Հայ աւետարանական եկեղեցիներու քրիստոնէական Ջանից միութեան նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, «Պաշտէ» ձայնասփիւռի կայանին հովանաւորութեամբ, շաբաթ 7 եւ կիրակի 8 մայիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Պէյթ Էլ Թապիպ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Նոր երգ» խումբին համերգը` «Ուրախութեան ձայն բարձրացուցէք» խորագիրով:
Վերապատուելի Ներսէս Պալապանեանի ջանքերով կազմուած եւ գոյատեւող այս խումբը ծնունդ առած է 1993-ին, ելոյթներ տուած է բազմաթիւ երկիրներու մէջ (Ֆրանսա, Սուրիա, Լիբանան, Հայաստան, Վրաստան, Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Գերմանիա, Զուիցերիա, Աւստրալիա, Իրան եւ Յունաստան)` հին ու նոր հայրենասիրական վերամշակումներ կատարելով եւ Քրիստոսի սիրոյ պատգամը փոխանցելով բոլորին:
Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած այս վերջին զոյգ ելոյթներուն ընթացքին հոգեւոր եւ հայրենասիրական երգերով ժողովուրդը ոգեշնչեցին` վեր. Ներսէս Պալապանեանը, վեր. Նշան Պագալեանը, Հուրի Տորա Աբադեանը, Ժիլպեր Յովսէփեանը, վեր. Հրակ Գարակէօզեանը, Առէն Տէյիրմենճեանը, Շահան Քիլաղպեանը, Կարին Հայտոսթեանը, Արեգ Գարակէօզեանը, որոնք տարբեր երկիրներէ համախմբուած էին Պէյրութի մէջ` իրենց երգով ու նուագով, խօսքով ու պատգամով Աստուծոյ սէրը փոխանցելու ներկաներուն, ամրապնդելու անոնց հաւատքը, զանոնք փոխադրելու հայրենի աշխարհ եւ մարդկային ամէնէն վեհ ու նուրբ զգացումներով ոգեւորելու զանոնք:
Այս առիթով իր սրտի խօսքը արտասանեց Միջին Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, որ ուրախութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ տուած վերջին ելոյթէն 10 տարի ետք «Նոր երգ»-ի վերադարձը Լիբանան, ինչ որ կարեւոր է յատկապէս այն առումով, որ խումբը իր երգացանկը արդէն բաւական հարստացուցած է, կատարած է ողջունելի վերամշակումներ, որոնց ընդմէջէն կարելի պիտի ըլլայ պատգամ ու խորհուրդ փոխանցել: Անդրադառնալով ներկայիս Միջին Արեւելքի մէջ տիրող խառնակ վիճակին` վեր. Մսըրլեան յոյս յայտնեց, որ մօտիկ ապագային լուսաւոր ուղին կը բացուի, եւ խաղաղութիւնը կը տիրէ յատկապէս միջինարեւելեան երկիրներուն մէջ, ուր այսօր տիրական է անարդարութիւնը, մարդկային տեսակաւոր մղձաւանջներ, տագնապները, դաժան պատերազմական վիճակը եւ այլն: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Նոր երգ» խումբին` մաղթելով յարատեւութիւն:
Երեկոյին ընթացքին «Նոր երգ»-ը հանդիսականներուն ներկայացուց հետեւեալ երգացանկը` «Ուրախ սրտով կը պաշտեմ քեզ», «Օրհնեալ երաշխիք», «Հիանալի շնորհք», «Կ՛ուզեմ երգել», «Ճնճղուկներն կը հսկէ», «Եկէ՜ք պաշտենք», «Ո՜հ, ինչ հրաշք», «Սրբութեան փափաքով», «Նոր կեանք», «Այ ֆորկիվ եու», «Հաւատքս չեմ մոռնար», «Կռունկ Հայաստանի», «Մարտիկի երգը», «Հայոց աշխարհ», «Ով բոլոր ազգեր», «Մի բառ ասա», «Յիսուս, քու կեանքդ անգին» եւ «Ուրախ սրտով կը պաշտենք քեզ»:
Տպաւորիչ էին Ժիլպեր Յովսէփեանի, վեր. Ներսէս Պալապանեանի եւ Հուրի Տորա Աբադեանի կողմէ կատարուած միջանկեալ զրոյցները ներկաներուն հետ, որոնց ընդմէջէն իւրաքանչիւրը իր կեանքի փորձառութենէն մեկնած` տուաւ վկայութիւններ, պատգամներ, լուսարձակի տակ առաւ հաւատքի ու հրաշքի զօրութիւնը, յոյս ներշնչեց, պատգամեց պայքարիլ առանց յուսահատելու, որովհետեւ իսկական հաւատքով ու անշէջ պայքարով կարելի է կերտել յաջողութիւններ, հասնիլ նոյնիսկ վերապրումի եւ շարունակել երթը խրոխտ քայլերով:
Անոնք իրենք խօսքերուն մէջ անդրադարձան Աստուծոյ եւ Քրիստոսի նկատմամբ հաւատքի կարեւորութեան, ողջունեցին Սուրիոյ պատերազմական ահաւոր վիճակի մէջ գոյատեւող սուրիահայերը, նաեւ` այն քեսապահայերը, որոնք այս համերգին ներկայ ըլլալու համար Լիբանան եկած էին, լուսարձակի տակ առին տակաւին Սուրիոյ մէջ ապրող սուրիահայութեան կառչածութիւնը իր ծննդավայրին, խօսեցան ազգին ու հայրենիքին վերաբերող տարբեր մարտահրաւէրներուն մասին` շեշտելով, որ այդ բոլորը կարելի է յաղթահարել հաւատքով, կամքով ու գործով: