ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ
Հերոսական Արցախը հոգեկան անքակտելի կամուրջով կապուած է բոլոր հայերուն հետ եւ ազգային տեսլականներու եւ ակնկալութիւններու հարազատ հայելին է:
Արցախը համայն հայութեան ներշնչման աղբիւրը կը հանդիսանայ:
Այսօր աշխարհի հայերու սրտին մէջ կ’արտացոլայ արցախեան հայրենիքի վիշտը, քանի Ազրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգը, անտեսելով 1994-1995 ստորագրուած եռակողմ համաձայնագիրը, կը խախտէ ՄԱԿ-ի, Եւրոպական միութեան, Եւրոպայի խորհուրդի, Մինսքի խմբակի համանախագահներու եւ միջազգային բազում կազմակերպութիւններու խաղաղասիրական բանաձեւերը, որոնք հիմնուած են միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներու վրայ, եւ կը շղթայազերծէ լայնածաւալ սպառազինութեամբ յարձակումներ:
Աւելի՛ն. իբրեւ հիմնական զէնք` կը գործածէ քաղաքական ապատեղեկատուութիւնը, նենգամիտ ու անօրինական քարոզչութեամբ պղտոր ջուր հասցնելով համաշխարհային զանգուածային լրատուական միջոցներու ջաղացքին:
Անառարկելիօրէն Արցախը կը պատկանի հայ ժողովուրդին: Արցախը հարազատօրէն կ՛արտայայտէ հայութեան սեփական նկարագիրը, հնադարեան պատմութիւնը, տարածքային աշխարհագրութիւնը: Կասկած չկայ, որ այդ տարածքը կը պատկանի եւ պէտք է վերադարձուի իր պատմական աշխարհագրական սահմաններու իրաւատիրոջ:
Մենք մեր ազգային արմատները պիտի չկորսնցնենք: Մենք կը մարմնաւորենք մեր հարազատ արմատները:
Հայ ժողովուրդը իր տեւական գոյապայքարով կեանքով մահը յաղթած մեր անձնազոհ հերոսներուն հանդէպ հպարտութիւն ու բացառիկ յարգանք կը տածէ:
Ո՛չ մէկ զիջում արցախեան հարցով: Ա՛յս պէտք է ըլլայ մեր վերջնական յաղթանակին գրաւականը:
Բացառուած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ ապահովութեան գօտի հանդիսացող հողերու յանձնումը Ազրպէյճանին:
Բացառուած է միջազգային խաղաղապահներու տեղադրման պայմաններու ծրագիրը` հակամարտութեան սահմանային երկայնքին:
Անհրաժեշտ է օր առաջ ճանաչումը Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ու պաշտօնականացման:
Անհրաժեշտ է անմիջականօրէն դադրեցնել Ռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանի բանակին սպառազինութիւնը:
Հրամայականօրէն ստիպողական է, որ Թուրքիա հեռացուի կովկասեան տարածաշրջանի յայտնի թէ մոլորեցնող քաղաքական, դիւանագիտական, ռազմական ու ահաբեկչական որեւէ կողմնակալ միջամտութենէ:
Յստակ թո՛ղ ըլլայ բոլորին. Արցախը որեւէ զիջում պիտի չընէ:
Հայկական կողմին դիրքորոշումը յստակ է ու բացայայտ, ինչ կը վերաբերի բանակցութիւններու վերսկսման հարցին: Ներկայի տուեալներու լոյսին տակ բանակցութիւններու վերսկսումը փաստօրէն անկարելի է:
Արցախը այսօր վիրաւորուած է: Հայութիւնն ալ վիրաւորուած է, որովհետեւ արցախեան հողը մեր ազգային ծագումի անառարկելի վկայութիւնն է, մեր քաղաքական գոյութեան պարունակն ու տեսլականն է, որ կրնայ լուծուիլ միա՛յն Արցախի միջազգային ճանաչման պաշտօնական գործընթացով:
Արցախը համայն հայու զաւակները մէկ ամբողջական ընտանիքի վերածեց:
Հայութիւնը պէտք է վճռակամօրէն ներդաշնակուի իր ապրած ներկայի` արցախեան այս գաղափարին հետ:
Մեր նորօրեայ հերոսները երեւակայական դէմքեր չեն. իրակա՛ն դէմքեր են, ինչպէս իրական համոզում ու ապրում է Արցախը բոլոր հայերու սրտին մէջ: Արցախը մեր համահայկական անձկութեան պոռթկացող արտայայտութիւնն է:
Իրական հայրենասէր աստուածամարտիկները կը կռուին մանաւանդ Արդարութեան համար, եւ եթէ այս պատերազմը արդար է, մենք վերջնականապէս պիտի տիրանանք յաղթանակին:
Արցախի անկախութիւնը անիրագործելի երազ մը չէ: Սակայն անկախութիւնը տեւական պայքար կը պահանջէ, նոյնիսկ եթէ այս պայքարին մէջ առանձին ենք, ինչպէս առանձին էինք մեր պատմութեան ընթացքին:
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Առանց բառերը ծամծմելու` կը դիմուի մեզի: Խօսինք իրապաշտօրէն: Արցախը պէտք ունի մարդասիրական օգնութենէն աւելիին, մեր բոլորին անմիջական ու արագօրէն կազմակերպուած աջակցութեամբ, իր մահու-կենաց դիմադրութիւնը ամրապնդելու համար: Մենք չենք խօսիր մահուան համար, այլ կը խօսինք կեանքի մասին: Շարունակութիւն ունեցող կեանքի մասին: Կեանքի, որ կեանք կը ստեղծէ, որ կեանք կը տեւականացնէ:
Այսօր խօսքը չ’ուղղուիր միայն մեծահարուստին, կամ նուազ հարուստին, այլ` բոլորի՛ն անխտիր, որովհետեւ բոլորին անսակարկ ու բոլորանուէր մասնակցութեամբ կարելի կ’ըլլայ հասնիլ վերջնական նպատակին:
Հայաստան-Արցախ-սփիւռք բարոյահոգեբանական համակարգի միաձուլուած եռամիասնութիւնը գերագոյն արժէք է բոլորիս համար` ազատ, անկախ եւ հզօր պետականութիւն ստեղծելու համար:
Հայրենասիրութիւնը խօսքով չ’ըլլար, այլ` գործո՛վ: Յաղթանակին բեռը թեթեւ չէ, ընդհակառա՛կը, շատ ծանր է:
Մեր այսօրուան նախապատուութիւնը Արցախն է: Կառուցենք ապագայ մը, որուն արժանի ըլլանք:
Արցախի ժողովուրդը պէտք է ապրի ու պիտի ապրի՛: