«Հայ Դպրոցը Մեր Ներկան Է
Ու Մանաւանդ` Մեր Ապագան»
Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի եւ Կրթական-հայագիտական բաժանմունքին կազմակերպած հայոց լեզուի ու գրականութեան, հայոց պատմութեան, մշակոյթի ու կրօնագիտական նիւթերու եւ ասմունքի մրցանքներու մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 15 մայիս 2016-ի կէսօրին: Վեհարանի ընդարձակ դահլիճը լեցուն էր խուռներամ բազմութեամբ: Հոն էին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններ, Խաչիկ Պապիկեանի դուստրերէն երկուքը, ազգայիններ, տնօրէններ, հայերէնաւանդ նիւթերու դասատուներ, աշակերտներ` իրենց ծնողներով: Ներկայ էին նաեւ դատական կազմերու անդամները: Յաւարտ Ս. պատարագի, Արամ Ա. վեհափառին ժամանումը խանդավառութեամբ եւ յոտնկայս դիմաւորուեցաւ ներկաներուն կողմէ:
Արամ Ա.ին նախագահութիւնը վայելող այս հանդիսութեան բացումը կատարեց կաթողիկոսութեան Կրթական-հայագիտական բաժանմունքի վարիչ Ժիրայր Դանիէլեան, որ իր խօսքին սկիզբը ոգեկոչելէ ետք բաժանմունքի նախկին վարիչ-տնօրէնին` հանգուցեալ Սարգիս Կիրակոսեանին յիշատակը, շեշտեց անհրաժեշտութիւնը այս մրցանքին, որ արդէն դարձած է տարեկան աւանդութիւն, եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն միջնակարգ եւ երկրորդական բոլոր վարժարանները:
Ապա Ժ. Դանիէլեան ըսաւ, որ 2015-2016 տարեշրջանի մրցանքին մասնակցած դպրոցներուն ընդհանուր թիւը 18 է, 5 միջնակարգ եւ 13` միջնակարգ ու երկրորդական: Տնօրէնութեանց կողմէ ներկայացուած թեկնածուներուն թիւը` 135: Ան բարձր գնահատեց դատական կազմերու անդամներուն բծախնդիր ու հետեւողական աշխատանքը:
Եզրափակելով` Ժ. Դանիէլեան ըսաւ. «Ստեղծուած մրցակցութեան առողջ ոգին ու անոնցմով փոխանցուող հայեցի եւ շինիչ մթնոլորտը կը թելադրեն բոլորիս` անպայմանօրէն շարունակել երթը, որոնելով արդի պայմաններուն հետ քայլ պահող նորարարութիւններ»:
Այնուհետեւ, Արամ Ա. կաթողիկոս նիւթական նուէրով, վահանիկներով եւ արժէքաւոր գիրքերով պարգեւատրեց «Խաչիկ Պապիկեան» մրցանքներուն արժանացած 36 աշակերտներ: Անկէ ետք ուղղեց իր եզրափակիչ պատգամը: Ան յայտնեց, որ մեր կեանքին մէջ այսօր մտահոգութիւն կայ մեր մշակոյթին եւ լեզուին նահանջին առնչուող: «Այս մտահոգութիւնը արդար է: Ահաւասիկ «Խաչիկ Պապիկեան» մրցանակի այս երեւոյթը պերճախօս վկայութիւն մըն է, որ մենք այդ նահանջը պիտի կասեցնենք մեր գործով, աշխատանքով ու նուիրումով եւ ոչ թէ խօսքով ու ճառերով: Սփիւռքեան պայմանները կը ստեղծեն այնպիսի մթնոլորտ մը, որ մեզ կը մղէ կամայ-ակամայ մեր հայկական արժէքներէն պարպուելու: Սակայն այս մտահոգիչ երեւոյթին դիմաց մենք պիտի չողբանք, չմտահոգուինք, չքննադատենք, չայպանենք միայն, այլ նման նախաձեռնութիւններու պիտի դիմենք, որպէսզի միասնաբար մեր կեանքին մէջ պարտադրուած այս նահանջին դէմ կարենանք կանգնիլ եւ մեր ժողովուրդի կեանքին մեր լեզուին, մշակութային արժէքներուն ներկայութիւնը դարձնել աւելի տիրական եւ կենսագործող` մեր դպրոցներէն սկսեալ մինչեւ ընտանիք ու հաւաքական կեանք», յիշեցուց Արամ Ա. կաթողիկոս:
Ան ողջունեց դպրոցներուն եւ աշակերտներուն մօտ առկայ մրցակցութիւնը, որ գնահատելի է, որովհետեւ հայոց լեզուի եւ հայ մշակոյթի մրցակցութիւն է: «Ուրախալի է, որ այս մրցակցութիւնը Լիբանանի մեր հայ դպրոցներուն միջեւ է, որովհետեւ հայ դպրոցը մեր ներկան է ու ապագան», շեշտեց ան:
Ուրախ էին եւ միաժամանակ յուզուած` բոլորը, յատկապէս աշակերտները, եւ հպարտ էին ու երջանիկ` ծնողները:
Ստորեւ կու տանք «Խաչիկ Պապիկեան» մրցանակակիրներուն անուանացանկը. հայոց լեզուի եւ գրականութեան մրցանք, միջնակարգ, առաջին` Գառնէշեան Նարօտ (Ազգ. Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարան), երկրորդ` Աքճեան Նանոր (Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճ), երրորդ` Սալորեան Անժելա (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ): Յիշատակութեան արժանի. առաջին` Պալաքեան Վանայ (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան), երկրորդ` Աւագեան Կալի (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ), երրորդ` Այնթապլեան Յասմիկ (Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարան, Այնճար): Երկրորդական բաժին. առաջին` Սարգիսեան Ռիթա (Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճ), երկրորդ` Սէրուժեան Նարօտ (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան), երրորդ` Աճեմեան Սարգիս սրկ. (դպրեվանք) եւ Յովսէփեան Սէրուժ (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան): Յիշատակութեան արժանի. առաջին` Իսկենտերեան Քրիստ (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ) եւ Սելլումեան Ժանօ սրկ. (դպրեվանք):
Հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի եւ կրօնի մրցանք. միջնակարգ. Արապաթլեան Գրիգոր (Դպրեվանք) երկրորդ` Էվինկիւլեան Ռուբէն (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ), երրորդ` Չափարեան Ալիսա (Ազգ. Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան): Յիշատակութեան արժանի. առաջին` Կիրիթլեան Կարօ (ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան միջնակարգ վարժարան): Երկրորդական բաժին. առաջին` Խաչատուրեան Արենի (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան), երկրորդ` Սէրայտարեան Սիլվի (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ), երրորդ` Տալգլըճեան Նորայր սրկ. (դպրեվանք) եւ Գուճանեան Մելիսա (Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճ): Յիշատակութեան արժանի. առաջին` Անտրեան Յակոբ Կիս. սրկ. (դպրեվանք) եւ Տումանեան Ցոլեր (Ազգ. Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան երկ. վարժարան):
Ասմունքի մրցանք. միջնակարգ. առաջին` Պապօղլեան Ալիք (Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան), երկրորդ` Խաչօ Սթիվըն (Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճ), երրորդ` Լալէեան Փեռլա (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ): Յիշատակութեան արժանի. առաջին` Փամփալեան Նուպար (դպրեվանք) եւ Պէրպէրեան Արտակ (Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարան, Այնճար), երկրորդ` Զարմէնեան Սարին (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան), երրորդ` Անտրեան Նշան (դպրեվանք):
Երկրորդական. առաջին` Սարգիսեան Անժելինա (Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճ) եւ Մարգարեան Աւօ (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ), երկրորդ` Պէրպէրեան Շաղիկ (Հայ աւետ. վրժ., Այնճար), երրորդ` Զաքարեան Համլիկ սրկ. (դպրեվանք) եւ Փանոսեան Վիքի (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ): Յիշատակութեան արժանի. առաջին` Անտոնեան Կարէն (Ազգ. Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան), երկրորդ` Եագուպեան Շահէ կիս. սրկ. (դպրեվանք):