լիբանանի մէջ հիմնադրամի գործունէութեան առաջին տարիներուն կարելի եղած է աջակցիլ 1988-ի երկրաշարժի աղէտեալ գօտիին մէջ բնակելի շէնքերու կառուցման աշխատանքներուն, իսկ աւելի ուշ` 1999-2004 տարիներուն, հիմնադրամին ճամբով լիբանանահայութիւնը  մեծապէս նպաստեց Հայաստանը Արցախին կապող գլխաւոր ճանապարհի` Գորիս – Ստեփանակերտ մայրուղիի շինութեան, ապա` Արցախի Հիւսիս-Հարաւ մայրուղիի կառուցման:

2005-ին, հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդին որոշումով, հաստատուեցաւ շրջաններու զարգացման «Արցախի վերածնունդ» ծրագիրը, եւ ճանապարհաշինութենէն ետք հիմնադրամի գործունէութեան մէջ նոր էջ մը բացուեցաւ: Հիմնադրամը ստանձնեց նաեւ համայնքային զարգացման ծրագիրներ` պատերազմին իբրեւ հետեւանք մեծ վնասներ կրած Արցախի Մարտակերտի եւ Հատրութի շրջաններուն մէջ կառուցելով ու վերակառուցելով դպրոցներ, բժշկական հաստատութիւններ, ջրամատակարարման ու կազամատակարարման ենթակառոյցներ եւ այլն: Որդեգրուեցաւ նաեւ «Սահմանամերձ գիւղերու բարգաւաճման» ծրագիրը:

Մարմարաշէն Գիւղի Ջրամատակարարում

marmarashen-2_112615marmarashen_1126152005-ի առաջին ռատիոթոնին Արարատի մարզի Մարմարաշէն գիւղի նոր թաղամասին ջրամատակարարման ցանցին կառուցման համար, լիբանանահայութեան ջանքերով հանգանակուեցաւ 117.920 տոլարի գումար մը, որուն 63.532 տոլարը յատկացուեցաւ այդ ծրագիրի իրագործման, իսկ մնացեալ գումարը պահ դրուեցաւ այլ ծրագիրներու իրագործման համար: Իսկ 2006-ին Իսրայէլի շղթայազերծած Յուլիսեան պատերազմին պատճառով Լիբանանի մէջ չկատարուեցաւ տարեկան դրամահաւաքը:

Մատաղիս Գիւղի Մանկապարտէզի Նորոգութիւն

P5290007

2007 տարուան դրամահաւաքին համար ընտրուեցաւ Արցախի Մարտակերտ մարզի Մատաղիս գիւղի մանկապարտէզի նորոգութեան եւ կահաւորման ծրագիրը` տրուած ըլլալով, որ յետպատերազմեան այս տարուան ընթացքին Լիբանանը կը պարզէր ապահովական եւ քաղաքական ոչ նպաստաւոր վիճակ: Որոշուեցաւ սոյն թուականի ռատիոթոնը կազմակերպել խորհրդանշական ձեւով` միայն երեք ժամ, որուն ընթացքին հաւաքուեցաւ 44.153 տոլարի գումար մը, որ ամբողջութեամբ յատկացուեցաւ այս ծրագիրին իրագործման համար, տարուան հանգանակուած այս գումարին կողքին, յատկացուեցաւ նախորդ տարուան հանգանակուած գումարէն եւ ծրագիրի իրագործումը իրականացաւ 62.900 տոլարով:

Նոյեմբերեանի Հիւանդանոցի Նորոգութիւն

2008-ի դրամահաւաքին թիրախն էր Տաւուշի մարզի Նոյեմբերեան քաղաքի հիւանդանոցի ամբողջական նորոգութեան մասնակցութիւնը` Գերմանիոյ եւ Զուիցերիոյ մարմիններուն կողքին:

Հաւաքուեցաւ 210.051 տոլարի գումար մը, որուն 200.000 տոլարը յատկացուեցաւ Տաւուշի մարզի Նոյեմբերեան քաղաքի հիւանդանոցի ամբողջական նորոգութեան: Այս գումարին 100.000 տոլարը նուիրատուութիւնն էր Լիբանանի օրուան վարչապետ Սաատ Հարիրիին:

Մեծ Շէն Գիւղի Համայնքային Կեդրոնի Կառուցում

medz-shen-7_112615

2009 տարուան ծրագիրն էր Շուշիի Մեծ Շէն գիւղի համայնքային կեդրոնի կառուցումը, որուն համար հաւաքուեցաւ 194.753 տոլարի գումար մը, որուն 100.000 տոլարը նոյնպէս վարչապետ Սաատ Հարիրիին նուիրատուութիւնն էր, որ յատկացուեցաւ 2009-ին Սիւնիքի մարզի Գորիս քաղաքի «Զանգեզուր» սրտաբանական կեդրոնի կառուցման: Իսկ Մեծ Շէնի համայնքային կեդրոնի կառուցման համար ուղարկուեցաւ 76.000 տոլար:

Սարգսաշէն Գիւղի Ջրամատակարարում»

sarksashen-3_112615sarksashen_1126152010 թուականին կարելի եղաւ հանգանակել 141.012 տոլար` ի նպաստ Արցախի Մարտունի մարզի Սարգսաշէն գիւղի ջրամատակարարման ցանցի կառուցման: Իսկ 2011-ին մարմինը որդեգրեց Արցախի Մարտունի մարզի Աշան գիւղի ջրամատակարարման ծրագիրի իրագործումը, որուն համար կարելի եղաւ գոյացնել 150.000 տոլար:

Օժանդակութիւն Սուրիահայութեան Եւ
Լիբանանահայ Վարժարաններուն
Խաչմաչ Գիւղի Համայնքային Կեդրոնի Կառուցում

khachmach-3_112615

2012-ին Հիմնադրամի տարեկան համահայկական դրամահաւաքին հասոյթը պիտի տրամադրուէր Արցախի սահմանամերձ գիւղերու համայնքային կեդրոններու կառուցման ծրագիրին, ինչպէս նաեւ սուրիահայութեան` նկատի առնելով սուրիական տագնապն ու սուրիահայութեան բազմազան կարիքները: Արդարեւ, մարմինը իր  դրամահաւաքին գոյացած 108.000 տոլարին 100.000-ը յատկացուց սուրիահայութեան:

Մարմինը իր մօտ պահ դրուած գումարները աւելցուց մնացեալ գումարին վրայ եւ յաւելեալ 50.000 տոլար յատկացուց Արցախի սահմանամերձ գիւղերու համայնքային կեդրոններու կառուցման ծրագիրին` մասնակցելով Ասկերանի շրջանի Խաչմաչ գիւղի համայնքային կեդրոնի կառուցման ծախսերուն, իսկ 28.000 տոլարի գումար մըն ալ յատկացուց լիբանանահայ կրթական հաստատութիւններու, որոնք ընդունած էին մեծ թիւով սուրիահայ աշակերտներ եւ ուսանողներ:

«Վարդենիս-Մարտակերտ» Մայրուղիի Կառուցում 

vartenis-martakert-3_112615vardenis-mardagerd-2_1126152013 եւ 2014 թուականներուն «Դէպի Արցախ» կարգախօսով կազմակերպուած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի դրամահաւաքներուն հասոյթները յատկացուեցան Հայաստանը Արցախին կապող ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող «Վարդենիս- Մարտակերտ» մայրուղիի կառուցման: Սոյն նպատակին համար լիբանանահայութիւնը 2013-ին հանգանակեց 80.352 տոլար, իսկ 2014-ին` 74.371 տոլար: Արդարեւ այս մայրուղիի կառուցման համար լիբանանահայութեան կողմէ ուղարկուեցաւ 150,000 տոլար:

Այսպէս, լիբանանահայութեան շնորհիւ անցնող տարիներուն ընթացքին հաւաքուած է շուրջ 1 միլիոն 43 հազար ամերիկեան տոլար:

Իսկ անցնող 23 տարիներու գործունէութեան ընթացքին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը մշակած եւ ձեռնարկած է բազմազան ծրագիրներ` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:

Հիմնադրամի հանգանակուած գումարներով կառուցուած է`

– Աւելի քան 489 քմ ճանապարհ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:
– 517 քմ ջրագիծ ու ջրամատակարարման համակարգ:
– 144 քմ կազատար:
– 70 քմ ելեկտրական հոսանքի գիծ:

Կառուցուած, վերակառուցուած եւ կամ կահաւորուած է`

– 334 դպրոց ու մանկապարտէզ:
– 424 տուն ու բնակարան:
– 70 առողջապահական հաստատութիւն:
– 53 մարզական ու մշակութային կեդրոն: Իրականացուած է աւելի քան`
– 159 կրթական, մշակութային եւ գիտական ծրագիր:

Աւելի՛ն, այսօրուան դրութեամբ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իրագործուած ծրագիրներու ընդհանուր գումարը կը կազմէ աւելի քան 235.800.000 ամերիկեան տոլար:

 

Ռատիոթոն 2015
Դրամահաւաքի Կեդրոններ

Պուրճ Համուտ`
– «Վանայ Ձայն», «Շաղզոյեան» կեդրոն, 01 / 267657 -01 / 241199
– Համազգայինի գրախանութ, «Շաղզոյեան» կեդրոն, 01 / 241263  -01 / 241264
– ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, 01 / 265359  -01 / 253793

Պէյրութ`
– Հայկազեան համալսարան, 01 / 349230

Ժըմմէյզի`
– Թէքէեան մշակութային կեդրոն, 01 / 566709

Մար Մըխայէլ`
– «Արարատ» օրաթերթի խմբագրատուն, 01 / 565599

Զալքա`
– Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւն, 04 / 710736  -04 / 710737

Տըպպայէ`
– ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն, 04 / 523043

Այնճար`
– «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոն, 08 / 620319

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>