Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Խմբագրական «Գանձասար»3ի Մայիս Բ. Վստահելով Մե՛ր Սեփական Ուժերուն

$
0
0

artsakh-5-5-2016

Շուշիի ազատագրման յաղթանակը, Արցախի անկախութեան 25Էամեայ երթն ու Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ապրիլեան քառօրեայ վիժած պատերազմը անգամ մը եւս հաստատեցին, որ մեր ժողովուրդը իր սեփական ուժերուն վստահելով` կրնայ շրջել բռնապետներուն կողմէ պարտադրուած իրողութիւններն ու նուաճել ազատ, անկախ ապրելու եւ միջազգային ընտանիքին մէջ արժանավայել տեղ գրաւելու իր իրաւունքը:

Արցախի մէջ մարտնչող մեր հերոսները, հայաստանեան եւ համայն հայութեան զօրակցութեամբ, պարտութեան մատնեցին Ազրպէյճանը, որովհետեւ կը մարտնչէին իրաւունքի համար, հայրենի հողի համար: Հակառակորդը, սակայն, վարձկան ծայրայեղ մարդասպաններ առաջ մղելով, զինուորական գերարդիական սարքերով կը յարձակէր պատմական մեր հայրենիքի մէկ հատուածին տիրելու ծաւալապաշտ մղումով:

Արցախեան ազատամարտի մեր հերոսներուն սխրանքները անգամ մը եւս հաստատեցին, որ յաղթանակները պայմանաւորուած չեն ըլլար սոսկ ռազմամթերքի կամ զինուժի գերազանցութեամբ, այլեւ` մարտական ոգիի առկայութեամբ, արդար իրաւունքի, հայրենի հողի համար պայքարելու հաւատքով ու վճռակամութեամբ:

Արցախեան գոյամարտի ճակատագրական այս օրերուն, երբ թշնամին կը շարունակէ ծաւալապաշտ իր նկրտումներով սպառնալ մեր ժողովուրդին ու պարտութեան բարդոյթով տարուած` կը փորձէ տապալել բանակցային գործընթացը` գէթ զիջումներ խլելու յոյսով, հայկական կողմը զինուորական թէ քաղաքական համարժէք պատասխան տալու հրամայականին դէմ յանդիման կը կանգնի:

Զինուորական առումով Արցախի բանակը վճռական է` պահպանելու հայոց հողն ու սրբութիւնները:

Արցախի սահմանները պաշտպանող հայ զինուորին նեցուկ կանգնելու համասփիւռքեան  ներուժի զօրաշարժի ենթարկումը աւելի քան անհրաժեշտ է այս օրերուն:

Քաղաքական առումով Արցախի միջազգային ճանաչման ուղղուած ջանքերը նոր թափ ու ծաւալ կը ստանան:

Այս ծիրէն ներս Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Հայ դատի գրասենեակները որոշակի ճամբայ հարթած  են արդէն:

Այնուամենայնիւ, հասունցած է Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Արցախի Հանրապետութեան պաշտօնական ճանաչման պահը, որովհետեւ Ազրպէյճանի կողմէ յարձակումներու ծաւալումն ու զինադադարի շարունակական խախտումը  ամլութեան կը մատնեն Արցախի բանակցային գործընթացը, որուն տարիներ շարունակ հաւատարիմ մնաց հայկական կողմը:

Ազրպէյճան ոչ միայն չի յարգեր իր խոստումները եւ կը խախտէ բանակցութիւններու ձեւաչափը, այլեւ բանակցային գործընթացը կը փոխարինէ պատերազմով:

Ռազմաքաղաքական ներկայ իրավիճակի լոյսին տակ, Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Արցախի անկախ հանրապետութեան պաշտօնական ճանաչման քննարկումները պայմանաւորուած են տագնապի զարգացումներով եւ հարցը կը տեղափոխեն քաղաքական նոր հարթութիւն:

Հայկական կողմը անգամ մը եւս կոչուած է ի՛ր ջանքերուն վստահելով` յառաջ մղելու արցախեան տագնապի հանգուցալուծումը:

Զ. Պ.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>