Դժուար, սակայն քաղցր պարտականութիւն է հարազատի յիշատակին արտայայտուիլ, ակամայ մեր մտածումները կ՛երթան մեր մանկութեան ու պատանեկութեան օրերը` մեր մէջ թարմացնելով փայփայուած յիշատակներ, որոնք վայլեր էինք մեր հօրեղբօր տաքուկ գիրկը:
Հօրս անակնկալ մահը հարուածած էր մեր ընտանիքը, երբ տակաւին պատանի էի: Ճակատագիրի դաժան պայմաններուն պարտաւոր էինք համակերպիլ: Հօրեղբօրս ներկայութիւնը մասամբ պիտի ամոքէր մեր վիշտը եւ բնազդաբար իմ ապաւէնը եւ իր հայրական հոգատար նայուածքները պիտի ուղղէր իմ ուղեւորութիւնս:
Ընկեր Պօղոս Ադամեանը անդրանիկ զաւակն էր Մուսա Լերան ճակատամարտին մասնակցած եւ վիրաւորուած Մովսէս Ադամեանի: Ան հարազատ ու հաճելի զրուցակից էր ամէն ժամանակներուն: Որքան ետ երթայինք ժամանակին մէջ, այդքան պատմելիք նիւթեր ունէր` իր պատանի հասակին չարաճիճիութիւններէն մինչեւ հասուն հասակին փորձառութիւնը, որ ձեռք բերած էր իր կեանքի զանազան փուլերուն, որմէ զերծ չէր մնար իր ունեցած մարտական պատասխանատուութիւնը եւ աշխատանքը «Կայծակ» խումբին մէջ: Ըլլալով ընթերցասէր, կեանքին մէջ միշտ զգացած էր ուսման կարեւորութիւնը` քաջալերելով իր թոռները հետեւելու հայ գրականութեան եւ դառնալու հայոց լեզուի ուսուցիչ: «Ազդակ» օրաթերթը եղած էր իր ամէնօրեայ ընկերը, իր երկուորեակ եղբայրը, փաստ` երբ իր վերջին շունչը աւանդեց անկողինին մէջ, «Ազդակ»-ը իր բարձին վրան էր:
Հօրեղբօրս յիշատակին գրուած այս քանի մը տողերով մխիթարուած կը զգամ. մենք իր ֆիզիքական ներկայութեան առանձին չէինք, ինք անդարձ է, բայց մեզի համար միշտ կենդանի` շնորհիւ իր թողած անջնջելի յիշատակներուն:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ հօրեղբայր:
ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԱՆ ԱԴԱՄԵԱՆ