Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17104

Սուրէն Չէքիճեան (1943-2016)

$
0
0

Սուրէն-Չէքիճեան1_52116

Փոքր տարիքէն իր բազմակողմանի հետաքրքրութիւնը եւ տաղանդը, ընթերցասիրութիւնը, գիտութեան, արուեստի, արհեստի եւ գրականութեան ծարաւը մղեցին զինք կարդալու տան մէջ մօրս անգլերէն եւ հայերէն բոլոր գիրքերը, յաճախած դպրոցի` Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի գրադարանի բոլոր գիրքերը, ինչպէս նաեւ` ՀՅԴ «Ազատամարտ» ակումբի գրադարանի գիրքերուն կարեւոր մէկ մասը: Մտաւորական-արուեստասէր խառնուածքի կողքին, ան եղաւ աշխուժ ու կենսախինդ, հնարամիտ, փորձարկող, շինարար ու ստեղծագործող անձ մը: Պատանի տարիքին խոշոր գամեր շոգեկառքի գիծին վրայ դնելով` կը տափակցնէր եւ փոքր դանակներ կը շինէր: Անգամ մը լուցկիի գլուխի տաշոցները երկաթէ բարակ խողովակի մէջ լեցնելով եւ համապատասխան հաստութեամբ գամ մխրճելով` ստեղծեց ուժգին պայթուցիկ: Միւս կողմէ` չարքաշ ընկերներով, այն ժամանակ տակաւին չպարպուած Նահր գետին մէջ, սեղանի պատառաքաղով գորտ կ՛որսային կենսաբանութեան տարրալուծարանին համար:

Հետաքրքրութիւնը շարունակուեցաւ երաժշտութեան եւ ելեկտրոնային ասպարէզին մէջ` փորձարկելով ու շինելով երեք էլէքթրիք կիթառ, կիթառի ու երաժշտութեան բարձրախօսներ, մինչեւ իսկ շինեց ելեկտրոնային գիտական հետազօտութեան ճօճացոյց կազմած (oscilloscope): Ան եղաւ լիբանանահայ էսդրատային երաժշտութեան ռահվիրաներէն մէկը. կը նուագէր թաւջութակ եւ պաս կիթառ: Այս բոլորը` Էշրեֆիէի մեր վերնատան իր սենեակին մէջ, որ վերածուած էր աշխատանոցի, ճազ երաժշտութեան փորձավայրի եւ ընկերներու հաւաքավայրի: Տասնեակներով ընկերներ յաճախած են հոն` շատեր մնալով հաւատարիմ ընկերներ, որոնք 1967-ին իր Քանատա հաստատուելէն ետքն իսկ երկար ժամանակ կը շարունակէին այցելել մեր տունը: Յատկանշական էր, օրինակ, օտար երկիր աշխատող ընկերներէն մէկը, որ Պէյրութ վերադարձին օդակայանէն ուղղակի նախ եկաւ մեր մօտ®

Ահա՛ Սուրէնին ընկերասիրութեան տարողութեան ծիրը:

Սիրուած էր բոլորէն, ծառայասէրի համբաւ կերտած իր լայն շրջապատին մէջ, կարծես նախապատուութիւն կու տար ընկերներուն եւ բարեկամներուն հարցերուն, քան թէ իր: Նախքան Լիբանանէն  իր մեկնիլը` կը պաշտօնավարէր Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի կենսատարրաբանական (Biochemistry) ճիւղին մէջ, ուր հետագային ես ալ պաշտօնավարեցի եւ ընդունուեցայ առանց դժուարութեան` իր համբաւին շնորհիւ: Ամերիկեան համալսարանին եւ հիւանդանոցին մէջ, տասնեակներ` համեստ լողափի պաշտօնեաներէն մինչեւ բարձրագոյն բժշկապետներ, ուրախութեամբ կ՛ողջունէին զիս եւ կ՛ողջագուրուէին` կարծելով, որ ես Սուրէնն եմ… Շրջապատին կողմէ իր բացակայութիւնը զգալի դարձուցած էր:

Քանատայի մէջ Սուրէնը նախ վեց տարի աշխատեցաւ «Հոսփիթըլ ֆոր սիք չըլտրըն»

հիւանդանոցի տարրալուծարանին մէջ` միեւնոյն ժամանակ յաճախելով Թորոնթոյի Ռայըրսըն եւ Եորք համալսարանները` ուսանելով գրական, թատերական եւ շարժանկարի վերաբերեալ նիւթեր: 1973-ին երեք տարի աշխատեցաւ Սի.Պի.Սի. պետական հեռատեսիլի կայանին մէջ, ապա` «Արփի» հայ լեզուի ուսումնարան, որմէ ետք հիմնեց «Հայ Հորիզոն» հեռատեսիլի առաջին հայկական յայտագիրը, որ վարեց 17 տարիներ, մինչեւ հանգստեան կոչուիլը: Շրջան մը մաս կազմած է Թորոնթոյի ՀՅԴ մարմինին:

1967-ին Թորոնթոյի հայկական գաղութը փոքրաթիւ էր: Սեփական դպրոց ու եկեղեցի չունէին, մինչ ակումբը մարգագետինով շրջապատուած վարձովի սրահ մըն էր, եթէ չեմ սխալիր Աւենիւ Ռոտ-ի վրայ, ուր քեսապցի «հայրիկը» համով մածուն ալ կը պատրաստէր: Կարօտով կը յիշեր այդ պարզ օրերը:

Ընկերները կը վկայեն, որ Պէյրութի նման` այստեղ ալ իր տան դուռը միշտ բաց եղած էր իրենց համար, արժանանալով իր գուրգուրանքին իբրեւ «խոստովանահայր» ու իմաստուն խորհրդատու, եւ այս սահմանափակուած չէր միա՛յն իր հայ ընկերներով ու բարեկամներով: Իր տան հեռաձայնը գործի ժամերէն ետք գրեթէ հանգիստ չունէր, եւ ականատես եղած եմ նոյնիսկ կէս գիշերէն ետք ժամէ աւելի տեւող հեռաձայնողներու եւ այցելողներու: Իր ծառայասիրութիւնը նաեւ ֆիզիքական աշխատանք ալ կ՛ընդգրկէր` զանազան տեսակի ձրի նորոգութիւններ, շինարարական գործեր, կահ կարասիի փոխադրութիւն իր մեծ չափի ինքնաշարժով… եւ այլն:

Թորոնթոյի հայկական գաղութին ազգային, մշակութային զարգացման մէջ Սուրէնը կարեւոր ներդրում ունեցած է, յատկապէս` արուեստի բնագաւառին մէջ: Հեռատեսիլ, թատրոն, ֆիլմ, որոնք Թորոնթոյի ազգային կեանքի աշխուժութիւնը ապահովող եւ հայկական դիմագիծը պահպանող էական աշխատանքներ են, ուր Սուրէնին ներկայութիւնը եղած է կենսական: Իր հիմնած «ՀԱՅ ՀՈՐԻԶՈՆ» հեռատեսիլի յայտագիրը 17 տարի, օրինակելի կանոնաւորութեամբ, ամէն շաբաթ, գաղութին կենսունակութեան նպաստող եւ իրար շաղկապող ազդու միջոցը դարձած է: Նկարահանում, խմբագրում, նիւթերու ընտրութիւն, հարցազրոյցներ, հայրենական կեանքի արձագանգ` բոլորը կատարած է արհեստավարժի արժեչափերով: Իր հաւասարակշռուած բովանդակութեան համար կայանի լաւագոյն սփռուող յայտագիրներէն մէկը դարձած էր: Սուրէն իր իւրայատուկ զգայնութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ կրցած է «ՀԱՅ ՀՈՐԻԶՈՆ»-ի շուրջ հաւաքել յանձնառու երիտասարդներու խումբ մը, որոնց համար հեռատեսիլի յայտագիրը ծառայած է իրենց շնորհքներու զարգացման եւ հետագային տեղական կայաններու մէջ ապահովելու կարեւոր դիրքեր:

Հեղինակ է երեք գիրքերու (երկուքը` անտիպ), որոնց առաջինը` «Ամառնային անձրեւ», հրատարակուած է հովանաւորութեամբ Թորոնթոյի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Գլաձոր» մասնաճիւղին հիմնած «Յակոբ Կարապենց»-ի անուան հրատարակչական ֆոնտին կողմէ, 2001-ին: Վէպը կը ներկայացնէ Քանատա գաղթած հայ երիտասարդի մը կեանքը: Իրապաշտ, այժմէական ու էական նիւթ, որ սփիւռքահայ գրականութեան մէջ գրեթէ կը բացակայի: Երկրորդ վէպը` անտիպ` «Միջնարար», նմանապէս կը ներկայացնէ քանատահայուն կեանքը: Ունի նաեւ արձակ եւ բանաստեղծական գրութիւններ, գծած է իրապաշտ ու լուսանկարի նման մանրամասնութիւններով գեղանկարներ ու արուեստի այլ գործեր:

1980-ական թուականներէն սկսեալ չորս անգամ այցելած է Հայաստան: Առաջին այցելութեան` նկարահանած է իր 32 միլլիմեթր մասնագիտական տեսախցիկով «Արարատի ճամբան» վաւերագրական ժապաւէնը: Սուրէնին պատրաստած ֆիլմերէն եւ բեմադրած թատրոններէն քանի մը հատը արժանացած են քանատական մրցանակներու:

Սիրելի՛ Սուրէն, ամբողջ կեանքիդ ընթացքին մնացիր ազատ ու անկախ մտածող եւ խօսքի սահմաններէն անդին` գործնականին անցնող խիզախ անձը, որ դիմագրաւեց իր դէմ ցցուող բոլոր մարտահրաւէրները:

Եղար առաջնորդ եւ կենդանի օրինակ` մեր հոգեմտաւոր կեանքի կազմաւորման ու մնացիր սկզբունքներուդ հաւատարիմ` յաճախ արհամարհելով նիւթականը:

Անկեղծութիւնը, ազնիւ հոգին եւ պայծառ միտքը եղան քու նկարագրիդ անբաժան մասը ու դարձար ազգիդ, համայնքիդ ու շրջապատիդ ծառայող «զինուոր»:

Կեանքդ եղաւ բեղմնաւոր, բազմակողմանի եւ արդիւնաւէտ, իմաստալից եւ օրինակելի, որ սակայն յանկարծ կը դադրի, երբ տակաւին այնքա՜ն ընելիքներ ունէիր, սուգի մատնելով ընտանիքդ, բոլոր հարազատներդ ու բարեկամներդ:

Յիշատակդ անթառամ մնայ, սիրելի՛ եղբայր:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

16 մայիս 2016

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17104

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>