Երբ Թորոնթոյէն լուրը ստացայ, չուզեցի հաւատալ: Գառնիկը նոր տեղեկացուցած էր իմ եւ ընկերներուս շատ սիրելի ընկեր Սուրէն Չէքիճեանի մահուան մասին:
«Նոր Հայ Հորիզոն» հեռատեսիլի հիմնադիր եւ երկարամեայ տնօրէն, արուեստագէտ, բեմադրիչ եւ գրող ընկեր Սուրէնը մեզի ընկեր էր բառին բուն իմաստով` Ջիւանիի նկարագրած «բարի, գեղեցիկ, առաքինի», իսկապէս «հաստատակամ ու ճշմարիտ» ընկեր էր: Թէեւ մեզմէ տարիքով մեծ էր, բայց միշտ կ՛ոգեւորէր մեզ իր խրախուսիչ խօսքերով եւ լայնամիտ մօտեցումներով:
Ընկեր Սուրէնը շատերուս համար եղած է «մենթոր», միշտ կը քաջալերէր մեզ եւ մեր գործունէութիւնը, մանաւանդ` մամուլի մէջ մեր աշխատանքները: Անկարելի է չյիշել այն անմոռանալի տարիները, երբ անոր դրդումով եւ ղեկավարութեամբ սկսանք AYTV (Armenian Youth Television) երիտասարդական ծրագիրը: Ընկերներով յաճախ կը յիշենք այն երկար զրոյցները, զորս կ՛ունենայինք անոր տան ներքնասրահին մէջ` շրջապատուած իր հիանալի գեղանկարներով:
Լաւ կը յիշեմ, երբ քանի մը տարի առաջ Վարագին հետ միասնաբար այցելեցինք ընկեր Սուրէնին` հարցազրոյց մը ունենալու ՀՅԴ-ՔԵՄ-ի պաշտօնաթերթ` «Արծիւ» պարբերաթերթի համար: Անոր պատմութիւնները Թորոնթոյի իր ժամանումին (1967) մասին որքա՜ն հետաքրքրական ու յուզիչ էին: Որքա՜ն դժուարութիւններ դիմագրաւած էր ան այդ սկզբնական տարիներուն եւ երբեք չէր դժգոհեր, պատմելու ճիշդ ձեւը գիտէր: Այդ հանդիպումը մեծ ազդեցութիւն ձգած էր Վարագին ու իմ վրաս:
Թէեւ ան կը պատկանէր տարբեր սերունդի մը ու մեր միջեւ տարիքային մեծ տարբերութիւն կար, երբեք չէինք զգար որեւէ տարբերութիւն, երբ զրուցէինք իրեն հետ: Այնքան լայնամիտ էր ու յառաջադէմ իր մտածումներով, որքա՜ն երիտասարդ էին անոր սիրտը, միտքն ու հոգին:
«Դուք ձեր գիտցածը լաւ գիտէք. մտիկ մի՛ ընէք մեծերը… Դուք լաւ գիտէք»- յաճախ կ՛ըսէր ան` պնդելով, թէ երիտասարդութիւնը միայն ինք իր ուժերուն ու միտքերուն պէտք է վստահի` առանց ցուցմունք ստանալու իր պատկանած «հասուն» սերունդէն: Ան մեզի միշտ ամենայն լրջութեամբ կու տար այս խրատը:
Ընկեր Սուրէնը այս տեսակի ընկեր մըն էր ինծի համար:
Խրատդ լաւ լսեցինք, ընկե՛ր, ու պիտի շարունակենք գործել այն նոյն ձեւով` ապաւինելով մենք մեր ուժերուն, չուղղուելով ուրիշներու ցուցմունքներով:
Շնորհակալ եմ ու երախտապարտ` ձեր երիտասարդ սրտին, մտքին ու հոգիին համար: Լաւ գիտցէք, որ դուք մեր բոլորին` իմ եւ ընկերներուս մէջ կը մնաք ողջ ու առողջ, հիմա եւ միշտ:
Հողը թեթեւ գայ «մենթոր» ընկեր…
ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ
Ուաթըրթաուն ԱՄՆ
13 ապրիլ 2016
«Թորոնթոհայ», մայիս 2016