Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ
Միջդպրոցական մրցանքները կարեւոր են եւ օգտակար: Անոնք կը յայտնաբերեն շնորհալի նոր դէմքեր, որոնք յարատեւելու եւ իրենք զիրենք կատարելագործելու պարագային կրնան լաւ ապագայ խոստանալ մշակութային մեր կեանքին:
Այս իմաստով, վերջին տարիներուն միջդպրոցական մրցանքներուն յաճախ յայտնուած անուն մըն է Անժելինա Սարգիսեանը, որ ասմունքի եւ մենակատարութեան փայլուն կարողութիւններուն կողքին, կ’երգէ, կը պարէ եւ մնջախաղի վարպետ մըն է: Անժելինա Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցի շրջանաւարտներէն է: Ռոպերթ Առաքելեանի ղեկավարութեամբ, ան հանդէս եկած է չորս թատերախաղերու մէջ («Ոսկի խնձորը», «Սասունցի Դաւիթ», «Կարօտ», «Պեռնարտա Ալպայի տունը»): Ան մաս կազմած է նաեւ Վարդան Մկրտիչեանի «Բեմ 2000» թատերախումբի վերջին թատերախաղին («100 տարի ետք կամուրջին տակ»): Այժմ ան կ’օժանդակէ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի նորագոյն թատերախաղին աշխատանքներուն:
17-ամեայ Անժելինա Սարգիսեան շահած է Ազգային առաջնորդարանի միջվարժարանային ասմունքի մրցանքին առաջնութիւնը, նաեւ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հայագիտական մրցանքին ասմունքի եւ մենակատարութեան առաջնութեան տիտղոսները: Ապրիլին ան խլեց ՀԵՀՈՄ-ի «Տաղանդաւոր աշակերտը» մրցանքին մենակատարութեան առաջնութիւնը: Միաժամանակ ան կատարեց աշակերտական երկու բեմադրութիւն իր յաճախած վարժարանին` Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին մէջ: Մարտին Անժելինա բեմականացուց Յունաստանի պատմութիւնն ու մշակոյթը եւ տպաւորիչ պատկերներով զայն ներկայացուց իր քոլեճին բազմամշակութային օրուան ընթացքին, իսկ ամիս մը ետք ան գրեց եւ բեմադրեց Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Արդեօք կ’արժէ՞ր այս բոլորը…» 30 վայրկեաննոց թատերախաղը:
Անժելինա այժմ կը գործակցի պատկերասփիւռի Էլ.Պի.Սի. կայանին հետ եւ կը նկարահանէ «Ժումհուրիէթ նուն» ֆիլմաշարը, որուն մէջ հանդէս կու գայ գլխաւոր դերով, լիբանանցի հանրածանօթ դերասաններ` Եուսեֆ Հատտատի, Ռիթա Հարպի, Անթուանեթ Աքիքիի եւ այլոց շարքին: 2015-ի ամրան ան կարճ, սակայն ուշագրաւ դերով մը հանդէս եկաւ լիբանանեան «Ահմատ ու Քրիստինա» ֆիլմաշարին մէջ:
Անժելինա դերասանական եւ բեմադրական ասպարէզին մէջ կը խոստանայ փայլուն ապագայ: Կը մնայ, որ ան իր բնատուր կարողութիւնները եւ թատերական փորձառութիւնը հարստացնէ ակադեմական բարձրագոյն ուսումով` նորանոր նուաճումներ արձանագրելու եւ լիբանանահայ թէ լիբանանեան արուեստի երկնակամարին վրայ նոր աստղ մը դառնալու համար: